Թեհրան Սուրիոյ Մէջ Իրանցիներու Առեւանգումին Պատասխանատուն Կը Նկատէ Թուրքիան


ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի միջազգային հարցերով խորհրդատու Հուսէին Շէյխուլիսլամ Երկուշաբթի, Օգոստոս 6ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ անցնող շաբաթավերջին առեւանգուած 48 իրանցիներուն պատասխանատու կը համարէ Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբակներուն աջակցութիւն ցուցաբերող Թուրքիան, Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան:

Ան կրկնեց, թէ ընդդիմադիր խմբաւորումները կը մարզուին Թուրքիոյ մէջ, իսկ Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա նիւթապէս կ՛օժանդակեն անոնց: «Եթէ Անգարայէն եւ Տոհայէն կանաչ լոյս չտրուէր, այդ խմբաւորումները Իրանի քաղաքացիները առեւանգելու քաջութիւնը չէին ցուցաբերեր», յայտարարեց ան:

Յիշենք, որ Իրանի քաղաքացիները ձերբակալուած էին Դամասկոսի օդակայանի ճամբուն վրայ:

Միւս կողմէ՝ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Սուրիական ազատ բանակը յայտարարած է, որ Դամասկոսի մէջ առեւանգուած 48 իրանցի ուխտաւորները իրականութեան մէջ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ են: Սակայն սուրիական ընդդիմութեան մէկ անանուն պատասխանատուն, սիւննի ծայրայեղականներու «Ճունտուլլահ» կազմակերպութիւնը ամբաստանած է իրանցիները առեւանգելու յանցանքով՝ նշելով, թէ իրանցիները ուխտագնացներ են, այլ ոչ թէ զինուորներ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ՝ խնդրելով անկէ համագործակցիլ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իրանցի ուխտաւորները ազատ արձակելու համար: Աւելի ուշ Սալեհի յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Քաթար խոստացած են այդ ուղղութեամբ ջանք թափել:

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտի իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զինումը շրջանին համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ: Ան աւելցուց, որ շրջանը մեծ տագնապի մը ականատես պիտի դառնայ, եթէ օտար ուժեր Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարեն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ յայտնեց, որ Հիլըրի Քլինթըն այս շաբաթ Թուրքիա պիտի այցելէ Սուրիոյ շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:

Ապահովական գետնի վրայ, ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Դամասկոսի Թատամոն թաղամասը՝ մայրաքաղաքին մէջ ընդդիմադիրներու վերջին յենակէտը:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ սուրիական բանակը Հալէպ ուղարկած է իր լաւագոյն ստորաբաժանումներէն քսան հազար զինուոր: Իսկ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակը Հալէպի մէջ յառաջխաղացք արձանագրած է եւ մուտք գործած Սալահետտին թաղամասի թիւ 15 փողոցը: Սուրիական ապահովական աղբիւր մը յայտնեց, որ սուրիական բանակը իր ուժերը Հալէպի շուրջ տեղադրած է եւ քաղաքի թաղամասերը մաքրագործելու համար հրամանի կը սպասէ:

Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ Հալէպի Սուքքարի թաղամասին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են:

Քաղաքական գետինի վրայ՝ Սուրիոյ վարչապետ Ռիատ Հիճապ պաշտօնազրկուեցաւ եւ զայն ժամանակաւորապէս փոխարինեց Օմար Ղոլանճին:

Նաեւ, իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Հալէպի մէջ Երկուշաբթի օր ձերբակալած է սէուտցի եւ թուրք սպաներ, որոնք զինեալ ընդդիմադիրներու գործողութիւններուն կը հսկէին: Նոյն օրը, սուրիացի քիւրտեր, Թուրքիոյ հետ սահմանակից շրջաններուն մէջ 40 թուրքեր ձերբակալած են՝ ըստ «Հապերթիւրք»ի:

Իր կարգին, սէուտական «Օքազ» թերթը կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ սպաննուած «Հըզպալլա»ի 56 անդամներուն դիակները Լիբանան փոխադրուած են:

Վերջապէս, իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մոսատ»ի, նախկին ղեկավար Իֆրայիմ Հալեւի նշեց, որ Սուրիոյ տագնապը յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին պիտի վճռուի:

Leave a Reply