Ըստ Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան՝ Թուրքիոյ Քիւրտերը Սուրիայէն Զէնքեր Կը Ստանան


ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահի ընդհանուր օգնական Էօմեր Չելիք յայտնեց, որ Թուրքիա հաստատ տեղեկութիւններ ունի, թէ սուրիական վարչակարգը անջատողական Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ծանր զէնքեր յանձնած է՝ «հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին եւ Քոպանի քաղաքները քիւրտերուն յանձնելու ընթացքին»:

Կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Չելիք, Ատանայի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, թէ Շեմտինլիի մէջ քիւրտերու գործած վերջին յարձակումը՝ իր ձեւով եւ բնոյթով, մինչեւ հիմա կատարուած յարձակումներէն տարբեր էր, «ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ յարձակումի ետին այլ կազմակերպութիւն մը կը կանգնի»:

Չելիք նաեւ նշած է, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ներկայիս կը ջանայ ինքզինք իբրեւ «արաբական գարնան» բնական շարունակութիւնը ցոյց տալ, որովհետեւ կ՛ուզէ օրինականութիւն շահիլ: Ան պնդած է, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ շրջանի ժողովուրդներու արդար պահանջներուն միջեւ որեւէ կապ չկայ՝ յայտնելով, որ նշեալ կուսակցութեան պահանջները՝ իրենց բնոյթով եւ ձեւով, շրջանի այլ բռնատէրերու պահանջներէն տարբեր չեն:

Նշենք, որ քիւրտ զինեալները 19 տարբեր կէտերէ համակարգուած յարձակում մը գործած էին թրքական տարբեր ստորաբաժանումներու վրայ՝ սպաննելով մօտաւորապէս 100 թուրք զինուոր:

Leave a Reply