ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ-Խեղճ Խաչակիր Լոլիկները


ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Արար աշխարհին իրենց բարիքները բաշխող, համով-հոտով լոլիկները այսօր կը մեղադրուին որպէս իրենց ներսիդին գաղտնի խաչ պահելուն համար: Ուրեմն՝ եթէ լոլիկը ջարդես եւ աղցանին մէջ դնես՝ չես տեսներ, բայց եթէ մէջտեղէն կիսես եւ յանկարծ խաչաձեւ միջուկը տեսնես… ահա հո՛ս է որ ռումբը կը պայթի:

«Ասպարէզ»ի Երեքշաբթի 26 Յունիս 2012ի թիւին մէջ հետաքրքրութեամբ կարդացի «Լոլիկը Քրիստոնէական Բանջարեղէն Կը Նկատուի» հակիրճ գրութիւնը՝ արաբերէն բացատրութեամբ եւ լոլիկի մը նկարով, որ իսկապէս կատարելալ խաչի մը կը նմանի:

Միտքերը թարմացնելու համար յիշեցնենք, թէ թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթը գրած է, որ «Իսլամական Ժողովրդական Ընկերակցութիւն» սալաֆական կազմակերպութիւնը, իսլամներուն կոչ կ՛ընէ հրաժարելու լոլիկէն՝ զայն «քրիստոնէական բանջարեղէն» որակելով: Կազմակերպութիւնը իր պնդումը կը հիմնաւորէ անով, որ երբ լոլիկը կիսուի, անոր մէջ կարելի է խաչ նշմարել:

Եգիպտոսէն գլորուած ու Թուրքիա հասած այս յոյժ կարեւոր պատգամը, եթէ գործադրութեան դրուի յանկարծ, «ի՞նչ պիտի ըլլայ Եգիպտոսի ու Թուրքիոյ մէջ արտադրուած լոլիկին ճակատագիրը իսլամական աշխարհէն ներս» հարցումիս, ամենագէտ եւ հնարամիտ կինս, միտքս հանգստացնելու համար պատասխանեց. «Ոչի՛նչ, բոլոր լոլիկներուն մէջը խաչաձեւ չէ, ընդհանրապէս այո՝ քառաթեւ է, սակայն նաեւ կան եռաթեւ, հնգաթեւ եւ մէջը նախշուն, զարդարուն լոլիկներ. եթէ իսլամ աշխարհը, մանաւանդ թուրքերը, չեն գիտեր այդքանը, ապա թող դադրեցնեն լոլիկ ուտելը, իրե՛նց որոշումն է»:

Այս բոլոր հարցերը պատճառ դարձան, որ լոլիկի մասին քիչ մը ուսումնասիրութիւն ընենք աջէն ու ձախէն, սակայն այդքան ալ դիւրին չեղաւ. մէյ մը որ մխրճուեցար հանրագիտարաններու մէջ, ալ պատմութիւնը երկար է: Լայն ծանօթութիւններ կան լոլիկի մասին, սկսեալ անոր ծագման երկիրներէն, մինչեւ դարերու ընթացքին անոր տարածումը արար աշխարհով… անոր տեսակները, որակներն ու չափերը կախում ունին հունտերու տեսակներէն, արտադրող երկիրներու կլիմայէն, եւլն:

Հետաքրքրականն այն է, թէ լոլիկի միջազգային արտադրութեան մէջ Եգիպտոս եւ Թուրքիա աշխարհի 5 մեծագոյն արտադրողներու կարգին են՝ ըստ 2010 միջազգային հաշուարկներուն, այսպէ՛ս. Եգիպտոս՝ տարեկան 8,544,990 միլիոն թոն, Թուրքիա՝ 10,052,00 միլիոն թոն, եւ յաջորդաբար՝ Հնդկաստան՝ 11,979,00, Միացեալ Նահանգներ՝ 12,902,00, իսկ աշխարհի մեծագոյն արտադրողն է Չինաստանը՝ 41,879,680 միլիոն թոն:

