Քաղաքապետարանը Բնապահպանութեան Յանձնաժողով Կազմած Է


Մայրաքաղաքի կառուցապատման եւ կարեւորագոյն կառոյցներու նախագիծերու քննարկման հարցերուն առնչութեամբ Երեւանի քաղաքապետին մասնագիտական խորհրդատուութիւն ապահովելու նպատակով, Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ ստեղծուած է քաղաքապետին կից քաղաքաշինական խորհուրդի բնապահպանութեան յանձնաժողով:

Յանձնաժողովին մաս կը կազմեն 19 բնապահպանական բնոյթ ունեցող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ, քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու անդամներ:

Յանձնաժողովի առաջին նիստը վարած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան: Ողջունելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով յանձնաժողովի անդամներուն մասնակցութեան եւ համագործակցութեան պատրաստակամութեան համար՝ քաղաքապետն նշած է. «Երեւանը, լինելով զարգացող քաղաք, բնականաբար, ունի նաեւ իր խնդիրներն ու, ըստ այդմ, նաեւ դրանց հնարաւոր առաւել արդիւնաւէտ լուծումների անհրաժեշտութիւն: Իմ խորին համոզմամբ բնապահպանական յանձնաժողովի գլխաւոր նպատակը հէնց ճիշդ, արդիւնաւէտ եւ հասարակութեան բոլոր շերտերի համար ընդունելի լուծումներ ապահովելը պէտք է լինի: Որպէս Երեւանի քաղաքապետ՝ ձեզանից ակնկալում եմ սրտացաւ եւ հետեւողական աշխատանք, որի արդիւնքում համատեղ կը կարողանանք համապատասխան քայլեր ձեռնարկել մայրաքաղաքի բնապահպանական խնդիրների  լուծման ուղղութեամբ: Մէկ անգամ եւս վստահեցնում եմ, որ քաղաքաշինական խոշոր ծրագրերի նախագծերի քննարկման փուլում միանշանակ հաշուի է առնուելու նաեւ յանձնաժողովի եզրակացութիւնը»:

Յանձնաժողովի նախագահ Կարինէ Դանիէլեանի առաջարկով, պիտի ստեղծուին մասնագիտացած ենթախումբեր, որոնց կողմէ բազմակողմանի քննարկումներ կատարելէ ետք պիտի ձեւաւորուին եզրակացութիւններ՝ հիմնաւորեալ եւ ամբողջական։

Leave a Reply