ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, թէ Արցախի զինադադարի հսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնին մէջ պիտի ծառայեն 60ական զինուորականներ՝ Ռուսիայէն եւ Թուրքիայէն։ «Կեդրոնը պիտի հաստատուի Աղդամի շրջանին մէջ։ Շինարարութիւնը արդէն սկսած է։ Մեր զինուորականները արդէն սկսած են հոն մեկնիլ», ըսաւ ան։
Իր կարգին, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ զինուորներ ուղարկելու մասին հրամանագիրը «Թուրքիոյ ներքին գործն է, իսկ միացեալ կեդրոնին ստեղծումը՝ Մոսկուայի եւ Անգարայի երկկողմանի համաձայնութեան արգասիքը»։
Յիշեցնենք, թէ 1 Դեկտեմբերին Մոսկուա եւ Անգարա նշեալ կեդրոնը ստեղծելու համաձայնագիր մը ստորագրած էին։
Discussion Policy
Comments are welcomed and encouraged. Though you are fully responsible for the content you post, comments that include profanity, personal attacks or other inappropriate material will not be permitted. Asbarez reserves the right to block users who violate any of our posting standards and policies.