Մորիս Սարաֆեան՝ «Արշակ Տիգրանեան»ի Տասնամեակի Աշակերտը
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Յունիս 23ին կայացած ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսի ընթացքին, այս տարուան շրջանաւարտ Մորիս Սարաֆեան հռչակուեցաւ վարժարանին Տասնամեակի աշակերտը, նկատի ունենալով կրթական մարզէն ներս եւ արտադասարանային աշխատանքներու մէջ անոր ցուցաբերած արտակարգ ունակութիւնը:
Դասարանին բարձրագոյն միջինը (4.28) ապահովելու կողքին, Սարաֆեան այս տարերշրջանին ընթացքին տուած իր SAT քննութեանց ընթացքին ապահոված է 2010 կէտ, ինչպէս նաեւ ամբողջացնելով համալսարաննական մակարդակի շարք մը դասընթացքներ:
Իր այս իրոգործումներուն համար, Մորիս Սարաֆեան ընդունուած էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Պըրքլիի ու Ըրվայնի մասնաճիւղերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ, «Փեփըրտայն» ու «Լոյոլա Մերիմաուն»չ համալսարանէններուն, սակայն որոշեց յաճախել Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, ապահոված ըլլալով 80,000 տոլար կրթանպաստ: Ան պիտի մասնագիտանայ քաղաքական գիտութեանց ճիւղին մէջ:
Մորիս նաեւ մասնակցած է զանազան մրցանքներու եւ շքանշաններ շահած է Լոս Անճելըս գաւառի եւ «Ֆրենքլին Լու» գիտական մրցանքներու նման մրցումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ ջրագնդակի (water polo) անդամ էր խումբի մը, որ Ֆլորիտայի մէջ կայացած միջազգգային մրցաշարքէն յաղթանակ արձանագրելով, 16 տարիքը չբոլորած խաղացողներու աշխարհի ախոյեանի տիտողսին տիրացած էր: Մորիս նաեւ մնայուն ներկայութիւն եղած է վարժարանի մշակութային ու մարզական ձեռնարկներուն եւ եղած է վարժարանի երգչախումբին անդամ: 2010-2011 տարեշրջանին, ան նաեւ վարժարանին ուսանողական խորհուրդին նախագահը ընտրուած էր:







