“Օլմերթ-Ապպաս Հանդիպում Երուսաղէմի Մէջ
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23ին երկարատեւ ժողով մը գումարեցին Երուսաղէմի մէջ։ Անոնք համաձայնեցան վերակենդանացնել խաղաղութեան բանակցութիւնները, եւ իսրայէլեան կողմը գործնական քայլեր առաւ՝ ամրապնդելու համար Ապպասի դիրքը ընդդէմ «Համաս» շարժումին։




