Բացի Սելիմի Լեռնանցքէն, Միւս Մայրուղիները Բաց Են


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տեղացած առատ ձիւնի պատճառով, Դեկտեմբեր 28ի դրութեամբ փակ է Սելիմի լեռնանցքը, տեղ-տեղ բուք է Սիսիանի եւ Գորիսի մէջ, իսկ միջպետական եւ հանրապետական միւս ճամբաները անցանելի են:

Ըստ փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան աղբիւրներու, միջպետական եւ հանրապետական մայրուղիները մաքրելու համար կ’աշխատին ձիւնահաւաք 300 մեքենաներ, ճանապարհները կը ծածկուին աղով եւ աւազով:

Leave a Reply