Արժանավայել Գնահատանք՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ Մարզախաղերու Յանձնախումբերուն
Աշխատանք մը գնահատելն ու արժեւորելը գեղեցիկ երեւոյթ է, մանաւանդ երբ անիկա կը վերաբերի կամաւոր աշխատանքի մը՝ ի նպաստ երիտասարդութեան դաստիարակութեան կատարուած: Այո՛, երախտագիտութիւնը գեղեցիկ «ժեստ» մըն է եւ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը պարգեւէ թէ՛ ստացողին, եւ թէ փոխանցողին, քաջալերանքի ամբողջ աշխարհ մը ստեղծելով:
Ուրախութեամբ պէտք է ընդգծել, թէ այս երեւոյթը լայն տեղ կը գրաւէ ՀՄԸՄի ընտանիքին մէջ, ուր մարզական եւ սկաուտական խումբերն ու անհատները՝ ըլլան անոնք մարզիկ, սկաուտ, գայլիկ կամ արծուիկ, անպայման կը գնահատուին իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն համար: Նոյնն էր պարագան նաեւ ՀՄԸՄի 37րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու յանձնախումբին եւ ենթայանձնախումբերուն, որոնք կամաւոր ու միակամ բանակի վերածուած յաջողութեամբ կազմակերպեցին հայկական իրականութեան մէջ եզակի տեղ գրաւած մարզական-երիտասարդական այս նախաձեռնութիւնը:
Նաւասարդեան յաղթանակներուն իր անսակարկ ներդրումը բերած կամաւոր այս բանակին երախտագիտական երեկոն տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2012ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Գարուսէլ» ճաշարանին մէջ. այն ճաշարանին, որ ամէն տարի Նաւասարդեան մարզախաղերու գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը կը հանդիսանայ:
Շնորհաւորական խօսքերով ձեռնարկին բացումը կատարեց Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Փիեռ Մանուկեան, որ ձեռնարկը իբրեւ «յաղթանակ»ի երեկոյ բնորոշելով՝ երախտագիտութիւն յայտնեց այդ յաղթանակին մասնակից ներկայ ՀՄԸՄականներուն եւ բեմը յանձնեց Շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանին:
Իր հերթին, Աբրահամեան շնորհաւորեց եւ բարձր գնահատեց Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբն ու բոլոր ենթայանձնախումբերը, որոնք իրենց առաւելագոյն ներդրումը բերելով յաջողութեան առաջնորդեցին շրջանի հայութիւնը ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին շուրջ համախմբող եզակի այս մարզախաղերը: Ապա, ներկայացնելով Շրջ. վարչութեան անդամները, Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջ. վարչութեան մարզական ներկայացուցիչ Ալեք Արարատեանին, որ լաւապէս ղեկավարեց Նաւասարդեանի մարզական թեւը: Ան յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ Նաւասարդեան յանձնախումբի պատասխանատու Վիգէն Տաքէսեանին, որ ձեռնհասօրէն ղեկավարեց ՀՄԸՄի լայնածաւալ այս աշխատանքները:
Ի տարբերութիւն ելոյթ ունեցած իր գործընկերներուն, Տաքէսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Նաւասարդեան ձեռնարկներու յաջողութիւններուն մասնակից ՀՄԸՄականներու կողակիցներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, որոնք անտրտունջ ընթացք տուած էին անոնց անսահման ժամեր տրամադրելու ՀՄԸՄական երիտասարդութեան նուաճումները արտացոլող ՀՄԸՄի մեծագոյն այս նախաձեռնութեան: Ապա, ան երախտագիտական գեղեցիկ խօսքերով բեմ հրաւիրեց բոլոր ենթայանձնախումբերու պատասխանատուները եւ անոնց միջոցով գնահատանքի յատուկ հաստատագիրներ յանձնեց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ մարզախաղերու վերելքին նպաստած ենթայանձնախումբերու բոլոր անդամ-անդամուհիներուն, որոնց կարգին էին՝
* Նաւասարդեան Յաղթանակի պարահանդէս – Շանթ Հայթայեանին
* Փառատօն – Վահէ Յովհաննէսեան
* Փակման հանդիսութիւն եւ նուագախումբ – Մանուէլ Մարսէլեան
* Փակման հանդիսութեան խօսնակներ – Սիւզի Մինոյեան եւ Արմանտ Գիլիճեան
* Մուտք – Ռազմիկ Սիմոնեան
* Դասական ինքնաշարժներու ցուցադրութիւն – Փօլ Պաշգապագլեան
* Փառատօնի գեղարուեստական բաժին – Սիւզի Մինոյեան եւ զաւակը՝ Սագօ: Խօսնակներ՝ Նաթալի Հինտոյեան, Հուրի Ֆրնուզլեան եւ Նայիրի Տէրտէրեան
* Նկարիչներ – Պերճ Ճամճեան եւ Շահան Աթմաճեան
* Վեթերան հայ զինուորներ Հրայր Լիոն
* Քարոզչական – Արի Պոյաճեան
* Թղթակցութիւն – Դալար Այնթապլեան
* Բանակավայրի յանձնախումբ – Հրայր Պոյաճեան
* Database Վիգէն Աբէլեան
* Շրջ. Սկաուտական խորհուրդ – Փօլ Տէրտէրեան:
Յանձնախումբերու գնահատագիրներու յանձնումէն ետք, Աբրահամեան բեմ հրաւիրեց տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական» Մարօ Քէշիշեանը, լուսարձակի տակ առաւ անոր օգտակար ներդրումը Նաւասարդեան մարզախաղերու եւ ընդհանրապէս ՀՄԸՄի աշխատանքներուն մէջ. օրուան գնահատագիրէն անկախ, անոր յանձնեց նաեւ քոնկրեսական Հաուըրտ Լ. Պըրմընի կողմէ տրամադրուած Ծերակուտական վկայագիր մը՝ «Առ ի գնահատանք 2012ի Տիպար ՀՄԸՄականի պատիւին արժանանալուն եւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից դառնալուն համար»:
Մ. Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար՝ անգամ մը եւս ընդգծելով, որ երիտասարդական այս կազմակերպութեան մէջ կամաւոր աշխատանք տանող իւրաքանչիւր ՀՄԸՄական իրեն համար տիպար ՀՄԸՄական մըն է։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Շրջանային Մարզական խորհուրդի ատենապետ Քուինթ Չեմնիթսըն, որ բարձր գնահատեց Նաւասարդեան ձեռնարկներու գլխաւոր առանցքը հանդիսացող եւ հարիւրաւոր մարզական մրցումներ կազմակերպող Մարզական խորհուրդի իր գործընկերները եւ մէկ առ մէկ ներկայացուց զանոնք:
Յատուկ գնահատագիրներ ստացան Մարզական խորհուրդի երկար տարիներու գործավարներ եւ մրցումներու դասաւորման պատասխանատուութիւնը ստանձնած Սեւակ Կարապետեան եւ Ֆրետ Բաբաջանեան: Պէտք է ընդգծել նաեւ, թէ Կարապետեանը, մարզական աշխատանքներուն առընթեր օգտակար կը հանդիսանայ ընդհանրապէս ՀՄԸՄին եւ յատկապէս Նաւասադեանի ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներուն:
Եզակի գնահատանքի արժանացան ՀՄԸՄի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Ռուբինա Ճանսըզեան, քարտուղար Արփի Անանեան եւ հաշուապահ Արամ Անանեան, որոնք իրենց մեծագոյն ներդրումը կը բերեն ՀՄԸՄի ընդհանուր եւ յատկապէս Նաւասարդեան աշխատանքներուն:
Երախտագիտութեան արժանացաւ նաեւ Նաւասարդեան բոլոր եզրափակիչ ձեռնարկներուն իր սիրայօժար ծառայութիւնը մատուցած շրջանի Հայ հիւանդապահուհիներու ընկերակցութիւնը: Յուշանուէրը ստանձնեց Արփի Միհրանեան, որ իր շնորհակալական ելոյթով վստահեցուց, թէ ընկերակցութիւնը պիտի շարունակէ օգտակար դառնալ ՀՄԸՄին:
Շրջ. վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Պըրմինկհամ Չարթըր Հայ Սքուլ»ի նախկին պատասխանատուներէն Լու Ռամիրեզին եւ մարզական պատասխանատու Ռիք Փրիզանթին, որոնք երկար տարիներէ ի վեր օգտակար կը հանդիսացան Նաւասարդեան աշխատանքներուն եւ իբրեւ շնորհակալութիւն յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւատրեց զանոնք:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով, Շրջ. վարչութեան անդամները ծերակուտական Հաուըրտ Լ. Պըրմընի յատուկ գնահատագիրները յանձնեցին շրջանի ՀՄԸՄի բոլոր մասնաճիւղերուն՝ «Առ ի գնահատանք 2012ի Նաւասարդեան մարզախաղերուն մասնակցութեան եւ երկրին մատուցած իրենց բացառիկ եւ անգնահատելի ծառայութեան համար»: Գնահատագիրները ստանձնեցին մասնաճիւղերու ատենապետները:
Օրուան պաշտօնական բաժինը եզրափակելով՝ Աբրահամեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեան նպաստած յանձնախումբերուն, մասնաճիւղերուն եւ կամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի հովանաւորներուն, նուիրատուներուն եւ գաղութի հայութեան՝ ՀՄԸՄի նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան եւ անոր հանդէպ ունեցած հաւատքին համար:
Երախտագիտական ամբողջ երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցան Նաւասարդեան մարզախաղերու յաղթական մթնոլորտը արտացոլացնող գեղեցիկ նկարներ, որոնք անգամ մը եւս Նաւասարդեան մթնոլորտը վերապրելու առիթ ստեղծելով՝ մեծապէս ոգեւորեցին ներկաները:
Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Ներկայ ՀՄԸՄականները վերապրեցան Նաւասարդեան յաղթանակները, վերանորոգուեցան եւ յառաջիկայ տարուան նախապատրաստուելու տրամադրութեամբ մեկնեցան իրենց տուները։













