Բակօ Սահակեան Կ՛ակնկալէ Շուշիի Աշխատանքներու Լայն Լուսաբանում


 

 ԱՐՑԱԽ.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 22ին հանդիպում մը ունեցաւ  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պատուիրակութեան հետ, զոր կը գլխաւորէր գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:
 Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հիմնադրամին կողմէ ԼՂՀի մէջ իրականացուող ծրագիրները, որոնց մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանացան Շուշիի մէջ կատարուելիք շինարարական աշխատանքները:
 Երկրի ղեկավարը ընդգծեց, որ նախատեսուած ծրագիրները պէտք է իրականացուին որակով եւ ճշգրիտ ժամանակին՝ ընդարձակ կերպով լուսաբանելով աշխատանքներուն ընթացքը:
 Նշենք, որ նոյն օրը, պատուիրակութեան հետ հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ ԼՂՀ  վարչապետ Արա Յարութիւնեան, որ վարչապետի յուշամետալով պարգեւատրեց ԱՄՆ Արեւմտեան մասնաճիւղի պատասխանատու Սարգիս Քոթանջեանը՝ Արցախի հանրապետութեան մատուցած անոր բարեսիրական ծառայութիւններուն համար:

Leave a Reply