Յարձակում Լրագրող Էդիկ Բաղդասարեանի Վրայ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1 ».- «Հետաքննող լրագրողներ» Հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Էդիկ Բաղդասարեան, երէկ արնաշաղախ, ծեծուած, կիսամերկ՝ տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը ութին, այն պահուն, երբ Էդիկ Բաղդասարեան աշխատանքէն ետք, իր գրասենեակէն կը պատրաստուէր տուն երթալու, անոր վրայ յարձակած են երեք անյայտ անձեր:
«Մօտեցայ մեքենայիս, 3 հոգի արդէն ինձ էին սպասում, առանց որեւէ բառ ասելու յարձակուեցին վրաս ու սկսեցին հարուածել», «Ա1 »ին պատմած է Էդիկ Բաղդասարեան:
Բաղդասարեան դիմադրած է այնքան, մինչեւ յարձակողներէն մէկը քարով հարուածած է իր գլխուն, որուն յաջորդած առատ արիւնահոսութեամբ աւարտած է ծեծկռտուքը: Էդիկ Բաղդասարեան վազած է դէպի շէնք՝ խնդրելով շտապօգնութիւն կանչել: Երեք անձերը անոր վրայէն պոկած եւ տարած են խմբագրութեան պատկանող լուսանկարչական թանկարժէք գործիքը:
Դէպքէն անմիջապէս ետք, Էդիկ Բաղդասարեան «Ա1 »ին յայտնած է, թէ իրեն, վերջին շրջանին, ոչ ոք սպառնացած էր:




