Հայաստանի Հիասքանչ Քարանձաւները


ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի «Արարատ» Հայրենակցական եւ մշակութային  միութեան, տեղի ունեցաւ Հայաստանի քարանձաւներուն նուիրուած սահիկներու ցուցադրութեան ձեռնարկ մը, Կիրակի, Օգոստոս 19ին, յետմիջօրէի ժամը 2էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ, մշակութասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Ողջոյնի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց «Արարատ» միութեան նախագահ Ազատ Ազատխանեան, որ ներկայացուց դոկտ. Չարլզ Չաւտարեանի կենսագրական գիծերը:

Դոկտ. Չարլզ Չաւտարեան ծնած է ԱՄՆի Տիթրոյիթ քաղաքը. միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումէն ետք յաճախած է Միշըկընի համալսարանը, իսկ բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ, արժանանալով դոկտորայի տիտղոսին քիմիագիտութեան մէջ: Ապա ան աշխատած է որպէս քիմիագէտ եւ դեղորայքի մասնագէտ՝ հետագային հիմնելով իր անձնական հաստատութիւնը, որով կը զբաղի ներկայիս: Քարանձաւներու վերաբերեալ դոկտ. Չ. Չաւտարեանի հետաքրքրութիւնը սկսած է 1993ին եւ տակաւին կը շարունակուի, մեծ հաճոյքով, մինչեւ օրս, մասնակցութեամբ անոր կնոջ՝ ֆրանսագէտ, փրոֆ. Սեդա Չաւտարեանի, ու անոր որդւոյն՝ Կրեկի, որ վկայեալ երկրաբան մըն է: Չարլզ մաս կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու քարանձաւներու կազմակերպութեան:

Դոկտ. Չաւտարեան սահիկներու ցուցադրութենէն առաջ տուաւ հակիրճ զեկոյց մը իր ուղեւորութեան մասին՝ ցոյց տալով լեռնագնացութեան պարագային գործածուելիք յատուկ կօշիկները, ապահովութեան գլ-խարկներն ու հագուստեղէնները, ու բացատրեց նախզգուշութեան պայմանները:

Հայաստանի տարածքին գտնուող ու երկար դարերու պատմութիւն ունեցող բնական քարանձաւներու, ինչպէս նաեւ վերջին դարերուն գոյացած մարդկային ձեռակերտ քարայրներու հետախուզական արշաւներէն առաջինը, ըստ դոկտ. Չաւտարեանի, տեղի ունեցած է 2007ին, իսկ անկէ ետք յաջորդաբար՝ 2010ին ու 2011ին:

Ամբողջ տարի մը ծրագրումէ ետք, առաջին հետախուզութիւնը տեղի ունեցած է Օգոստոս 5, 2007ին, հովանաւութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային ստորագիտական ընկերակցութեան (National Speleological Society, NSS), որուն անդամ է դոկտ. Չաւտարեան, եւ կազմակերպութեամբ Երեւանի մէջ գործող «AdvenTour»ի ու Հայաստանի պետական քարայրներու հսկողութեան հաստատութեան:

Առաջին արշաւախումբի ղեկավար դոկտ. Չաւտարեանին, Ամերիկայէն ընկերակցած են Սթիվըն Ճանսըն, Ճէյմզ Ուիլսըն, Կրեկ Չաւտարեան եւ Սեդա Չաւտարեան: Հայաստանէն անոնց միացած է Վրէժ Նազարեան:

Առաջին առիթով, արշաւախումբը կը քննարկէ Վայոց Ձորի շրջանը գտնուող չորս կարեւոր քարանձաւներ՝ լուսանկարելով բազմաթիւ տեսարաններ: Ըստ դոկտ. Չաւտարեանի՝ սոյն քարանձաւները 20 տարի առաջ քննուած են ռուս հետախոյզներու կողմէ:

Յաջորդ հանգրուանը կ՛ըլլայ Եղէքնաձորի շրջանը. խումբը նախ կը հաստատուի 5500 ոտք բարձրութեան վրայ, Մոզրով գիւղի մօտակայքը, Եղէքնաձորի բարձունքներու լանջերուն, ուր կը գտնուին «Մոզրով», «Արջերի» եւ «Կարմիր» քարանձաւները: Այս անբնակելի լեռնամասերը շրջապատուած են 9րդ դարէն մնացած զանազան խաչքարերով, որոնք անխնամ մնացած են ցայսօր:

Արշաւախումբը նախ կ՛այցելէ «Մոզրով» քարայրը, որ ունեցած է մեծ մուտք ու 700 մեթր խորութիւն: Անոր մէջ արշաւախումբի անդամները ականատես կ՛ըլլան ու կը լուսանկարեն դարերու ընթացքին գոյացած բազմերանգ կրաքարերու (limestons) կոյտեր, որոնք կաթիլներու նման, սրածայր, յաճախ՝ վարէն վեր ցցուած կամ վերէն վար կախուած, կուտակուած են իրարու քով՝ հրաշալիքներու պերճանք մը տալով ամբողջ քարանձաւին:

Ապա խումբը կ՛անցնի «Կարմիր» քարանձաւ, որ կը գտնուի լերան բարձունքին, շուրջ 7000 ոտք բարձրութեան վրայ: Արշաւախումբը սոյն բարձունքները չափազանց դժուար պայմաններով յաղթահարելէ ետք, վերջապէս կը հասնի «Կարմիր» քարայրի մուտքը: Հոս խումբին կը միանայ Հայաստանի պետական քարայրներու հսկողութեան հաստատութեան ղեկավար Սամուէլ Շահինեան՝ ստանձնելով հետախուզական պատասխանատուութիւնը:

Ինչպէս քարայրին անունը կը յուշէ, ամբողջ քարայրը բնականօրէն կարմիր ներկուած է՝ դարերու ընթացքին զանազան հանքային ու քիմիական բաղադրութիւններու ու այլազան նիւթերու կուտակումի պատճառով: Քարանձաւը կը ներկայացնէ հրաշալիքներու բացառիկ գեղեցկութիւն մը: «Խումբը հոս ականատես կ՛ըլլայ նաեւ լեռնային վագրերու ոսկորներու, որոնք այս քարայրի հնութեան վկայութիւններն են», կ՛ըսէ դոկտ. Չաւտարեան:

Յաջորդաբար, խումբը կ՛ուղղուի դէպի «Արջերի» քարանձաւը, որուն խորութիւնը մօտ չորս քիլօմեթր է: Ըստ խումբի անդամներուն, այս քարայրը ամենագեղեցիկն է ու զարդարուած է բնական գոյնզգոյն կրային նիւթերով: Հոս նաեւ խումբը կը հանդիպի արջերու ոսկորներու հետքերու: «Այս հիանալի քարանձաւը մեր ազգային բնական գանձերու բարձրագոյնն է: Կը յուսանք, որ հետագային ալ, անիկա նոյնութեամբ պահուի իր բնական կերպարանքով», կ՛ըսէ դոկտ. Չաւտարեան:

Դոկտ. Չաւտարեանի ու իր խումբին իրականացուցած այս քայլը մեծապէս գնահատելի է. անշուշտ այս յօդուածով ներկայացուածը միայն մէկ մասն է հայրենի քարանձաւներու երկար շարքին: Վստահաբար, մեր մշակութային ու գեղարուեստական արժէքներու կողքին, իրենց յատուկ տեղը ունին քարանձաւներու ու քարայրներու հոյակապ գանձերն ու պատմութիւնները:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ կազմակերպող յանձնախումբին կողմէ, որուն ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխաններու հետաքրքրական պահեր:

Leave a Reply