Թուրք-Հայկական Յարաբերութիւններու, Մարտ 1ի Եւ Այլ Նիւթերու Մասին
Թրքական մամուլին մէջ վերջերս շատ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման, երկու երկիրներու ղեկավարութեան միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, արձանագրուած աննախընթաց յառաջընթացին եւ անկիւնադարձային համաձայնութեան մը հասնելու հաւանականութեան մասին: Թուրք պետական դէմքեր առիթ չեն փախցներ ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու, թէ որքա՜ն երկար ճամբայ կտրած են երկու պետութիւններուն միջեւ գաղտնի եւ յայտնի բանակցութիւնները, թէ երկու կողմերը որքա՜ն մօտեցած են համաձայնութեան, եւ թէ մօտ ատենէն ի՛նչ լաւ լուրեր, մե՜ծ աւետիսներ պիտի պարգեւեն աշխարհին, եւ այլն: Յետոյ, անշուշտ, թուրք պետական այրերը չեն մոռնար յիշեցնելու, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գլխաւոր, եթէ ոչ միակ, խոչընդոտը Հայկական Սփիւռքն է, որ ամերիկեան Քոնկրէսին եւ այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կ’արծարծէ ու կը թունաւորէ քաղաքական դրական մթնոլորտը, որ ստեղծուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն միջեւ։
Զարմանալի ոչինչ կայ թուրք պետական այրերու այսօրինակ յայտարարութիւններուն մէջ։ Թուրքիա Ցեղասպանութեան ճանաչումը արգելակելու իր խաղն է, որ կը խաղայ եւ ամէն միջոցի կը դիմէ աշխարհին ցոյց տալու, թէ ի՛նչ վեհանձն, բարեացակամ մօտեցում ունի Հայաստանի հանդէպ, հակառակ Սփիւռքի յարուցած բազմապիսի դժուարութիւններուն։ Զարմանալին այստեղ, Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական ուժերուն, իշխանամէտ ըլլան անոնք թէ ընդդիմադիր, ամբողջական լռութիւնն է։ Կը թուի, թէ Հայաստանի քաղաքական ուժերն ու կուսակցութիւնները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հետագայ ընթացքին, հոլովոյթին եւ բնոյթին մասին ո՛չ խոր ըմբռնում, ո՛չ հասկացողութիւն եւ հեռանկար ունին, ոչ ալ նկատառելի հակակշիռ ունին անոնց վրայ։ Ցարդ ոչ մէկ կուսակցութիւն, ոչ մէկ քաղաքական ուժ կրցած է աւանդական լոզունգներէն անդին անցնիլ եւ առարկայական գնահատական տալ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն եւ անոնց ընթացքին մասին։ Զարմանալի է նաեւ, որ ոչ պետական այրերը, ոչ ալ քաղաքական գործիչները հակադարձած են Սփիւռքի գործունէութեան մասին Թուրքիոյ յայտարարութիւններուն…
Այս օրերուն, ըստ երեւոյթին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններէն աւելի, բոլորը հետաքրքրուած են ընդդիմադիրներուն կազմակերպելիք Մարտ 1ի հանրահաւաքով եւ Մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի քաղաքապետի եւ քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններով։ Կիրակի օր տարելիցն է անցեալ տարուան ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած տխրահռչակ դէպքերուն, որուն զոհ գացին տասնեակ մը հայեր։ Ինչպէս հայ-թրքական յայաբերութիւնները, Մարտի իրադարձութիւնները եւս տակաւին կը սպասեն քաղաքական առարկայական գնահատականի։ Բայց գնահատականէ աւելի, ընդդիմութիւնը կը փորձէ Մարտ 1ի ցաւալի դէպքերու տարելիցը օգտագործել՝ վերաշխուժացնելու իր վերջերս խամրած գործունէութիւնը եւ Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն նախօրեակին կրկին ոտքի հանելու ժողովուրդի դժգոհ հատուածը։ Ի վերջոյ, Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները, նախագահական ընտրութիւններէն ետք, ամէնէն կարեւորն են Հայաստանի մէջ եւ զարմանալի չէ, որ քաղաքական ուժերը մեծ թափով կը պատրաստուին գալիք ընտրապայքարին։ Իշխանութիւնները, որոնք կը շարունակեն զգալ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ճնշումը, ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն՝ սահամանափակելու համար ընդդիմադիրներուն գործունէութիւնը եւ իրենց բոլոր լծակներու ամբողջական լարումով՝ կը պատրաստուին քաղաքապետական ընտրութիւններուն։
Գարնան տաք օրերուն հետ, Հայաստանի քաղաքական կեանքի ջերմաստիճանը եւս պիտի բարձրանայ։ Կը մնայ, որ քաղաքական ուժերը, ընդդիմադիր թէ իշխանամէտ, Մարտ 1ի տխուր իրադարձութիւններէն բան մը սորված ըլլան եւ հեռու մնան Հայաստանի վարկին, հեղինակութեան եւ անվտանգութեան վնաս պատճառող վտանգաւոր նախաձեռնութիւններէ։
Գրեցէ՛ք ինծի:






