Ռամնի՝ Հանրապետական Կուսակցութեան Պաշտօնական Թեկնածուն


ԹԵՄՓԱ, Ֆլորիտա, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան համագումարի ընթացքին, այս տարուան նախագահական ընտրութիւններուն նոյն կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածու ընտրուեցաւ Միթ Ռամնին, Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ի երեկոյեան տեղի ունեցած պատուիրակներու քուէարկութենէն ետք:

Պատուիրակները ընտրուած էին նահանգներուն մէջ կայացած նախնական ընտրութիւններով:

Leave a Reply