«Մեր Զինուորներուն Հետ» Արշաւը Յաջող Ձեռնարկ Մը Եւս Իրականացուց
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արցախի ազատամարտին վիրաւորուած հայ զինուորներուն օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով ծնունդ առած ՀԵԴի «Մեր զինուորներուն հետ» արշաւը յաջող ձեռնարկ մը եւս իրականացուց Ուրբաթ, Յուլիս 27ին, որ առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ յարգանքի տուրք մատուցելու Լիզպոնի գործողութեան հերոսներուն՝ գործողութեան 29րդ տարեդարձին առիթով:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պըրպենքի «Նոյեան Տապան» ճաշարանին մէջ, աջակցութեամբ ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկերներուն, համայնքի այլ ներկայացուցիչներու եւ ՀԵԴականներու:
ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան գործավար Սերուժ Աբրահամեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Արցախի ազատամարտիկներուն օժանդակելու այս արշաւը արդէն իսկ շօշափելի արդիւնքներ կու տայ, եւ դրուատեց արշաւին նեցուկ կանգնողները, յատկապէս՝ «Ահարոնեան» կոմիտէութիւնը:
Ապա «Ահարոնեան» կոմիտէութենէն Փալաբեկ Պարսամեան խօսք առնելով՝ զուգահեռներ գծեց Լիզպոնի Հինգի գործողութեան եւ Արցախի ազատամարտին միջեւ՝ յիշեցնելով, որ Լիզպոնի գործողութիւնը օրինակ մը ծառայեց Արցախի ազատագրութեան համար պայքարող հայորդիներուն, որոնցմէ մէկն է նաեւ ինք: Ան աւելցուց, թէ համայնքի պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ վիրաւոր ազատամարտիկներուն՝ միաժամանակ յարգելով նաեւ Արցախի ազատամարտի զոհերուն յիշատակը:
Ապա, Լիզպոնի տղոց յիշատակին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութենէ ետք, ձեռնարկը շարունակուեցաւ յեղափոխական երգերով՝ կատարողութեամբ երգիչ Տօնէին, ապա «Օրակարգ»ի խմբագիր Զարեհ Աճէմեան Լիզպոնի Հինգին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը արտասանեց:
Իր կարգին՝ ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Առաքելեան շեշտեց Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բժշկական խնամքի կարօտ ազատամարտիկներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը, յատկապէս որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները բաւարար քայլերու չեն դիմած՝ անոնց օգնելու համար:
Այս նախաձեռնութեան նեցուկ կանգնելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.WithOurSoldiers.com կայքը:







