Համատիրութեան Նախագահ
Հայաստան այցելող ընկերներս եւ հարազատներս միշտ կը գանգատին, որ Երեւանի շէնքերու մուտքերը լաւ խնամուած չեն ու յաճախ՝ աղտոտ են եւ մութ: Կը բողոքեն, որ Թամանեանի եւ այլ ճարտարապետներու գլուխ գործոցները համարուող եւ հիմա արդէն պատմական արժէք ներկայացնող շէնքերու արտաքին երեսները ոչ միայն չեն վերանորոգուիր, այլեւ աղաւաղուած տեսք ստացած են՝ անճաշակ շինութիւններու յաւելումով կամ անոնց ճակատային բաժնի վրայ կատարուած բոլորովին անտեղի փոփոխութիւններով: Ի դէպ, այս եւ վերջին տասնամեակին տարածուած ապօրինի շինութիւններու մասին խօսուած է ու դեռ կը շարունակուի խօսուիլ նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջանակներու մէջ՝ ճարտարապետներու միութիւն, հասարակական կազմակերպութիւններ, Ազգային ժողով, կառավարութիւն եւ անշուշտ սովորական քաղաքացիներ: Խորհրդային Միութեան տարիներուն այսպէս կոչուած ԺԵԿերը, կամ՝ Բնակարաններու օգտագործման կոմիտէները, որոնք ունէին կառավարական ֆինանսաւորում, իրե՛նք կը զբաղէին շէնքերու արտաքին տեսքի ու մուտքերու խնամքով եւ գէշ-աղէկ, խորհրդային չափանիշներու հաւատարիմ՝ գոնէ նուազագոյնով կը կատարէին իրենց պարտականութիւնները: Հայաստանի յետ-անկախացման տարիներու տնտեսական տագնապն ու շուկայական յարաբերութիւններու հաստատումը մէկ կողմէն, շէնքերու բնակիչներու եւ թաղապետարաններու սահամանափակ հնարաւորութիւնները կամ անպատասխանատու վերաբերմունքը միւս կողմէն, անդամալուծեցին ԺԵԿերու գործունէութիւնը եւ մարդիկ անհոգ գտնուեցան ծայր առած ճարտարապետական «կոտորած»ին նկատմամբ:
Խոստովանիմ, որ ընկերներուս չափ եւ երբեմն ալ աւելի, բողոքող ու դժգոհ եղած եմ նաեւ ես, մանաւանդ երբ ակամայ տուն վարձած եւ ապրած եմ ոչ այդքան նախանձելի մուտքով այդ շէնքերուն մէջ: Հիմա, սակայն, այլեւս բողոքելու եւ դժգոհելու իրաւունք չունիմ, քանի որ պաշտօնապէս ընտրուած եմ նորակառոյց Հիւսիսային պողոտայի վրայ գտնուող՝ իմ նոր ձեռք ձգած բնակարանի շէնքին համատիրութեան, ամերիկեան տարբերակով՝ Home Owners Association-ի նախագահը: Համատիրութիւնները ոչ առեւտրային, ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւններ են, որոնց պիւտճէները կը կազմուին ոչ թէ կառավարութեան ֆինանսաւորոմով, այլեւ անոր անդամ անհատներու անդամավճարներով: Համատիրութեան օրէնքին համաձայն, իբրեւ նախագահ, պարտականութիւններուս մաս կը կազմեն ոչ միայն շէնքին ընդհանուր խնամքի վերահսկողութինը, այլեւ՝ անոր անվտանգութեան, մաքրութեան, վերելակներու եւ ջեռուցման համակարգի աշխատունակութեան ապահովումը, աղբահանման կազմակերպումը, եւ բազմաթիւ ու բազմապիսի այլ գործեր: Թէեւ մասնագիտութեանս բերումով գրեթէ ոչինչ կը հասկնամ այս բոլորէն, սակայն որոշած եմ յուսախաբ չընել ընտրազանգուածս, որ շէնքին բնակիչներն են, աւելի ճիշդը՝ շէնքի բնակարաններուն սեփականատէրերը: Որպէս նորաստեղծ համատիրութեան նախագահ՝ արդէն իսկ պայմանագիր կնքած եմ պահակներ տրամադրող ընկերութեան մը հետ եւ շուտով նոյնօրինակ համաձայնութիւններ պիտի ստորագրեմ այլ ծառայութիւններ տրամադրող ընկերութիւններու հետ, որոնց գոյութեան մասին քանի մը շաբաթ առաջ գաղափար իսկ չունէի եւ ինծի համար հաճելի անակնկալ էր տեղեկանալ, որ Հայաստանի մէջ վաղուց հիմնադրուած են եւ կ’աշխատին այլ համատիրութիւններու սպասարկող բազմաթիւ շահաբեր ընկերութիւններ:
Չմոռնամ յիշեցնելու, որ մեր շէնքի համատիրութեան ստեղծումէն եւ նախագահի ընտրութենէն յետոյ խումբ մը ընկերներով եւ բնակարաններու սեփականատէրերով որոշեցինք ճաշարանի մը մէջ տօնել այս առիթը: Ներկաները կատակով շնորհաւորեցին արդար եւ ժողովրդավար ընտրութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեցին ինծի՝ իմ նոր առաքելութեանս մէջ: Ես ալ, իմ կարգիս, կը յուսամ, որ պիտի արդարացնեմ իմ վրայ դրուած յոյսերը եւ պիտի կարենամ մեր համատիրութիւնը վերածել օրինակելի գործընկերութեան՝ շէնքի բոլոր բնակիչներուն համագործակցութեամբ:
Գրեցէ՛ք ինծի:






