10րդ Տարեդարձ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի Հիմնարկութեան
ՀՌՈՄ.- Կիրակի, 26 Հոկտեմբերին, Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի հիմնարկութեան 10րդ տարեդարձին առիթով, Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ՝ կատարողութեամբ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելեկեանի։
Պատարագին յաջորդեց հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ խորհուրդի անդամ Նուարդ Գրիգորեան, որ լուսարձակի տակ առաւ 10 տարիներու ընթացքին իրագործուած կարեւորագոյն ձեռնարկները։ Հայաստանի հաւատարմատար Տիգրան Սամուէլեան գնահատական խօսքեր ուղղեց խորհուրդին տարած համահայկական աշխատանքին համար։
Իր կարգին, Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելեկեան դրուատեց խորհուրդին գործունէութիւնը եւ վարժարանին ցոյց տրուած աջակցութիւնը։ Խօսք առաւ նաեւ հրապարակագիր եւ հայոց պատմութեան գիրքերու հեղինակ Մարքօ Թոզաթթի։ Հռոմի քաղաքապետարանի անունով Ֆետերիքօ Ռոքքա նշեց զանազան ձեռնարկներ, որոնք կատարուած էին Հռոմի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ եւ քաջալերանքով։ Իսկ խորհուրդին անունով Ռոպեր Աթթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց անվերապահ մասնակցութեան համար, յատկապէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին, որ ընդառաջելով խորհուրդի խնդրանքին՝ իր հաւանութիւնը տուած էր, որպէսզի խորհուրդը ունենայ իր սեփական կեդրոնը։
Աւարտին՝ պատրիարքը խօսք առնելով՝ քաջալերեց Հռոմի հայկական խորհուրդին ազգօգուտ գործունէութիւնը եւ սերտ գործակցութիւնը Լեւոնեան վարժարանին հետ։







