Սպասումի Եւ Յոյսի Օրեր
Նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած խռովալի օրերէն ետք, Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը ոչ միայն քաղաքական, այլեւ ժողովրդային լայն շրջանակներու խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերէն մէկն է այս օրերուն: Վստահաբար, հայաստանեան կեանքի իրադարձութիւններով հետաքրքրուող սփիւռքահայերը եւս ուշադրութեամբ կը հետեւին նախարարներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նշանակումներուն եւ կը փորձեն կանխատեսել անոնց ազդեցութիւնն ու հետեւանքները՝ քաղաքական ու տնտեսական հետագայ զարգացումներուն վրայ: Այս հետաքրքրութեան վկայութիւնն են այն բազմաթիւ նամակները, զոր ստացած եմ ընթերցողներէն: Բոլորն ալ կը փափաքին իմանալ, թէ հայրենի իրենց քոյրերն ու եղբայրները ի՞նչ կը մտածեն նոր կառավարութեան մասին, ի՞նչ ակնկալիքներ ունին եւ ի՞նչ յոյսեր կապած են այս կամ այն կուսակցութեան, ղեկավարին, նախարարին կամ պետական պաշտօնեային:
Նախագահական ընրութիւնները կանխող ամիսներուն միջազգային ու տեղական գործակալութիւններ շաբաթը առնուազն անգամ մը, ամենաժողովրդական թեկնածուն յայտնաբերելու նպատակով կը կազմակերպէին հարցախոյզներ, որոնց արդիւնքներու հրապարակումը քաղաքական մթնոլորտի յաւելեալ շիկացումին նպաստելէ զատ ուրիշ ոչ մէկ բանի կը ծառայէր: Հիմա այդ գործակալութիւններուն ձայնը չի լսուիր եւ կասկածելի լռութիւն մը կը տիրէ անոնց գրասենեակներէն ներս: Որպէսզի բաւարարեմ ինծի նամակով դիմած ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը, որոշեցի կազմակերպել իմ սեփական հարցախոյզը՝ գրասենակիս շէնքի բնակիչներէն քանի մը հոգիին հարցնելով հետեւեալ հարցումը. ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք իշխանութիւններէն եւ նորակազմ կառավարութենէն: Պատասխանները կու տամ ստորեւ.
«ՀՀ կառավարութիւնը կը համարեմ կայացած եւ լաւը, երբ լինի օրէնքի գերկայութիւն, երբ հասարակութեան մէջ հաւասարապէս են ընդունուած – օրէնքի առումով – այս կամ այն խախտումները եւ օրէնքի առաջ չկան առանձնաշնորհեալներ եւ երկրորդական մակարդակի քաղաքացիներ», կ’ըսէ Հրաչը, որ հաշուապահ է եւ կ’աշխատի միջազգային հաշուապահական ընկերութեան մը մէջ:
Գայեանէն հանրային առողջապահութեան մասնագէտ է եւ երկար տարիներ աշխատած է բարեգործական կազմակերպութիւններու մէջ: Իր կարծիքով, ժողովուրդը կ’ակնկալէ պայքար կաշառակերութեան դէմ: Օլիգարխները չպէտք է լինեն կառավարութեան կազմում, ժողովրդից հարկուող գումարները պէտք է գնան ուղիղ պիւտճէ, այլ ոչ թէ պաշտօնեաների գրպանները: Կառավարութիւնը պէտք է բաղկացած լինի կրթուած մարդկանցից, որոնք ունեն գրական հայերէն խօսելու կարողութիւն: Նրանք պէտք է օրինակ ծառայեն ողջ ժողովրդին: Պէտք է վերջ տրուի այս անընդհատ թանկացումներին եւ մարդկանց թոշակներն ու աշխատավարձերը համապատասխանեն այսօրուայ շուկային: Միայն այս դէպքում հնարաւոր կը լինի վերջ տալ աղքատութեանը, որ տիրում է Հայաստանում: Այսօր Հայաստանը միայն մի քանի հազար մարդկանց համար է, որոնք ունեն ամէն ինչ, իսկ մնացածը մտածում են միայն օրուայ հացը վաստակելու մասին»:
Նոնան քարտուղարուհի է եւ իբրեւ «լաւատեսութիւնը մասամբ կորցրած Հայաստանի քաղաքացի» կ’ըսէ. «Ոչ մի սպասելիք չունեմ այս նոր կառավարութեան ձեւաւորումից յետոյ: Սպասելիքներս միայն թանկացումների մասով են, որոնք էլ համարում եմ անընդունելի այս ծանր ժամանակաշրջանի համար: Ըստ իս, այս երկիրը մօտ հինգ տարի յետոյ կը վերածուի պարզապէս ծերակոյտի: Ոչ մի երիտասարդ չի ցանկանում իր կարիերան շարունակել այս լճացած երկրում: Ինչո՞ւ պէտք է միշտ օտար երկրներում լաւագոյնս դրսեւորեն հայի բոլոր դրական կողմերը, իսկ մայրենի երկրում դրանք արհամարհուեն, ոտնահարուեն, անտեսուեն եւ լաւագոյն պատառները թողնուեն գործից շատ հեռու, բայց փողին շատ մօտ կանգնած մարդկանց: Առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքում թողնելու եմ երկիրը եւ հեռանամ: Բայց յուսով եմ, որ իմ բոլոր կանխատեսումները յօդս կը ցնդեն եւ ես կը սխալուեմ իմ սպասելիքներում»:
Անահիտը աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան աշխատողներէն է եւ կը յիշեցնէ, որ «Երեւանից դուրս, գիւղերում, մարդիկ սոված են, հացի փող չունեն: Նրանց ուզում են քաղաքացիական եւ հայրենասիրական դասեր տալ: Նախ եւ առաջ պէտք է ապահովել մարդու նուազագոյն կարիքները՝ սնունդ, հագուստ եւ յետոյ միայն մտածել բարձր կարիքների մասին: Իսկ դա կը յաջողուի աշխատավարձի բարձրացումով, կոռուպցիայի վերացումով, ազատ լրատուութեամբ»:
«Ակնկալում եմ, որ կառավարութեան բոլոր աստիճաններում աշխատեն մասնագիտական պատշաճ գիտելիքներ եւ փորձ ունեցող քատրեր եւ յուսով եմ, որ իշխանութիւնը երկրի զարգացումը դիտարկի առաջին հերթին ազգային անվտանգութեան գերակայութեան, եւ ոչ թէ անհատական շահի տեսանկիւնից», կ’ըսէ Աշոտը, որ աւարտած է իրաւաբանական համալսարանը եւ ներկայիս կ’աշխատի ֆինանսական ընկերութեան մը մէջ:
Ահաւասիկ հարցախոյզիս արդիւնքները: Ունիմ պատասխաններ բազմաթիւ հարեւաններէ եւ բոլորն ալ կը շօշափեն նոյն մտքերը: Կարծիքներու այս փունջը կը ներկայացնեմ առանց մեկնաբանութեան, պահելով արտայայտուած մտքերու հարազատութիւնը: Ուշագրաւ է, սակայն, որ հարցումներուն պատասխանողներէն ոչ ոք բան ունի ըսելիք ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին: Իսկ թէ ինչո՞ւ, այս մասին հաւանաբար այլ առիթով: Յոյսով եմ, որ կրցայ բաւարարել նամակագիրներուս ակնկալիքները: Գրեցէ՛ք ինծի:






