Support Our Advertisers

 

Նախարար Օսկանեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Հոլանտայի Խորհրդարանին Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտա այցելութեան երկրորդ օրը, Յունուար 31ին նախարար Վարդան Օսկանեան հանդիպում ունեցաւ Հոլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, Հոլանտայի կողմէ Հայաստանի մէջ գործադրուող ծրագիրները, Հայաստանի ԱԺի ընտրութիւններու նախապատրաստման ընթացքը եւ տարածաշրջանային խնդիրներ:

Օսկանեան իր լսարանին ներկայացուց Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններէն յետոյ գործադրուող բարեփոխումները՝ յատկապէս շեշտելով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու ազատութիւնն ու արդարութիւնը:

Խօսուեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնայնութիւններու մասին, եւրոպական եւ եւրոատլանտեան կառոյցներուն հետ գործակցութեան ծրագիրներու, ԵԽի նկատմամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման, ԵՄի եւ ՆԱԹՕի հետ ստորագրուած գործողութիւններու ծրագիրներու կատարման ընթացքի մասին:

Անդրադառնալով տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ խորհրդարանականները նշեցին, որ ԵՄին Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացը Հոլանտայի մէջ բուռն բանավէճերու առիթ տուած է, որ իր արտացոլումը գտած է նաեւ երկիրի օրէնսդիր ատեանին մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնելով 2004ին Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար՝ նախարար Վ. Օսկանեան ներկայացուց հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը: Ան կարեւոր համարեց շահագրգիռ եւ բարեկամ պետութիւններու աջակցութիւնը երկխօսութեան ծաւալման եւ սահմաններու բանալու հարցերով:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ հայ-իրանական, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին:

Հոլանտայի խորհրդարանի պատգամաւորները հաւաստիացուցին, որ ամէն ճիգ պիտի թափեն նպաստելու հայ-հոլանտական կապերու ամրապնդման:

Նոյն օրը, Վ. Օսկանեան այցելեց Քլինկենտայլի Միջազգային յարաբերութիւններու արքայական հաստատութիւնը, ուր ելոյթ ունեցաւ «Փոքր պետութիւններու դիւանագիտութիւնը» նիւթով:

Leave a Reply