Տոլարն Ու Դրամը՝ Ֆինանսական Տագնապի Օրերուն


Ապրիլ 2004ին, երբ տակաւին նոր Հայաստան տեղափոխուած էի, մէկ տոլարին գինը աւելի քան 540 դրամ էր։ Այդ օրերուն, եթէ անհատ մը երկու-երեք հարիւր տոլար եկամուտ ունենար, կրնար մէկ ամիս, առանց մտահոգուելու, հոգալ իր նուազագոյն կարիքները։ 90ական թուականներու կէսերէն սկսեալ, հազարաւոր հայ ընտանիքներ տարիներ շարունակ ապրեցան արտագնայ աշխատանքի մեկնած իրենց հարազատներէն ամսական քանի մը հարիւր տոլար ստանալով։ Վերջին տարիներուն, սակայն, հայկական դրամը շարունակաբար արժեւորուեցաւ։ 2008ի կէսերուն, օրինակ, մէկ տոլարը կը վաճառուէր 300 դրամով, իսկ Եուրոն, որ 2004ի ամրան կ’արժէր աւելի քան 650 դրամ, 2008ի Օգոստոսին իջած էր մինչեւ 480 դրամի։ Հայկական ազգային դրամանիշի այս տրամաթիք արժեւորումին անդրադառնալով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները անընդհատ կու տային հետեւեալ բացատրութիւնները.

- Վերջին հնգամեակին Հայաստանի տնտեսութիւնը աննախընթաց աճ արձանագրելով՝ զօրացուցած է ազգային դրամանիշին դիրքերը։

- Դրամատնային փոխանցումները ցոյց կու տան, որ, ամէն տարի արտագնայ աշխատանքի գացած հայերը աւելի քան մէկ միլիառ տոլար կ’ուղարկեն Հայաստան։ Այս գումարը, սակայն, երկու-երեք անգամով աւելի է, եթէ նկատի առնուի նաեւ անհատներու միջոցով Հայաստան ներմուծուող կանխիկ գումարները։

- Հայաստանի իշխանութիւններուն ֆինանսաարժութային խիստ քաղաքականութիւնը, տեղական առեւտուրը միայն ազգային դրամանիշով կատարելու որոշումը, Հայաստանի կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշերու պահեստներուն աճը, եւ այլն։

Իշխանութիւնները նաեւ կ’առարկէին, որ դրամի արժեւորումը նպաստած է սղաճի կասեցումին։ Այս քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, կ’ըսէին անոնք, սպառողական ապրանքներու գիները մեծ մագլցում չեն արձանագրած, շնորհիւ արժեւորուած դրամի գնողական ուժին։ (Դժուար է տեսնել, թէ դրամի արժեւորումը ինչքանով նպաստած է սղաճի կասեցումին։ Հայաստանի բնակիչները եւ յաճախ հայրենիք այցելող սփիւռքահայերը կրնան վկայել, թէ ինչքա՜ն սղած է կեանքը Հայաստանի մէջ եւ որքա՛ն թանկացած են սննդամթերքն ու սպառողական ապրանքները)…

Հիմա, երբ ամբողջ աշխարհը կլանուած է ֆինանսական տագնապով եւ զարգացած բազմաթիւ երկիրներու տնտեսութիւնները մեծ ցնցումներու կ’ենթարկուին, Հայաստան եւս սկսած է զգալ տագնապին հետեւանքները, թէեւ դեռ երկու ամիս առաջ, իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ տագնապը այդքան մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենայ Հայաստանի վրայ։ Մեծ եկամուտներ ապահովող մետաղներու արտածումները գրեթէ դադրած են եւ հանքերու մէջ աշխատողները մնացած են անգործ, զգալիօրէն նուազած են դուրսէն ուղարկուող գումարները, եւ ինչպէս ամէն տեղ՝ անկում արձանագրած է անշարժ գոյքի առեւտուրը։

Տնտեսական կայունութիւնը եւ ֆինանսական ցնցումներէ խուսափիլը այս օրերուն դարձած են Հայաստանի իշխանութիւներուն առաջնահերթ մտահոգութիւնները։ Արդէն իսկ բոլորն ալ համոզուած են, որ արագ արժեւորուած դրամը կրնայ շատ աւելիով կորսնցնել իր արժէքը եւ քաոսային վիճակի մատնել տնտեսութիւնը։

Անշուշտ, այս ցնցումներէն առաջին տուժողները պիտի ըլլան անգործները, դուրսի եկամուտներէն կտրուած բազմահազար քաղաքացիները եւ սահամանափակ գումարներով ապրող հազարաւոր ընտանիքները։ Իսկ անոնք, որոնք դրամի արժեւորումէն մեծ օգուտներ քաղեցին ու իրենց միլիոններուն վրայ քանի մը տասնեակ միլիոն եւս աւելցուցին, այդքան ալ մտահոգուելու պատճառ պիտի չունենան, որովհետեւ միշտ հնարաւորութիւնն ու լծակները ունին այլ միջոցներով շարունակելու իրենց շահամոլական գործունէութիւնը։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

——————————————————————————————————————

Յարգելի Րաֆֆի,

Կարդացի Ձեր «Գերեզմաններն ու՞մ թողնեն…» գրութիւնը դեռ «Ասպարէզը» չցրուած, Երեքշաբթի երեկոյեան, համակարգիչով: Կլէնտէյլում, Հայաստանի իմ ընկերներից Կարէնը ասել էր ինձ այս նախադասութեան մի այլ տարբերակը. «Արա, Աբուլիկը Երեւանում եօթ հատ գերեզման ա պահում. մալադե՛ց իրան»: Գերեզման պահելը մարդ պահելու պէս մի բան էր ստացւում: Անցեալ ամրանը, երբ Երեւանում էի, հասկացայ, թէ դա ինչ է նշանակում: Միայնակ ապրող հօրաքոյրս տարաւ ինձ ցոյց տալու իր ծնողների (իմ տատիկի եւ պապիկի) գերեզմանը, որ կարգաւորել էր եւ՝ լռելեայն դասաւորել իր տեղը: Բոլորս այստեղ ենք: Ինքն էր հոգում իր գերեզմանը ողջ ժամանակ: Եւ ցոյց էր տալիս անտէր շիրիմներ, որոնք վերավաճառւում էին առասպելական գներով: Փաստօրէն Աբուլիկը արտագաղթած իր գերդաստանի Երեւանում մնացած միակ ընտանիքն էր եւ բոլորի փոխարէն, տէր էր կանգնում այդ գերեզմաններին: Նիւթական օժանդակութիւնը գնում է այստեղից, իսկ «ողջ կենացներն» ու բաժակաճառերը խմւում են այստեղ: Եւ գերեզմանները յաջորդաբար ժառանգւում են ծանօթ-բարեկամի, հարեւանի, մի կարիքաւորի, որպէս աշխատանք ու մի օր էլ վաճառւում են, եւ այդ անձը կար ու չկար, լինում է, չի լինում, մի մարդ է լինում անունը՝ Րաֆֆի, որ գրում էր այս պատմութիւնները…

Սիրելի Րաֆֆի, մխացող ծխի, մռմռացող վէրքի նման հարցի մասին էք գրել, անլուծելի, մշուշոտ: Ստացւում է, որ մահից յետոյ էլ ես քաշքշւում, դեռ այս անգամ՝ գերեզմանիդ հետ միասին: Տխուր է:

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՒՈՐԳԵԱՆ

karine@derkevorkian.com

Leave a Reply