օրավար Սէյրան Սարոյեանի Թիկնապահը Ինքնաշարժի Արկածով Մարդ Սպաննած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Իսակովի պողոտային վրայ 27 Օգոստոսին՝ ժամը 23:45ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) արկածի ենթարկուած է 52ամեայ  Վաչագան Հայրապետեանը։ Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած է ոստիկանութեան լրատուական ծառայութիւնը: Վաչագան

Հայրապետեան փոխադրուած է Մալաթիա բժշկական կեդրոն, սակայն կարելի չէ եղած զայն փրկել, ու իր ծննդեան օրը՝ 52 տարեկանին Վ. Հայրապետեան մահացած է:

«Նիուզ»ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «BMW 745»ի վարորդ 36ամեայ Ռոբերտ Գէորգեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սէյրան Սարոյեանի թիկնապահներէն է:

Արդէն իսկ դատ բացուած է՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 242 յօդուածի 2րդ մասի՝ ճամբու երթեւեկութեան եւ փոխադրութեան միջոցներու վերաբերող կանոնները խախտելու եւ անձի մը մահուան պատճառ դառնալու յանցանքով։ Սոյն յօդուածով կը նախատեսուի

5 տարուան բանտարկութիւն։

Leave a Reply