«Ջաւախքի Ճամբար»ներ՝ Ախալցխայի Եւ Ախալքալաքի Մէջ


26 Յուլիսին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ ընթացք առաւ «Ջաւախքի ճամբար» եօթնօրեայ ծրագիրը, որ կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներէն ժամանած եօթը երիտասարդներու կողմէ։ Անոնք մէկ շաբաթուան ընթացքին Ախալցխայի երիտասարդներուն ու պատանիներուն դասաւանդեցին հայոց պատմութիւն, հայրենասիրական երգեր, հայկական ժողովրդական պարեր, ձեռագործ եւ Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերուող նիւթեր:

Բոլոր դասընթացքներէն ետք տեղի ունեցան հետաքրքրական խաղեր, որոնց շնորհիւ երիտասարդներն ու պատանիները աւելի մեծ սիրով ու ոգեւորութեամբ կը մասնակցէին «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրին:

1 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ ճամբարի փակման արարողութիւնը՝ յատուկ հանդիսութեամբ մը, որուն ընթացքին ճամբարի մասնակից երիտասարդներն ու պատանիները իրենց ծնողներուն ներկայացուցին «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրին ընթացքին սորված պարերը, երգերը ու բանաստեղծութիւնները: Ճամբարի բոլոր մասնակիցները մեծ յուզումով բաժնուեցան իրարմէ, իսկ կազմակերպիչները խոստացան կրկին այցելել Ախալցխա՝ նոր ծրագիրներով:

«Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրը գործադրուեցաւ նաեւ Ախալքալաքի մէջ:

Leave a Reply