Հալէպի Հայկական Թաղամասերը Համեմատաբար Խաղաղ Վիճակի Մէջ Են


ՀԱԼԷՊ.- Սուրիոյ 2րդ մեծագոյն քաղաք Հալէպի մէջ քանի մը օրէ ի վեր շարունակ անջատուած ելեկտրականութեան մատակարարումը վերակագնած է: Վերջերս ելեկտրականութիւնը Հալէպի մէջ կ՛անջատուէր օրական 4-5 ժամ, իսկ վերջին օրերուն, քաղաքին ելեկտրականութիւն կը մատակարարուէր օրական առաւելագոյնը երկու ժամ: Ցայժմ, սակայն, քաղաքին մէջ բջիջային հեռախօսակապն ու համացանցը չեն գործեր:

Հալէպի հայ համայնքէն տեղեկացուցած են, որ վերջին օրերուն հայկական թաղամասերուն մէջ լուրջ միջադէպեր չեն պատահած:

Leave a Reply