Նախարար Օսկանեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Մ. Պրայզայի Եւ Փ. Սեմնեպիի Հետ
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեան երէկ, Մարտ 6ին ընդունեց Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալի օգնական Մէթիու Պրայզայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Անդրադառնալով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն՝ զրուցակիցները քննեցին Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը եւ զայն կարգաւորելու ուղիները:
Նախարար Օսկանեան եւ Պրայզա անդրադարձան նաեւ ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցութիւններուն եւ Ատրպէյճանի կողմէ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին ներկայացուած բանաձեւին:
Այնուհետեւ Պրայզա, խօսելով Ատրպէյճանի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն մասին, մտահոգութիւն յայտնեց վերջերս Հայաստան-Ատրպէյճան, ԼՂ-Ատրպէյճան սահմանագիծերուն հրադադարի խախտման կապակցութեամբ:
Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային զարգացումներուն, Ամերիկայի մէջ ընթացող նախագահական ընտրարշաւին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Նոյն օրը նախարար Վարդան Օսկանեան ընդունեց նաեւ հարաւային Կովկասի մէջ Երւոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպին:
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին: Սեմնեպին իր գնահատականները ներկայացուց յետընտրական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ՝ նշելով, որ Եւրոպական միութիւնը յայտարարութեամբ արտայայտած է իր դիրքորոշումը ընտրութիւններուն մասին եւ կը շարունակէ հետեւիլ զարգացումներուն:
Կողմերը նշեցին, որ պէտք է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը իրադրութիւնը հնարաւորին չափ արագ կարգաւորելու նպատակով, ընդգծեցին նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կայունութեան պահպանումը երկրի զարգացման, նաեւ տարածաշրջանային ծրագիրներու շարունակականութեան երաշխիքն է:
Նախարար Օսկանեան ԵՄին ներկայացուց ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանին մէջ Երեքշաբթի օրը տեղի ունեցած միջադէպի մանրամասները:




