Ըստ Մորնինկսթարի՝ Արցախի Հարցին Լուծումը Պիտի Նպաստէ Բոլորին
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար վստահ է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը նպաստաւոր պիտի ըլլայ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն համար: Ան այս հաստատումը կատարած է Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկա-ատրպէյճանական առեւտուրի գրասենեակին մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին:
Ատրպէյճան մեկնելու պատրաստուող դեսպանը, «Ամերիկայի Ձայն»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նաեւ ըսած է, թէ Ուաշինկթըն Հարաւային Կովկասի մէջ կը վարէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն:
Մորնինկսթար պիտի փոխարինէ նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզան եւ կ՛ակնկալուի, որ ան Պաքու հասնի Օգոստոսի 25էն ետք:
Մորնինկսթարի թեկնածութիւնը Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուեցաւ Յունիս 30ին:
Միացեալ Նահանգները Պաքուի մէջ դեսպան չունի՝ նախորդ տարուան Դեկտեմբերի վերջաւորութենէն ի վեր, երբ լրացաւ Պրայզայի դիւանագիտական միամեայ առաքելութիւնը:







