Քաշաթաղ՝ Հայաստանի եւ Արցախի Պորտակապը


Ընկերս՝ Ռալֆ Երիքեանը, որ «ՎիվաՍէլ-Էմ.Թի.Էս.» եւ «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութիւններու ընդհանուր տնօրէնն է, իր պաշտօնին բերումով ամիսը գոնէ երկու անգամ Ստեփանակերտ կ’այցելէ: Միօրեայ այս այցելութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան Շաբաթ օրերուն, զբօսաշրջիկային հանգստաւէտ պտոյտներ չեն, այլ զուտ աշխատանքային բնոյթ ունին: Ռալֆը առաւօտ ժամը 4:30ին կ’արթննայ ու մէկ ժամ ետք ճամբայ կ’իյնայ դէպի Ղարաբաղ եւ մօտ 350 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող Երեւան-Ստեփանակերտ լեռնային դարձդարձիկ ճանապարհը կը կտրէ 3:45 ժամէն: Անցեալ Շաբաթ որոշեցի ընկերանալ Ռալֆին եւ Ղարաբաղի մէջ ինծի ընձեռուած քանի մը ժամը օգտագործել՝ հին ընկերներ տեսնելու, եւ զրուցելու անցած ու գալիք օրերու մասին:

Առաւօտ ժամը 5:30ին ճամբայ ինկանք եւ երեք ժամ չանցած՝ հասանք Բերձոր, նախկին Լաչին քաղաքը, որ Հայաստանը Արցախին կապող Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի եթէ ոչ միակ, գէթ մեծագոյն բնակավայրն է: Լաչինի միջանցքը հայկական ուժերուն կողմէ ազատագրուեցաւ 1992ին, Շուշիի պատմական ազատագրումէն կարճ ժամանակ մը ետք: Նկատի ունենալով այս միջանցքին ռազմավարական կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները որոշեցին անմիջապէս հայկական բնակավայրեր հաստատել Լաչին քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Շրջանը վերանուանուեցաւ Քաշաթաղ, իսկ Լաչին քաղաքը կոչուեցաւ Բերձոր:

Իշխանութիւնները յատուկ քաղաքականութեամբ (ինչպէս՝ հարկերէ ազատում, տուներու անվճար տրամադրում, ձրի ելեկտրականութիւն եւ այլն) քաջալերեցին Հայաստանի եւ այլ շրջաններու հայութեան Լաչին տեղափոխութիւնն ու բնակութիւն հաստատելը: Իննսունականներու սկիզբը, մանաւանդ երբ ծանր էր Հայաստանի ընկերատնտեսական վիճակը եւ համատարած էր աղքատութիւնը, բազմաթիւ ընտանիքներ, քաջալերուելով իշխանութիւններուն տրամադրած հնարաւորութիւններէն՝ փոխադրուեցան Քաշաթաղի շրջան եւ փորձեցին տուն-տեղ ստեղծել հայրենի ազատագրուած այս տարածքին վրայ: Իննսունականներու վերջաւորութեան, երկու հազար քառակուսի քիլոմեթր Քաշաթաղի բնակչութեան թիւը, ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, աճելով հասած էր շուրջ 13 հազարի:

Բերձորի մէջ խումբ մը ընկերներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացանք, որ վերջերս շրջանի բնակչութեան թիւը ոչ միայն աճ չէ արձանագրած, այլ սկսած է նուազելու, մտահոգելով թէ՛ ժողովուրդը, եւ թէ՛ Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնը:

Քաշաթաղի գիւղական շրջաններէն դէպի Երեւան հոսքին պատճառը տնտեսական տագնապն է: Մարդիկ պարզապէս չեն դիմանար ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ կը մեկնին Երեւան՝ գործ ճառելու եւ ընտանիք պահելու համար: Նախապէս հակառակ ուղղութեամբ էր հոսքը, քանի որ վատ էին Հայաստանի պայմանները, իսկ ազատագրուած այս շրջանները բնակեցնելու պետական քաղաքականութիւնը առնուազն գրաւիչ էր ու քաջալերական: Հիմա, կարծէք քաջալերական բան չէ մնացած այս հողամասին վրայ:

Ստեփանակերտ հասնելով՝ նոյն զրոյցը շարունակեցինք մեր ծանօթներուն հետ: Իմացանք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ղեկավարները արդէն իսկ մէկ օր առաջ այցելած են Բերձոր եւ այլ բնակավայրեր, ու ծանօթացած են շրջանի պայմաններուն: Անոնք խոստացած են դարձեալ ուշադրութեան կեդրոն դարձնել Քաշաթաղը, քանի որ անիկա ոչ միայն ճանապարհ է կամ սոսկ վարչական տարածք, այլեւ՝ Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող անփոխարինելի պորտակապը, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող միջանցք:

Ղարաբաղէն վերադրարձին որոշեցինք քիչ մը աւելի երկար ժամանակ անցնել Բերձորի մէջ եւ ծանօթանալ շրջանի ժողովուրդի ապրելակերպին ու դժուարութիւններուն: Այս մասին սակայն՝ յաջորդ շաբաթ:

Գրեցէ՛ք ինծի

rafdoud@aol.com

Leave a Reply