ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուարութիւններուն, Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին շնորհիւ, 11 Յունուարին կարելի եղաւ Գերմանիոյ մէջ բուժուող հայ հիւանդի մը համար, որուն փրկութեան վերջին յոյսը ցօղունային բջիջներու պատուաստումն էր, Երեւան բնակող յարմար նուիրատուէ մը պատուաստանիւթ վերցնել։
«Մեր դոնորը (պատուաստատուն), չկարողացաւ անտարբեր անցնել մարդկային ճակատագրի կողքով, սակայն միեւնոյն ժամանակ, չցանկացաւ, որպիսի նշուի իր անունը: Առանց մէկ վայրկեան վարանելու նա անցաւ բջիջների հաւաքագրմանը նախորդող ամբողջ նախապատրաստական փուլը եւ այսօր նուիրաբերեց իր դոնորական ցօղունային բջիջները», կ՛ըսուի հիմնարկին յղած հաղորդագրութեան մէջ:
Հիմնադրամը 1999էն ի վեր ոսկրածուծի եւ ցօղունային բջիջներու համապատասխան նուիրատուներ կը գտնէ հիւանդներու համար։ Ցարդ անիկա ունի առաւել քան 32,000 նուիրատուներ եւ իրեն դիմած 5928 հիւանդներէն 5206ին համար կարելի եղած է հաւանական նուիրատու գտնել, որոնցմէ 36ը նուիրած են իրենց արեան ցօղունային բջիջները:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (323) 663-3609 թիւին կամ այցելել abmdr.am. կայքը:
Discussion Policy
Comments are welcomed and encouraged. Though you are fully responsible for the content you post, comments that include profanity, personal attacks or other inappropriate material will not be permitted. Asbarez reserves the right to block users who violate any of our posting standards and policies.