Լոլիկին հայրենիքը եղած է Հարաւային Ամերիկան, մասնաւորաբար՝ Փերուն, Պոլիվիան եւ Էքուատորը, ուրկէ լոլիկը տարածուած է դէպի Մեքսիքօ, ապա Հիւսիսային Ամերիկա, Եւրոպա ու արար աշխարհ:

Լոլիկը եղած է միամեայ բոյս եւ պատկանած է Մորմազգիներու ընտանիքին: Ծլելէն մինչեւ առաջին  պտուղներու հասունացումը կրնայ տեւել 90-125 օր՝ կախեալ տեսակէն, կլիմայական պայմաններէն եւ մշակման եղանակէն:

Տարբեր յատկութիւններով օժտուած այս բանջարեղէնը կը պարունակէ զանազան կենսանիւթեր, ինչպէս «A, B, C, PP» օրկանական թթուներ եւ «CA, NA, MG, FE» հանքային աղեր:

Լոլիկը Հայաստանի մէջ մշակուած է կլիմայական բոլոր գօտիներուն մէջ, սակայն անոր արդիւնաբերական մշակումը կեդրոնացած է հիմնականօրէն արարատեան դաշտավայրին շուրջ, ուր կը գտնուին նաեւ պահածոներու գործարաններ: Հակառակ մեր պրպտումներուն, չկրցանք իմանալ, թէ լոլիկը Հայաստան ե՞րբ մուտք գործած է եւ ի՞նչ ճամբով, այնուհանդերձ կը տեսնենք, թէ լոլիկը Պարսկաստան մուտք գործած է երկու ճամբայով. առաջինը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ճամբով, իսկ երկրորդը՝ Qajar արքայական ընտանիքին կողմէ, յաճախ Ֆրանսա այցելելու առիթներով: Սկզբնական շրջաններուն, լոլիկը Պարսկաստանի մէջ կոչուած է Armani badenjan, իսկ այժմ կը կոչուի Gojeh farangi:

Ուրիշ տեղ մը կը յիշուի, թէ Միջին Արեւելքի մէջ լոլիկի մշակումը ներկայացուած է Հալէպի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ այդ օրերու դեսպան Ճոն Պէյքըրի կողմէ. 18րդ դարուն լոլիկի սպառում գործադրուած է Հալէպի շրջանը միայն, ու անիկա ընդհանրապէս գործածուած է կերակուրներու համար:

Լոլիկը Եւրոպա բերուած է 16րդ դարու առաջին կէսերուն, եւ առաջին հերթին տարածուած է Սպանիոյ, Փորթուկալի եւ Իտալիոյ մէջ: Եւրոպացիները զայն սկզբնական շրջանին անուանած են Pommo Doro («Ոսկէ Խնձոր»), եւ մշակուած է որպէս զարդեղէն բոյս բուսաբանական պարտէզներու մէջ. 18րդ դարու վերջաւորութեան, անիկա ընդունուած է որպէս բանջարեղէնային բոյս ու շարունակուած է տարածուիլ դէպի Ֆրանսա, Դանիա, Անգլիա, Գերմանիա, ապա դէպի Միջին Արեւելքի արաբական երկիրները:

Ամերիկայի սպանական գաղութատիրութեան շրջաններուն, սպանացիները կը տարածեն լոլիկի մշակումը Քարիպեան կղզիներու սպանական բոլոր գաղութներուն մէջ, ու յաջորդաբար զայն կը հասցնեն Ֆիլիփին, ուրկէ եւ կը տարածուի հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ամբողջ ցամաքամասը:

Սպանացիները ապա լոլիկը կը տարածեն Եւրոպայի Միջերկրականի ծովեզերեայ շրջանները, ուր կլիման շատ նպաստաւոր եղած է լոլիկի արդիւնաբերութեան համար:

Leave a Reply