Առաջնորդ Տէրտէրեան Կը Մասնակցի ՀԲԸՄի 19րդ Համաշխարհային Խաղերու Բացման
ՀԲԸՄի 19րդ Համաշխարհային խաղերու մրցաշարքի բացումը՝ հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան եւ պատուակալ նախագահութեամբ Թրբանճեան ընտանիքին, տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յուլիս 29ի երեկոյեան, Փասատինայի քաղաքային քոլեճին մէջ: Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ներկայ գտնուեցաւ բացման հանդիսութեան եւ կատարեց բացման աղօթքը, ապա տուաւ իր պատգամը: Սրբազանը նաեւ ընթերցեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին յղած պատգամը:
Ապա երիտասարդներուն ուղղուած իր խօսքերով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄի 19րդ Համաշխարհային խաղերու մրցաշարքի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Շահէ Սէօյլէմէզեան, որուն յաջորդեց ՀԲԸՄի փոխնախագահ Սինան Սինանեանի պատգամը:
Մրցաշարքի եզրափակիչ՝ Յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Օգոստոս 4ի երեկոյեան:







