Ֆրանսահայերը Շաբաթական Ցոյցեր Կը Կազմակերպեն Փարիզի Մէջ


ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսահայ կազամակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի կազմակերպութեամբ (CCAF), ֆրանսահայ երիտասարդական շարք մը կազմակերպութիւններ, ամէն Չորեքշաբթի օր գործունէութիւններ պիտի կատարեն՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտէն պահանջելով ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող օրինագիծը: Ֆրանսահայ «Նոր սերունդ» կազմակերպութեան ղեկավար Արմէն Սերոբեան յայտնած է, թէ արարքներուն նպատակն է ցոյց տալ, թէ ֆրանսահայ երիտասարդութիւնը կը դատապարտէ ժխտողականութիւնը եւ զայն կը համարէ հակասութիւն՝ Ֆրանսայի հանրապետութեան արժէքներուն:

Երիտասարդները պիտի համախմբուին «Թոյլ պիտի չտանք» կարգախօսին ներքոյ եւ Լիւքսեմպուրկեան պալատին դիմաց (ուր տեղակայուած է Ծերակոյտը) պիտի տեղադրուի վրան մը՝ ներկայացնելու Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան վնասները:

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող օրինագիծը ընդունուած էր 2006ի Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի Խորհրդարանի ստորին պալատին կողմէ:

Leave a Reply