Օծուեցաւ Վարդենիկի Ս. Յովհաննէս Մատուռը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ձեռամբ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանի Օգոստոս 27ին օրհնուեցաւ Գեղարքունեաց թեմի Վարդենիկ համայնքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռը:
Աղօթարանը կառուցուած է առաջարկով սրբազան հօր եւ բարերարութեամբ նոյն համայնքի բնակիչներ Աշոտ եւ Թաթուլ Մովսիսեաններու՝ ի պահպանութիւն 1507ի Հիզանի մէջ գրուած մէկ Աւետարանի, որ երկար տարիներ պահպանուած էր Մովսիսեաններու տան մէջ: Ձեռագիր Աւետարանը նաեւ բարձրարժէք արուեստի գործ է:
1774ին Մովսիսիեան գերդաստանէն Յարութիւն քահանան Աւետարանը Լաթար քաղաքէն իր հետ բերած է Վարդենիկ: Այդ ժամանակներէն մինչեւ այսօր գիւղի եւ յարակից շրջանին մէջ սրբազան ձեռագիրը հաւատացեալներուն յայտնի է իր հրաշագործ զօրութեամբ, որուն պահպանման վայրը դարձած է ուխտատեղի եւ աղօթքի վայր:
Յաւարտ արարողութեան, ձեռագիր մատեանը հանդիսաւոր կերպով տեղափոխուեցաւ նորաշէն մատուռ եւ զետեղուեցաւ խորանին մէջ:




