Նինոծմինտայի Մէջ ՀՕՄի Հիմնադրամը Երիտասարդական Կեդրոն Պիտի Բանայ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Չաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու յանձնախումբի ատենապետ Բագրատ Սարգսեան կը յայտնէ, որ Չաւախքի Նինոծմինտա շրջանին մէջ Երիտասարդական կեդրոն մը պիտի բացուի:

Սարգսեանի համաձայն, Նինոծմինտայի Երիտասարդական կեդրոնին համար արդէն ձեռք բերուած է շէնք՝ իր շրջակայ 1.5 հեքթար անտառապատ հողատարածքին հետ միասին, որ կը գտնուի քաղաքի կեդրոնական մայրուղիին վրայ: Շէնքը ունի հիմնարար վերանորոգման անհրաժեշտութիւն: Ըստ Սարգսեանի, շինարարական աշխատանքները կը սկսին գարնան:

Շուտով պիտի բարեկարգուին նաեւ Չաւախքի Փոկա հայաբնակ գիւղի Երիտասարդական կեդրոնի շէնքային պայմանները: Բ. Սարգսեան նշեց, որ Փոկայի կեդրոնը առաւելապէս պիտի ունենայ մարզական ուղղուածութիւն, որուն մարզական խմբակներուն մէջ այսօր ընդգրկուած են 80-100 երիտասարդներ: Երիտասարդական կեդրոնները կարեւոր կը նկատուին, որովհետեւ անոնց միջոցաւ կը լուծուին երիտասարդներու ազատ ժամանցի կազմակերպման հարցը:

Երիտասարդական կեդրոններ կը գործեն արդէն Ախալցխայի մէջ՝ 2005 թուականէն սկսեալ, եւ Ախալքալաքի մէջ՝ 2007 թուականէն սկսեալ: Բ. Սարգսեանի խօսքով, Երիտասարդական կեդրոնները դարձած են հայութեան հաւաքատեղի: Կեդրոններուն մէջ կը գործեն տարբեր խմբակներ՝ լեզուներու, ձեռագործութեան, մարզական, ինթերնեթ-ակումբ եւ այլն, ինչպէս նաեւ գրադարան, ուր միաժամանակ կը դասաւանդուին հայ ժողովուրդի պատմութիւն: Ախալցխայի մէջ բացուած մանկապարտէզը նպաստած է հայկական դպրոց յաճախող երեխաներու թիւի յաւելման:

Նշենք, որ 2006 թուականէն ի վեր, ՀՕՄի Չաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կ’իրագործուի Երիտասարդական կեդրոններու ծրագիրը:

Leave a Reply