Նորվեկիոյ Դեսպանը Անթիլիասի Մէջ


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2008ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Նորվեկիոյ դեսպան Օտլիզ Նուրհայմին։ Վեհափառին եւ դեսպանին խօսակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, յատկապէս՝ Լիբանանի ներքին կացութիւնը։ Յատուկ անդրադարձ եղաւ նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան։

Այս հարցերուն գծով վեհափառը դեսպանին փոխանցեց իր մօտեցումները։

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Նորվեկիոյ Լուտերական եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն։

Leave a Reply