Վարչապետը Եւ Կառավարութեան Անդամները Այցելած Են Սուրիահայ Պատանիներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, տարածքային կառավարման փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեան եւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը 13 Օգոստոսին այցելած են Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբար, ուր իրենց ամառը կ՛անցընեն կառավարութեան հրաւէրով Դամասկոսէն ժամանած եւ 9-23 Օգոստոս Հայաստանի մէջ հիւրընկալուող շուրջ 120 երեխաներ։

Ողջունելով սուրիահայ երեխաները՝ վարչապետ Սարգսեան անոնց փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնը եւ հաստատած, որ նախագահը մեծապէս հետաքրքրուած է սուրիահայութեան հարցերով եւ անոնց առնչուող աշխատանքներով։

«Այս գեղեցիկ օրերը, որ անց ենք կացնում Հայաստանում, համախմբում է ողջ ժողովրդին սիրիահայերի խնդիրների շուրջ: Եւ բոլորը՝ թէ՛ մասնաւոր հատուածը, թէ՛ կառավարութիւնը փորձում են աջակցել նրանց», յայտարարած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան՝ խոստանալով, որ կառավարութիւնն ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի սուրիահայերուն դժուար կացութիւնը կարելի ըլլայ թեթեւցնել։

«Այս մթնոլորտը, որ տիրում է Հայաստանում, կ՛օգնի լուծել սիրիահայերի առաջ ծառացած խնդիրները», աւելցուցած է վարչապետը:

Տիգրան Սարգսեան սուրիահայ մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ քոչարի պարած է:

«Լուսաբաց» ճամբարի տնօրէն Աշոտ Աւետիսեան նշած է, որ սուրիահայ երեխաները տեղացի երեխաներուն հետ կապ հաստատելու ընթացքին լեզուի առնչուած հարցեր չեն ունենար:

«Նրանց օրը բաւականին յագեցած է՝ արշաւներ, զրոյցներ եւ ակտիւ ժամանց», դիտել տուած է ճամբարի տնօրէնը:

Այս տարուան ընթացքին «Լուսաբաց» ճամբարը երկու հանգրուանով ընդունած է 700 երեխայ, որոնց 120ը՝ սուրիահայ:

Leave a Reply