Ողջունելի Հաղորդումներ


ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Այս շաբթուան ընթացքին «Ասպարէզ» ուրախութիւնը ապրեցաւ հրապարակելու երկու հաղորդագրութիւններ, որոնք կը ծանուցէին համագաղութային միացեալ մարմիններու կազմութիւնը՝ ի խնդիր համազգային նշանակութեամբ ձեռնարկներու իրագործման:

Առաջին հաղորդագրութիւնը հրապարակուեցաւ Ուրբաթ օրուան թիւով, Սուրիահայութեան համար հանգանակութեան գործ կազմակերպելու մասին, իսկ երկրորդը՝ այսօրուան թիւով կը հրատարակենք (Սեղմել այստեղ):

Մեր ազգային իրականութեան մէջ մէկ բան յստակ է. միասնականութիւնը ցանկալի է բոլորին համար, որովհետեւ աւելի մեծ ծրագիրներ կազմակերպելու ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ անիկա եւ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ՝ ուշադրութիւն գրաւող ձեռնարկներ իրականացնելու համար:

Յստակ է նաեւ, որ միասնական հաղորդագրութիւններու ստեղծած դրական մթնոլորտը համայնքէն ներս, բոլոր կազմակերպութիւններու շրջանակներէն դուրս կամ լուսանցքներու վրայ գտնուող հազարաւոր մեր հայրենակիցներուն մօտ կը ստեղծէ տարուող գործունէութեան մաս կազմելու հոգեվիճակ մը՝ բազմապատկելով մեր մարդկային եւ նիւթական հնարաւորութիւնները:

Միասնականութեան Չարենցեան պատգամի ուժը իսկապէ՛ս խորհրդաւոր է: Գաղտնիքը վստահաբար մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, մեր խանդավառութեան, մեր ոգեւորութեան մէջ է: Անցեալին, մեր ժողովուրդի պատմութեան բոլոր տագնապալի պահերուն, միասնականութեան ստեղծած այդ կախարդական ուժն է, որ գերբնական չափերու հասած ու մեզի յաղթանակներ ապահոված է՝ բոլորովին անհաւանական պայմաններու տակ:

Կ՛ողջունենք Քալիֆորնիոյ հայութեան այս զոյգ նուաճումները:

Leave a Reply