«Կարկա»չ Մանկապատանեկան Եւ «Այգ» Երիտասարդական Երգչախումբերու Միացեալ Ելոյթ Կիպրոսի Մէջ


 

 ՊԷՅՐՈՒԹ, ԼԱՌՆԱՔԱ, «Ազդակ».- Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2009ի առաւօտեան ժամը 4ին, ելոյթ ունենալու համար Լիբանանէն Կիպրոս մեկնեցան Համազգայինի «Կարկա»չ մանկապատանեկան եւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը: 99 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր երգչախումբերու խմբավար Զաքար Քէշիշեան եւ նուագակցող Կամիլա Քէշիշեան, ինչպէս նաեւ վարչական պատասխանատուներ:
 Լառնաքայի մէջ շրջապտոյտ մը ունենալէ ետք, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Լառնաքայի քաղաքապետ Անտրէաս Մոյսէոսի, նախագահութեամբ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, երեկոյեան ժամը 7։30ին Լառնաքայի քաղաքապետական թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կարկա»չ եւ «Այգ» երգչախումբերուն ելոյթը։
 Հանդիսութեան բացման խօսքը յունարէնով արտասանեց Էֆի Մահտեսեան, որ նշեց, թէ ելոյթը շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մըն է, իսկ «Կարկա»չն ու «Այգ»ը Սփիւռքի մէջ հիմնական երգչախումբերէն են։ Մահտեսեան յոյս յայտնեց, որ կարկաչականները կը շարունակեն կարկաչել՝ պահպանելու համար մշակութային ժառանգութիւնը։
 Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի ատենապետ Ատուր Գարակիւլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Լառնաքայի քաղաքապետութեան ու քաղաքապետին՝ նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը յաջողած է հաւաքական ճիգերով։ Ան ըսաւ, թէ այս նախաձեռնութիւնը սկիզբը պէտք է հանդիսանայ՝ լիբանանահայութեան եւ կիպրահայութեան միջեւ փոխադարձ գործակցութեան աշխատանքներ ու միջոցառումներ որոնելու համար ։ Յայտագիրին առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկա»չ պատանեկան երգչախումբը, որ ներկայացուց 11 երգեր, որոնցմէ կարելի է նշել՝ «Երկիր իմ, Հայաստան», «Հայի աչքեր», «Կոմիտասեան խճանկար», «Խոզուկին գանգատը» եւ այլ ստեղծագործութիւններ։ Երկրորդ բաժինով «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը երգեց յեղափոխական երգաշար մը, ինչպէս նաեւ վեց այլ երգեր՝ «Սրտիկ մալուլ մի մնայ», «Երգիր ինձ համար», «Եաման եար»։ Նշենք, որ յեղափոխական երգաշարէն ետք, «Այգ»ին միացաւ հայկական ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը, որուն մաս կը կազմեն Կամիլա Քէշիշեան (դաշնակ), Զաքար Քէշիշեան (շուի), Յակոբ Գելուկեան (տուտուկ), Մարիա Պարտիզպանեան (քանոն), Րաֆֆի Շաննագեան (թառ), Սեպուհ Այնթապլեան (ձեռնադաշնակ) եւ Արթիւր Քէշիշեան (տհոլ)։
 Հանդիսութեան վերջին երգը՝ «Կենաց երգ»ը միասնաբար երգեցին երկու երգչախումբերն ու նուագախումբը։ Այս առիթով խմբավար Զաքար Քէշիշեան յիշատակի նուէրներ յանձնեց Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղին։
 Ելոյթին յաջորդող օրը պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Այա Նափա, ուր այցելեց զբօսաշրջային վայրեր։ Յատկանշական էին եկեղեցիներուն մէջ անդամներուն կողմէ շարականներու երգեցողութիւնն ու նուագակցութիւնը։ Կիրակի գիշեր անդամները վերադարձան Լիբանան։

Leave a Reply