2010ին Մինաս Աւետիսեանի Գործերը Պիտի Ցուցադրուին Իտալիոյ Մէջ
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ.ամ».- 2010ին Մինաս Աւետիսեանի գործերը պիտի ցուցադրուին իտալական քանի մը քաղաքներու մէջ, որոնց շարքին՝ Հռոմ, Նափոլի, Ֆլորենցիա:
Սոյն միջոցառումը Նախաձեռնուած է Նափոլիի «Արուեստներու ակադեմիայի» դոկտոր-փրոֆեսէօր Ֆրանչեսքօ Կալլոյի, որ արդէն երկրորդ անգամն է, որ այցելած է Հայաստան:
Այս անգամ փրոֆեսէօրը հանդիպած է մշակոյթի նախարարին, Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանին եւ շարք մը ուրիշ պաշտօնեաներու հետ, քննարկելու համար կազմակերպչական մանրամասնութիւնները: Մինասի ընտանիքը Մասնագէտին իր աջակցութիւնը յայտնած է: Իտալիոյ մէջ Կալլօ կը պատրաստուի հանդիպումներ ունենալու տեղական պաշտօնեաներու, որոնց կարգին՝ մշակոյթի նախարարին հետ:
Ցուցահանդէսներուն համար կը նախատեսուի Իտալիա փոխադրել Մինասի գործերէն աւելի քան 100ը, սակայն առ այժմ չեն որոշուած ցուցադրութիւններու ժամկէտները:
Ֆրանչեսքօ Կալլօ այս նիւթով դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ ԵՊՀ պատմութեան համալսարանի արուեստաբանութեան բաժնին մէջ:




