12րդ Կարգ Փրկութեան Ճամբան


Տարիներէ ի վեր, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը ճիգ թափած է եւ ժամանակ տրամադրած է Հայ ժողովուրդին ու յաջորդող սերունդներուն հայութիւնը ու Հայ մշակոյթը պահելու համար։ Այս դպրոցը շատ հպարտ է իր գործերով. ան յաջողած է օգնել Սփիւռքի հայկական բոլոր գաղութներուն եւ հայրենիքին։ Հետեւաբար, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս»ի աւարտական դասարանը կազմակերպած է դրամահաւաք մը՝ ի նպաստ «Իրաքահայ Ֆոնտ» կազմակերպութեան։

«Իրաքահայ Ֆոնտ»ը առաջին անգամ սկսած է իրաքահայ գաղութին կողմէ Հայ օգնութեան միութեան օգնութեամբ։ Այս ֆոնտին նպատակն էր օգնել Իրաքի մէջ հայ ժողովուրդին, որ պատերազմի պատճառով կ’ապրի այսօր վատ վիճակի մէջ։ Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ Իրաքէն գաղթած են, բայց շատեր ստիպուած են տակաւին ապրելու այս գէշ պարագաներուն մէջ։ Կարիք ունին նիւթական օգնութեան՝ բարելաւելու համար իրենց ապրուստը։

Ես, համեստօրէն իբրեւ կազմակերպիչը այս ձեռնարկին, հպարտ եմ յայտնելու, որ «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս»ի 12րդ դասարանի աշակերտութիւնը արդէն սկսած է աշխատանքներ տանելու, այս ֆոնտին նպաստելու համար։ Մեր նպատակն է հանգանակել 2000 Ամ. տոլար։ Այս աշխատանքին համար մասնակից պիտի դարձնենք 6րդ կարգէն միջեւ 12րդ կարգի աշակերտութիւնը։

Խորին շնորհակալութիւն կ’ուզենք յայտնել մեր տնօրէնին՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին, իր աջակցութեան համար, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ մանաւանդ պրն. Գէորգ Սարգիսեանին՝ իր օժանդակութեան համար։

Յոյսով ենք, որ կը հասնինք մեր նպատակին եւ այսպիսով ծառայած պիտի ըլլանք հայ ժողովուրդին։

Leave a Reply