Երկու Քայլ Առաջ, Մէկ Քայլ Ետեւ


Տուպայի միջազգային օդակայանը ահաւոր խճողուած է: Ամէն տեղ եւ ամէն անկիւն՝ երկար պոչով հերթեր եւ հրմշտուք, ազատ շուկայէն գնում կատարողներու անվերջ տողանցք՝ հազար ու մէկ իր եւ ապրանք վաճառող խանութներու առջեւ, մէկ խօսքով՝ մարդկային ալիքներու անդադրում հոսք օդակայանի ամբողջ տարածքին: Օդակայանի մայր դուռնէն ներս մտնելս ու Երեւան մեկնող օդանաւին մէջ տեղաւորուիլս կը տեւէ ընդամէնը երկու ժամ, բայց այնքան յոգնած եմ հեւքոտ այս վիճակէն, որ կարծէք երկու տարուան տաժանակիր աշխատանքի դատապարտուած եմ:

Երեք ժամ տեւող թռիչքէն ետք կը հասնինք Երեւանի միջազգային օդակայան ու թէեւ ընդամէնը հինգ օր բացակայած եմ Հայաստանէն, բայց օդանաւէն դուրս կու գամ բազմաթիւ տարիներ իր ընտանիքէն հեռու ապրող պանդուխտի հոգեբանութեամբ: Սրտի մեծ գոհունակութեամբ ներս կը մտնեմ ու կ’ուղղուիմ դէպի անցագիրներու ստուգման կէտ: Ամէն ինչ հանդարտ է Երեւանի նորակառոյց օդակայանին մէջ, ամէն ինչ իսկապէս շատ լաւ կազմակերպուած: Չկան հին օրերու հրմշտուքն ու անկանոն հերթերը, մարդիկ այլեւս ժամերով չեն սպասեր իրենց ճամպրուկներուն: Ամէն ինչ մաքուր է, կոկիկ, նոր եւ արդիական: Չկան խոժոռ դէմքեր ու դժկամ վերաբերմունք, բոլոր պաշտօնեաները քաղաքավարութեամբ եւ նոյնիսկ ժպիտով կը դիմաւորեն ուղեւորները, որոնք բոլորն ալ հաւանաբար ինծի պէս ուրախ են, որ փրկուած են Տուպայի օդակայանի ժխորէն: Անցագիրներու ստուգումը, ճամպրուկները ստանալը եւ թաքսիին մէջ տեղաւորուիլը կը տեւէ միայն 25 վայրկեան: Նոր օդակայանի կառուցումով՝ հրաշալի աշխատանք տարած է արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնէքեանի ընկերութիւնը, որ յառաջիկայ 25 տարիներուն պիտի ըլլայ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի գործերը տնօրինողը: Շինարարութեան երկրորդ եւ վերջին փուլը պիտի աւարտի 2010ին եւ «Զուարթնոց»ը, բոլորի վստահեցումով, պիտի ըլլայ շրջանի լաւագոյն օդակայաններէն մէկը, դառնալով կարեւոր գործօն՝ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման մէջ:

Վարորդն ու ես հպարտութեամբ կը խօսինք նոր օդակայանի մասին, կը յիշենք այն մութ ու ցուրտ տարիները, երբ Երեւանի օդակայանէն ճամբորդելը քաւարան մտնելու համազօր բան մըն էր, իսկ պաշտօնեաներու հետ շփումը՝ առնուազն տհաճ եւ նուաստացնող փորձառութիւն: Կը համաձայնինք, որ նոր օդակայանի կառուցումով հայրենիքը երկու քայլ առաջ գացած է՝ զարգացման դժուարին եւ երկար ճանապարհին վրայ: Այդ րոպէին, ճանապարհային ոստիկանութեան ինքնաշարժ մը կը հասնի մեր ետեւէն ու հաւասարելով մեր ինքնշարժին՝ խիստ հայեացքով մը ճամբու աջ եզրին կանգնելու նշան կ’ընէ մեզի: Ինքնաշարժը կանգնեցնելէ ետք, փոխանակ նստած սպասելու, ըստ հայաստանեան սովորութեան, վարորդը քիթին տակէն անհասկնալի բաներ մրթմրթալով սեփականութեան եւ վարորդական թուղթերը կը վերցնէ ու կ’երթայ ոստիկանին մօտ: Մօտ տասը վայրկեան ոստիկանն ու վարորդը ձեռքով-ոտքով բարձրաձայն կը վիճին իրարու հետ: Ոստիկանը թուղթերը կը փորձէ առնել վարորդէն, բայց վարորդը զանոնք իր կուրծքին սեղմած կը պահէ եւ կը շարունակէ վիճիլ ոստիկանին հետ: Ի վերջոյ, կարծէք համաձայնած՝ երկուքով կ’երթան կը տեղաւորուին ոստիկանի ինքնաշարժին մէջ: Տասը վայրկեան մըն ալ այդպէս կ’անցնի եւ ես կը սկսիմ անհամբեըր դառնալ ու երբ կ’որոշեմ միջամտել, ոստիկանն ու վարորդը դուրս կու գան ինքնաշարժէն ու շատ ջերմ, ականջէ ականջ հասնող լայն ժպիտներով ձեռք կը մեկնեն իրարու:

«Ի՞նչ պատահեցաւ», կը հարցնեմ վարորդին, երբ ան ղեկին կ’անցնի եւ ջղագրգիռ շարժումներով կը պատրաստուի վարել մեքենան: Կը բացատրէ, որ ապահովութեան ամրագօտիները կապած չըլլալուն համար ոստիկանը որոշած է տուգանել զինք: «Թէեւ սխալ է, բայց ոչ ոք ամրագօտիները կը կապէ Հայաստանի մէջ: Յուսամ, որ օրէնքը այլեւս կը պարտադրեն», կ’ըսեմ վարորդին: «Ի՜նչ օրէնք, այ մարդ, փող ուզեց, տուեցի, պրծաւ: Սա էլ քո նոր օդանաւակայանի ճանապարհային հին ոստիկանը», կը պատասխանէ վարորդը եւ բնականէն աւելի արագ քշելով կը սուրայ դէպի Երեւան: Սա մեր մէկ քայլ ետեւն է, բարձրաձայն կը մտածեմ: Զարգացող հասարակութեան մէջ հինն ու նորը, լաւն ու վատը շարունակաբար պիտի բախին իրարու: Դժուար պիտի ըլլայ ձերաբազատուիլ հին սովորութիւններէն, մտածելակերպէն եւ հասկացողութիւններէն: Մեծ ճիգերով նորը պիտի գայ երկու քայլ առաջ տանելու հայրենիքը, իսկ հինը պիտի քաշէ ետեւէն ու պիտի դանդաղեցնէ երթը: Ու կեանքը այսպէս պիտի շարունակուի՝ երկու քայլ առաջ, մէկ քայլ ետեւ:

Չեմ գիտեր, վարորդը որեւէ կարեւորութիւն եւ արժէք տուա՞ւ արդեօք փիլիսոփայական մտորումներուս, թէ այդ պահուն կը մտածէր իր կորսնցուցած գումարը երկու արագ քայլերով վերականգնելու մասին:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Leave a Reply