Խճողում, Խցանումներ Եւ Ստորգետնեայ Կանգառներ
Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մայրուղիներուն վրայ եւ Երեւանի փողոցներուն մէջ խճողում ըսուած բանը գոյութիւն իսկ չունէր։ Անցած Կիրակի օր, խումբ մը ընկերներով որոշեցինք Սեւանայ լիճ այցելել՝ ձմեռնամուտէն առաջ վերջին անգամ ըլլալով վայելելու անոր գեղեցիկ բնութիւնը եւ համեղ ձուկը։ Նախապէս Սեւանէն Երեւան վերադարձը կը տեւէր 40-45 վայրկեան, ամենավատ պարագային՝ մէկ ժամ։ Անցած Կիրակի, սակայն, նոյն ճանապարհը կտրեցինք մէկուկէս ժամէն։ Երեւան տանող M–4 միջազգային մայրուղին խճողուած էր Սեւանէն եւ շրջակայ գիւղերէն վերադարձող հարիւրաւոր ինքնաշարժներով, իսկ ճանապարհային ոստիկանները, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին այդքան խճողում չէին տեսած, ոչ ալ հմտութիւնն ու կարողութիւնը ունին ծանրաբեռնուած պողոտաներ ղեկավարելու, քրտինքներու մէջ ընկղմած՝ կը փորձէին կարգի բերել հետզհետէ անհամբեր դարձող վարորդները։
Վերջին քանի մը տարիներուն աւելի քան հարիւր հազար ինքնաշարժ ներմուծուած է Հայաստան։ Մեծ մասը, բնականաբար, վաճառուած է Երեւանի բնակիչներուն, որոնց կենսամակարդակն ու եկամուտը աւելի բարձր է քան այլ քաղաքներու բնակիչներունը։ Մայրաքաղաքի ղեկավարները՝ քաղաքապետը, թաղապետերն ու աւագանին, կը խոստովանին, որ քաղաքը այնքան մեծ քանակով ինքնաշարժի երթեւեկութեան համար պատրաստ չէր եւ չունի անհրաժեշտ կառոյցներն ու հնարաւորութիւնները (կանգառներ, երթեւեկութեան նոր, արդիական լոյսեր, եւ այլն)։ Այս օրերուն, եթէ որոշէք Կեդրոնէն անցնելով Երեւանի մէկ ծայրամասէն միւս ծայրամասը երթալ, կրնաք աւելի քան մէկ ժամ խճողումի (հայաստանեան բառապաշարով՝ խցանումի) բռնուիլ եւ ինքնաշարժին մէջ անհանգստանալ ու բարկանալ։ Մեծ քաղաքներուն յատուկ այս երեւոյթը վերջին տարիներուն նորութիւն է Հայաստանի մէջ։ Նոյնիսկ վառելանիւթի երկինք հասած գիները չեն ազդած օրէ օր աւելի բազմացող ինքնաշարժներու ներմուծման եւ առքուվաճառքին վրայ։ Ժամանակին, միայն ռուսական լատաներ կը տեսնէինք Հայաստանի փողոցներուն վրայ, այսօր, սակայն, եւրոպական, ճափոնական, ամերիկեան եւ նոյնիսկ չինական եւ հնդկական ինքնաշարժներու ընկերութիւններ ցուցասրահներ եւ վաճառասրահներ բացած են Երեւանի մէջ եւ բոլորն ալ, ըստ երեւոյթին, շահաբեր գործարք կը կատարեն:
Մայրաքաղաք տանող ճանապարհներու եւ Կեդրոնի խճողումները կամ խցանումները թեթեւցնելու համար, Երեւանի ղեկավարները ձեռնարկած են շարք մը միջոցառումներու։ Առաջին հերթին, Երեւանի կեդրոնին շուրջ կը կառուցուին նոր ճամբաներ, որոնց նպատակը մայրաքաղաքի կեդրոնին ծանրաբեռնուածութիւնը նուազեցնել է։ Իսկ Կեդրոնի տարբեր թաղամասերուն մէջ կը կառուցուին կամուրջներ եւ ստորգետնեայ անցումներ, որպէսզի վարորդները ամէն րոպէ կարմիր լոյսերու առջեւ չկանգնին։ Սկսած է նաեւ աննախընթաց, համարձակ այլ ծրագրի մը իրագործումը՝ ստորգետնեայ կանգառներու կառուցումը։ Օփերայի եւ այլ հրապարակներու տակ, աւելի քան 1000 ինքնաշարժներու համար կը շինուին ստորգետնեայ եռայարկ կանգառներ։ Շինարարական այս աշխատանքները պիտի աւարտին մէկուկէս–երկու տարիէն, մինչ այդ, անոնք աւելիով պիտի խանգարեն– կը խանգարեն արդէն– ինքնաշարժներու բնականոն երթեւեկութիւնը ու պատճառ կը դառնան յաւելեալ խճողում–խցանումներու։
Հայրենիք այցելելու նպատակ ունեցող ընթերցողներուն կը թելադրեմ, որ խճողումի բռնուելու պարագային համբերատար ըլլան եւ ըմբռնումով դիմագրաւեն զբօսաշրջիկներուն համար ոչ այդքան հաճելի այս երեւոյթը։
Ի վերջոյ, Հայաստանը զարգացող երկիր է եւ այս խցանումներն ու շինարարութիւնները մաս կը կազմեն այս գործընթացին եւ այս իմաստով՝ նաեւ դրական երեւոյթ են, մանաւանդ եթէ յիշենք, որ 15 տարի առաջ, պատերազմի թէժ տարիներուն, ո՛չ վառելանիւթ կար, ո՛չ ալ ինքնաշարժներու աշխուժ երթեւեկութիւն՝ Հայաստանի ճանապարհներուն վրայ։
Գրեցէ՛ք ինծի:






