Հայաստանի, Սփիւռքի Եւ Արցախի Երգչախումբերը Միասնաբար Մեկնաբանեցին «Էրեբունի-Երեւան» Երգը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 11 Օգոստոսին, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի խմբերգային արուեստի օրերու ծիրին մէջ Երեւանի «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրին մէջ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի երգչախումբերը միասնաբար մեկնաբանեցին «Էրեբունի-Երեւան» երգը: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծրագիրներու ղեկավար Սամուէլ Յարոյեան նշեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով է, որ նման տարողութեամբ երգչախմբային կատարում կը ներկայացուի Հայաստանի մէջ։

«Քչերը գիտեն, որ 1968 թուականին Երեւանի 2750ամեակի կապակցութեամբ տարբեր երգչախմբեր կատարել են նոյն երգը, նոյն վայրում», դիտել տուաւ Յարոյեան: Անոր համաձայն, Ափիւռքի, Արցախի եւ Հայաստանի շուրջ 10 նուագախումբեր միասնաբար հանդէս եկած են՝ բացառիկ ներկայացում եւ իմաստ ունեցող կատարում հրամցնելով երաժշտասէր հանրութեան:

Նշենք, որ փառատօնի խմբերգային արուեստի օրերու ծիրին մէջ Հայաստան կը գտնուին Սփիւռքի 12 երգչախումբեր: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:

Երգչախումբերը այցելեցին Հայաստանի պատմական տարբեր վայրեր։ 13 Օգոստոսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանին մէջ անոնք համերգ տուին՝ Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով։

Leave a Reply