Նախագահ Մետվետեւ Պաշտօնական Այցելութեամբ Հայաստան Ժամանեց


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ: Ռուսիոյ նախագահին դիմաւորելու համար, Զուարթնոց օդակայան գացած էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: Նախագահ Մետվետեւի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, հաղորդակցութեան նախարար Իկոր Լեւիտի, ուժանիւթի նախարար Սերկէյ Շմատքօ եւ ռուս գործարարներ:

Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, ասիկա Տմիթրի Մետվետեւի առաջին այցելութիւնն է Հայաստանի հանրապետութիւն:

Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, երկու երկիրներու ղեկավարները ուղղուեցան Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի նստավայրը:

Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու առանձնազրոյց, որուն կը յաջորդեն բանակցութիւններ՝ ընդլայնուած կազմով: Բանակցութիւններու աւարտէն ետք կը ստորագրուին համագործակցութեան վերաբերեալ տարբեր փաստաթուղթեր: Այնուհետեւ Սերժ Սարգսեան ու Տմիթրի Մետվետեւ հանդէս կու գան բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով:

Երկու երկիրներու ղեկավարները ներկայ պիտի ըլլան Երեւանի մէջ Ռուսիոյ հրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Պաշտօնական այցելութեան ծրագրին մէջ է նաեւ Ռուսիոյ նախագահի այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ, ուր ան ծաղկեպսակ պիտի դնէ Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշակոթողին, իր անունը պիտի արձանագրէ պատուաւոր հիւրերու մատեանին մէջ, ծառ պիտի տնկէ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յիշողութեան պուրակին մէջ:

ՌԴ նախագահի Հայաստան այցելութեան նախաշեմին, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի 10րդ յոբելինական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:

Leave a Reply