Ամերիկա Համաձայն Չէ Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտի Ստեղծելու Գաղափարին
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 30ին Միացեալ Նահանգներ ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու ՄԱԿի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ կը քննէ սուրիացի գաղթականները Սուրիոյ մէջ պաշտպանելու եւ պատսպարելու կարելիութիւնը՝ միաժամանակ խնդրելով, որ միջազգային կազմակերպութիւններ նպաստեն գաղթականները Թուրքիոյ մէջ հիւրընկալելու աշխատանքին:
Այս ուղղութեամբ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը՝ Վիքթորիա Նիւլընտ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն համաձայն չէ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու գաղափարին եւ կը նախընտրէ գաղթականները պատսպարելու աշխատանքին մէջ օժանդակութեան ձեռք երկարել Թուրքիոյ՝ ՄԱԿի միջոցաւ:
Նախապէս Տաւութօղլու յոյս յայտնած էր, որ ՄԱԿը աշխատանք տանի գաղթականները Սուրիոյ մէջ պատսպարելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Չորեքշաբթի օր քննադատած էր ու «Սուրիոյ թշնամիներուն» կողմէ առաջարկուած ծրագիր որակած էր ապահովական գօտի ստեղծելու գաղափարը, որ Թուրքիոյ կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած է: Ասատ նաեւ Սուրիոյ տագնապին ուղղակի պատասխանատու նկատած էր Թուրքիան, որուն հակադարձելով՝ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Հիւսէյն Չելիք, Ասատը ամբաստանեց Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան «արիւնալի արշաւին» օժանդակելու յանցանքով:
Միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը Չորեքշաբթի օր գումարած իր ժողովի աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ «ահաբեկչութեան» դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին յառաջացուցած վտանգներէն ձերբազատելու կամք արտայայտեց: Նախագահ Կիւլ, որ ականջի անհանգստութեան պատճառաւ քանի մը օրէ ի վեր կը դարմանուի հիւանդանոցի մը մէջ, կարճ ժամանակով հեռացաւ հիւանդանոցէն ու նախագահեց նշեալ նիստին:
Նաեւ, «Մարմարա» կը գրէ, թէ ինքզինք Սուրիական ազատ բանակ կոչող ապստամբ ուժերու կայքին վրայ հրատարակուած տեղեկութիւն մը մտահոգութեան ալիք յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ հոն գրուած է, թէ բանակին գլխաւոր խարիսխը կը գտնուի Հաթայի (Իսքենտերուն) մէջ, այսինքն՝ ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, առաջին անգամ ըլլալով բացայայտելով այն, ինչ գրեթէ տարիէ մը ի վեր կը կարծուէր: Բանակը նաեւ կը գործածէ թրքական հեռաձայնի թիւ մը: Թուրքիոյ զինուորական իշխանութիւնները կը հերքեն այն լուրերը, թէ սուրիացի ապստամբները կը մարզուին Թուրքիոյ սահմաններէն ներս եւ թէ Թուրքիա կը զինէ զանոնք:






