2009էն Սկսեալ՝ Համացանցի Անլար Ծառայութիւն՝ Հայաստանի Մէջ
2009ի Յունուարին, Հայաստանի մէջ պիտի գործէ համացանցի անլար ծառայութիւններու նոր մատակարար iCon Communications ընկերութիւնը, որ պիտի տրամադրէ WiMAX ծառայութիւնը:
Ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ադամ Քապլանեանի խօսքերով, WiMAX-ը հաղորդակցական ճարտարագիտական չափանիշ է, որ կ’ապահովէ կայուն եւ շարժական տուեալներու անլար հաղորդում:
«Մենք ուսումնասիրել ենք Հայաստանում ինթերնեթ կապի որակը եւ պէտք է ասել, որ այն չի համապատասխանում ստանդարտներին (չափանիշներ-Խ)՝ արագութեամբ եւ մատչելիութեամբ», նշեց ընկերութեան գործադիր տնօրէնը՝ հաստատելով, թէ սպառողներու 80 տոկոսը կը գործածէ «Dial-up»ը, իսկ 5 տոկոսը՝ ADSL ծառայութիւնը. օգտուողներու ընդհանուր թիւի 30 տոկոսը ծառայութիւն կը ստանայ շաբաթական միայն 3-5 օր յաճախականութեամբ: Տուներու մէջ համացանցէն կ’օգտուի գործածողներու ընդհանուր թիւին 61 տոկոս ը, աշխատանքային վայրերու մէջ՝ 18 տոկոս ը, իսկ համացանցի սրճարաններ կը յաճախէ միայն 16 տոկոս ը: Ըստ անոր, ձեռք բերուած արտօնագիրը առիթ պիտի ընծայէ ընկերութեան լայնաշերտ համացանցի, իրական անհատականացուած ցանցերու (VPN) եւ IP հեռախօսի ծառայութիւններ մատուցելու Հայաստանի տարածքին:




