ՔՀԳՄի Գրական Երեկոն՝ Օգոստոս 2ին
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան հերթական գրական երեկոն պիտի կայանայ սոյն թուականի Օգոստոս 2ին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ, 222 East Harvard Street։
Երեկոյի ընթացքին, զոր պիտի վարէ Միութեան նախագահ Շահէ Քէօրօղլեան, «Ազատ բեմ»ի տրամադրութեամբ, հեղինակներ պիտի ընթերցեն իրենց արձակ կամ չափաւոր ստեղծագործութիւններէն, ապա ներկաները առիթ պիտի ունենան իրենց ստացած տպաւորութիւններուն մասին արտայայտուելու։
Ժամը 5էն 6 տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն-ընկերային ժամ։ Իսկ 6-8՝ նշուած ծրագիրը։
Սիրով հրաւիրուած է գրասէր հանրութիւնը։
(Հաղորդագրութիւնը՝ ՔՀԳՄ Վարչութենէն)






