Կայունութեան Վերականգնումի Յոյսով
Ռուս–վրացական վերջին պատերազմը անմիջականօրէն ազդեցութիւն չունեցաւ Հայաստանի ժողովուրդին առօրեային վրայ։ Պատերազմի առաջին երկու օրերէն ետք պենզինի լցակայաններ սկսան միայն տասը լիթր պենզին տալ յաճախորդներուն, պատճառաբանելով, որ հարկ է խնայողութամբ օգտագործել այս կարեւոր վառելանիւթը, քանի որ Վրաստանի Փոթի նաւահանգիստ ժամանած պենզինը կարելի չէ եղած ճանապարհ հանել դէպի Հայաստան։ Միայն վարչապետին վստահեցումներէն ետք այս լցակայանները սկսան բնականոն կերպով պենզին վաճառել յաճախորդներուն, այն ալ միայն որոշ ժամանակի մը համար։ Անցնող շաբաթավերջին, պատերազմի պատճառով վնասուեցաւ Վրաստան–Հայաստան երկաթգիծի կամուրջային մէկ հատուածը եւ հակառակ այն պնդումներուն, որ նորոգութիւնները երկար պիտի չտեւեն, լցակայանները սկսան դարձեալ սահմանափակումներով վաճառել պենզինը։ Թէեւ այս օրերուն պենզինի եւ այլ ապրանքներու տագնապ գոյութիւն չունի, բացայայտ է, սակայն, որ պատերազմի երկարատեւութիւնը բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ ընդհանրապէս եւ ներածում–արտածումներուն վրայ՝ մասնաւորաբար։
Հայաստանի ապրանքներուն մեծ մասը կը ներածուի եւ կ’արտածուի Վրաստանի ճամբով, իսկ Փոթիի նաւահանգիստը Հայաստանի ծովային գլվաւոր ելքն է դէպի Ռուսաստան եւ Եւրոպա, որոնք Հայաստանի արտահանուած ապրաքներու ամէնէն մեծ շուկաներն են։ Նոյն ճամբով է, որ Հայաստան կը ներկրուին սպառողական ապրանքներ եւ մանաւանդ՝ վառելանիւթ։ Անշուշտ կարեւոր են նաեւ վրացական Պաթումի քաղաքի նաւահանգիստը եւ Իրան–Հայաստան ճանապարհը, որ Վրաստանէն ետք միակ ելքն է դէպի արտաքին աշխարհ եւ թուրք-ատրպեճանական շրջափակումի յաղթահարման ամէնէն կարեւոր միջոցներէն մէկը։
Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան համար, Վրաստան–Ռուսիա տագնապը եթէ ամբողջ տարածաշրջանային կայունութեան խիստ վտանգաւոր սպառնալիք կը հանդիսանար, պարզ ժողովուրդին համար, սակայն, անիկա մտահոգիչ էր սպառողական ապրանքներու եւ սննդամթերքի գիներու հաւանական բարձրացումի առումով։ Տագնապին առաջին իսկ օրէն ժողովուրդի խօսակցութեան նիւթ դարձաւ Վրաստանի նաւահանգիստներու եւ ճանապարհներու անվտանգութեան խնդիրը եւ ասոր իբրեւ հետեւանք սղաճի նոր եւ անբաղձալի ալիքի մը հաւանականութիւնը։ Եղան մարդիկ, որոնք քաղաքի շուկաներէն սկսան մեծ քանակութեամբ գնումներ կատարել եւ պարենաւորուիլ սննդամթերքով եւ պահեստի այլ ապրանքներով։ Ընդդիմութիւնը, իր հերթին, առիթը օգտագործեց քննադատելու իր կողմէ կրաւորական որակուող իշխանութեան դիրքորոշումը եւ անհասկնալի համարեց պատերազմի առաջին իսկ օրէն Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ չհրաւիրելու նախագահին կեցուածքը։ Նախագահն ալ, պէտք է ըսել, կռիւի սկիզբի օրերուն արձակուրդի էր եւ կը գտնուէր Պէյժինկ, ուր կը հետեւէր ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկներու մրցումներուն։ Ի գին ամէն ինչի Թուրքիա–Հայաստան կապերը բարելաւելու ջատագովները առիթը չփախցուցին հանրութեան յիշեցնելու Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու անհրաժեշտութիւնը եւ Հայաստանի աշխարհագրական խոցելի դիրքը։ Պաշտօնական յայտարարութիւններէն զատ, շատ բան չենք գիտեր, քուլիսներու ետին տեղի ունեցած հայ–վրացական եւ հայ–ռուսական բանակցութիւններուն եւ քաղաքական բարձրաստիճան ղեկավարներու առած քայլերուն մասին։ Գիտենք, սակայն, որ Հայաստանի շուկաներուն մէջ սպառողական ապրանքներու եւ սննդամթերքի պակաս չկայ, նոյնիսկ եթէ կան մարդիկ, որոնք պատրաստ են պղտոր ջուրերու մէջ ձկնորսութիւն կատարելու եւ ստեղծուած տագնապը չարաշահութեան աղբիւրի վերածելու։ Միւս կողմէ. դրական է նաեւ այն, որ թէեւ երկար, դարձդարձիկ ու լեռնային՝ բայց դեռեւս ապահով է ու բանուկ՝ Իրան–Հայաստան ճանապարհը։
Կը մնայ յուսալ, որ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը շուտով կը վերականգնի եւ Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհները շուտով կը վերադառնան իրենց բնականոն վիճակին։
Գրեցէ՛ք ինծի:






