Կրթութեան Կամուրջ՝ Յանուն Ապագայի
Սուսաննային ծանօթացայ քանի մը Շաբաթ առաջ, երբ խումբ մը գործընկերներով Հայաստանի Վայոց Ձոր Մարզի Ռինդ գիւղը կ՚այցելէինք՝ ծանօթանալու համար Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութենէն օգնութիւն ստացող ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Գիւղը, որ ունի մօտ երեք հարիւր տուն՝ շուրջ 1500 բնակիչներով, կառուցուած է ուղիղ 40 տարի առաջ, երբ քանի մը քիլոմեթր անդին գտնուող հին Ռինդը հիմնովին քար ու քանդ եղած էր՝ հողի սահանքի պատճառով, եւ խորհրդային իշխանութիւնները որոշած էին նոր գիւղը կառուցել աւելի կայուն հողատարածքի վրայ։ 40 տարի առաջ խորհրդային չափանիշներով կառուցուած գիւղին մէջ ոչ մէկ բան աւելցած է, ոչ մէկ քար, ոչ մէկ նորոգութիւն։ Իսկ եղածն ալ՝ բաւական հինցած է եւ մաշած։ Յայտնի է, որ ոչ մէկ ներդրում կատարուած է՝ գիւղին ճամբաներուն, դպրոցին, մշակոյթի տան եւ ենթակառոյցներու նորոգման համար։
Գիւղի բնակիչներուն մեծ մասը կը զբաղի հողագործութեամբ, որմէ ստացուած եկամուտը դժուար թէ բաւարարէ ընտանիքի մը նուազագոյն կարիքները, մանաւանդ եթէ ընտանիքը բազմանդամ է։ Այս իսկ պատճառով բազմաթիւ երիտասարդ տղամարդիկ արտագնայ աշխատանքով մեկնած են արտասահման, գլխաւորաբար Ռուսաստան, քիչ մը աւելի գումար վաստակելու եւ ընտանիք պահելու նպատակով։ Իսկ Սուսաննայի ընտանիքը բազմանդամ է եւ ծախսերը՝ շատ։ Ան ունի երեք քոյր, եւ քանի որ եղբայր ունենալու բախտին չեն արժանացած, ընտանիքին բոլոր անդամները, իրենց մեծ հայրիկին եւ մեծ մայրիկին հետ, մնացած են Հայաստան եւ կ’ապրին նոյն տան մէջ։
Սուսաննայի հայրն ու մայրը, սակայն, գիշեր–ցերեկ աշխատելով, իրենց արդար քրտինքը հայրենի արգասաբեր հողին խառնելով՝ կրցած են դպրոց ուղարկել իրենց երեխաները եւ միաժամանակ՝ հոգ տանիլ տատիկին ու պապիկին։ Իրենց բերանի հացէն կտրելով՝ սահմանափակ միջոցներու ամէնէն դժուարին պայմաններուն դիմանալով՝ հոգացած են Սուսաննայի եւ երկու քոյրերուն համալսարանական ծախսերը (ամէնէն կրտսեր քոյրիկը դեռ դպրոցը չէ աւարտած)։ Սուսաննան ընդունուած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց՝ մասնագիտանալու դասական երգարուեստի մէջ, մեծ քոյրը՝ պատմագիտութեան ամպիոն, երրորդը՝ պետական համալսարանի թատերագիտութեան բաժին։
Երկու տարի առաջ, Սուսաննայի հայրը, որ Արցախի ազատագական կռիւի վեթերաններէն է, նախկին ազատամարտիկ, ստիպուած անգործութեան կը դատապարտուի՝ անդամալուծելու աստիճան ուժեղ յօդացաւերու պատճառով։ Մօր համար անկարելի կ’ըլլայ առանձինն հոգալ երկու ծերունիներու, հիւանդ ամուսնոյն եւ 4 դուստրերու ծախսերը։ Սուսաննան եւ իր մեծ քոյրը ճառահատ կը մտածեն կիսաւարտ թողուլ իրենց ուսումը եւ որեւէ գործ ճառելով՝ հոգալ առնուազն իրենց փոքր քոյրերուն ուսման ծախսերը։ Սուսաննայի եւ քրոջ որոշումին առաջին հերթին կ’ընդդիմանան տաղանդաւոր եւ խելացի աշակերտներու ճակատագրով մտահոգ բարեխիղճ դասախօսները։ Անոնց միջամտութեան շնորհիւ մեծ քոյրը կ’անցնի անվճառ ուսումի, իսկ Սուսաննան կը ստանայ երեսուն տոկոս զեղջ։ Նոյն ատեն, համալսարանի Ուսանողական խորհուրդի միջոցով կը ծանօթանայ Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութեան կրթաթոշակներու ծրագրին եւ կը ներկայացնէ համապատասխան դիմում՝ յուսալով, որ այս միջոցով պիտի կարենայ հետապնդել դասական երգչուհի ըլլալու իր երազը…
Սուսաննան մէկ տարիէն պիտի աւարտէ իր ուսումը։ Իր դասախօսներուն իսկ վկայութեամբ, ան փայլուն եւ հռչակաւոր արուեսագէտ մը ըլլալու բոլոր տուեալները ունի։ Երկրորդ տարին ըլլալով, Հայ կրթական հիմնարկութեան կրթաթոշակի ծրագրէն օգտուող Սուսաննան կ՚երազէ, որ օր մը պիտի դառնայ հռչակաւոր երգչուհի եւ իր շահած գումարներով պիտի զարգացնէ Ռինդ գիւղի դպրոցի արուեստի ծրագիրը եւ պիտի նորոգէ մշակոյթի տունը։ «Եթէ օր մը անծանօթ բարերարիս հանդիպիմ, պիտի ըսեմ, որ իր օգնութիւնը տասնապատիկով պիտի վերադարձնեմ՝ նորոգելով հայրենի գիւղիս դպրոցն ու մշակոյթի տունը, որպէսզի բոլոր փոքրիկները իրենց տաղանդը զարգացնելու հնարաւորութիւն ունենան», կ’ըսէ ան։ Սուսաննայի տունը համեստ է, բայց քանի որ ո՛չ ոք զրկուած է կրթութենէն, տան սենեակները ուրախութիւն եւ սէր կը ճաճանչեն։ Անոր երախտապարտ ընտանիքը չի ճանչնար ամերիկահայ բարերարը, բայց ամենայն բարիք եւ արեւշատ օրեր կը մաղթէ անոր։
Սուսաննային խոստացայ ամերիկահայ բարերարին փոխանցել իր սրտի խօսքը, իր երախտագիտական զգացումները։ Չեմ գիտեր, թէ ովքե՛ր էք դուք, Հայ կրթական հիմնարկութեան նուիրատուներ, բայց այս առիթը կ’օգտագործեմ՝ Սուսաննայի եւ անցեալ տարի կրթաթոշակի ծրագրէն օգտուած 29 հայ ուսանողներու անունով շնորհակալութիւն յայտնելու ձեզի։ Դուք փոխեցիք Սուսաննայի եւ 29 այլ ուսանողներու կեանքը։ Դուք, առանց աղմուկ–աղաղակի, պարզապէս մասնակից եղաք Հայաստանի ապագայի կերտումին։
Ձեր վարձքը կատար։
Գրեցէ՛ք ինծի:






