Փորձելով Վերլուծել Միջին Արեւելքի Վերջին Դէպքերու Յետին Ծալքերը…


ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ

ԻՍՐԱՅԷԼ ՄՏԱՀՈԳ Է ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՆՑՈՒԴԱՐՁԵՐՈՎ

Թել Աւիւէն ստացուած լուրերու համաձայն, Իսրայէլի հետախուզական գործակալութեան շրջանակները խիստ մտահոգ են Մուպարաքի վարչակարգի տապալման գծով: Ըստ անոնց, նման բան կրնայ իսկական տագնապ յառաջացնել Իսրայէլ-Եգիպտոս յարաբերութեանց մէջ:

Իսրայէլի համար Եգիպտոսի ներկայ ղարմաղալին մէջ ամենակարեւորն ու կայուն ազդակը բանակը կը նկատուի: Ի՞նչ կը նշանակէ նման հաստատում: Պարզ ասած՝ հետեւեալը.

Մինչ ԱՄՆ ու Արեւմուտքը առհասարակ գրաւը կը դնեն Եգիպտոսի մէջ Պարատէիի ղեկավարութեամբ այսպէս կոչուած՝ չափաւորական իշխանութեան մը հաստատման, Իսրայէլ կ՛ընդգծէ, թէ իր շահերը լաւագոյնս կը պաշտպանուին բանակային բարձր քատրերու կողմէ հաստատուելիք նոր իշխանութեամբ:

Որպէսզի Եգիպտոսի յետ-մուպարաքեան կառավարութեան մէջ Իսլամ Եղբայրակցութիւնը այս կամ այն ձեւով իշխանութեան մէջ որոշ բաժին չունենայ, Իսրայէլի համար լաւագոյն ընտրանքը պիտի ըլլայ իշխանութիւն մը, որ անմիջապէս պիտի վերանորոգէ երկու երկիրներուն միջեւ 1979ին հաստատուած խաղաղութեան համաձայնագիրը: Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախկին նախարար Հիւսէյն Թանթաուի, որ Յունուարի 29ին Մուպարաքի կողմէ պաշտօնէ արձակուած էր, անցնող տարուն ընթացքին կը պնդէր վերանորոգել Իսրայէլի հետ գոյութիւն ունեցող խաղաղութեան համաձայնագիրը: Ըստ նոր պատկերացումին, Եգիպտական ուժեր պիտի յղուէին Սինայի սահման ու վերջ պիտի տրուէր հոն հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան:

Ըստ Իսրայէլի հետախուզական մարզի մասնագէտներուն, նման ընթացք մտահոգիչ է թէ՛ Արեւմուտքին, թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ Իսրայէլի համար:

«Խնդիրը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ Եգիպտոսի ընդդիմութեան բոլոր տարրերն ալ համաձայն են Սինայի սահմանէն խաղաղարար ուժերու հեռացման, ինչ որ ցարդ Եգիպտոս-Իսրայէլ խաղաղութեան համաձայնագիրի հիմնական տուեալն է», նշած է Եգիպտոսի մօտ Իսրայէլի նախկին դեսպան Էլի Շաքեթ:

Այս հարցը մանաւանդ կարեւոր կը դառնայ, եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ վերջին տասնամեակին, Իսրայէլ գրեթէ զինուորական ուժէ պարպած էր Եգիպտոսի հետ իր ունեցած 200 քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանը, հոն հաստատուած խաղաղարար ուժերու գոյութեան արդիւնքով:

Նոյն աղբիւրները նաեւ կը պնդեն, թէ ԱՄՆ հիմնական դերակատար էր Մուպարաքի վարչակարգի քայքայման մէջ: «Օպամայի վարչակարգը հիմնական դեր խաղաց Մուպարաքի անկման մէջ», կը յայտարարէ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետերէն Էորամ Միթել…

ԱՄՆ-Ի ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ…

Ըստ որոշ աղբիւրներու, ԱՄՆ հիմնական դերակատարութիւն ունի Մուպարաքի վարչակարգի տապալման մէջ: Ըստ ԱՄՆի կառավարական որոշ փաստաթուղթերու, Գահիրէի մօտ ԱՄՆի դեսպանատան պատասխանատուներ Եգիպտոսի ընդդիմադիր կողմերուն հետ յարաբերութիւններ սկսած են մշակելու տակաւին 2008 թուականէն սկսեալ:

Ըստ Գահիրէէն ստացուած ԱՄՆի դեսպանատան պատկանող փաստաթուղթի մը, «Եգիպտոսի ընդդիմութիւնն ու ոչ կառավարական հիմնարկութիւնները (NGO’s) օրին այդքան ալ լաւատես չէին վարչակարգի փոփոխութեան կարելիութեան նկատմամբ:

Փաստաթուղթին համաձայն, ԱՄՆի պատասխանատուներ օրին (2008ին) հանդիպած են եգիպտացի ընդդիմադիր երիտասարդ քատրի մը հետ, որ ժամանակամիջոցի մը համար կալանքի տակ էր: Երիտասարդ ընդդիմադիրը 2008ի Դեկտեմբերին Ուաշինկթըն բերուած էր: Ան պատասխանատուներու հետ զանազան հանդիպումներու ընթացքին ընդգծած էր, որ «Մուպարաքի վարչակարգէն բարենորոգումներ սպասելը անհիմն է»: Ան նաեւ ըսած է, թէ «Եգիպտոսի ընդդիմադիր ուժերը վարչակարգի՝ դէպի ժողովրդավարական կարգերու հաստատման փոփոխութեան փորձ պիտի կատարեն 2011-ին»:

Փաստաթուղթը, որուն հեղինակը Գահիրէի մօտ ԱՄՆի դեսպան Մարկարէթ Սքոպէյն է, կը պնդէ, որ «Օրին, դեսպանատունը այնքան ալ վստահ չէր երիտասարդ ակտիւիստին ըսածներու ճշգրտութենէն»:

Այսուհանդերձ, «Ապրիլ 6»ի Եգիպտոսի երիտասարդ տարրերու կողմէ շղթայազերծուած շարժումը լաւ ազդեցութիւն թողած է ԱՄՆի ղեկավարութեան վրայ, որուն հիմամբ, ԱՄՆ զանազան միջոցներով երիտասարդներու օգնութեան փութացած է՝ անոնց տրամադրելով հաշուիչ ու հաղորդակցութեան արդիական սարքեր: ԱՄՆ նոյնիսկ երիտասարդները մարզած է ճարտարարուեստի օժանդակութեամբ ոստիկանական ուժերէն ծածուկ մնալու եւ զանոնք շրջանցելու միջոցներուն ու գիտութեան:

ՍՈՒՐԻԱ ԵՒ ՅՈՐԴԱՆԱՆ…

Ըստ քաղաքական դէտերու, Յորդանանը կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ վարչակարգերու տապալման յաջորդ թիրախը ըլլալ:

Արեւմտեան դիւանագիտական շրջանակներ կ՛ընդգծեն, որ Հաշիմի թագաւորութեան նկատմամբ ընդդիմութիւնը, ղեկավարութեամբ տեղւոյն Իսլամ Եղբայրակցութեան, արդէն հազարաւորներ փողոց կրնայ իջեցնել ու կրնայ վարչապետ Սամիր Հաշիմիի կառավարութեան վերջ տալ:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, իշխող շրջանակին ու թագաւորական պալատին մէջ շփոթ կը տիրէ՝ ինչպիսի՛ քայլերու դիմելու առնչութեամբ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ իշխանութիւնները արդէն իսկ բաւականին ուժ ղրկած են երկիրի հիւսիսն ու հիւսիս-արեւելքը՝ քրտական հաւանական շարժումի մը առաջքը առնելու մտադրութեամբ: Լրատուական աղբիւրներէ կ՛իմանանք, որ քրտական հատուածը արդէն իսկ աշխուժութեան նշաններ ցոյց կու տար նախորդ շաբթուան ընթացքին, որուն ի տես՝ իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն հաստատած են Հալէպի ու Գամիշլիի մէջ:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, քիւրտեր հակա-կառավարական ցոյցեր կատարած են Գամիշլիի մէջ Յունուար 29ին: Սուրիոյ ապահովական ուժերը արգելք հանդիսացած են ցոյցերու՝ դէպի այլ քաղաքներ տարածմանը: Գամիշլիի մէջ ապահովութեան ուժերը նոյնիսկ կրակմարի դրութիւն հաստատած են: Ապահովութեան ուժեր նաեւ ողողած են քիւրտերով բնակուած Հասաքէ քաղաքը:

Տեղին է նշել, որ խլրտումները սկսած էին Յունուար 19ին, երբ երկու քիւրտ ընդդիմադիրներու վրայ կրակ բացուած էր, որուն հետեւանքով ալ, կացութիւնը որոշ չափով շիկացած էր Հալէպի մէջ, ուր քիւրտ երիտասարդներ նոյնիսկ հրկիզած էին ապահովութեան ուժերուն ու բանակին պատկանող կառքեր:

Վերադառնալով Յորդանան՝ տեղւոյն Իսլամ Եղբայրակցութեան պետ Րիֆահի ընդգծած էր, որ տիրող կաշառակերութիւնը (corruption) այլեւս անտանելի էր, հետեւաբար եւ՝ անթոյլատրելի: Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, թագաւոր Ապտուլլահ դժուար կացութեան առաջ կը գտնուի եւ իր վարչակարգը կրնայ տապալիլ, եթէ մտիկ չընէ ժողովրդային ցասումին:

ԵՄԷՆ…

Եմէնն ալ դուրս չի մնար Միջին Արեւելքի արկածախնդրական այս իրավիճակէն:

Աղբիւրները կը մատնանշեն, որ հոն եւս սկսած ժողովրդային խլրտումները կրնան վարչակարգի փոփոխութեան հասնիլ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ Եմէնը արաբական աշխարհի գրեթէ ամենաաղքատ ժողովուրդը եւ ամենակաշառակեր ու ամենակեղտոտ վարչակարգը ունի: Յառաջիկայ շաբաթներուն Եմէնը քաղաքական դէտերու կողմէ հետեւելիք ամենատաք գօտիներէն մէկը պիրի ըլլայ կարծէք…

ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ…

Գրած էինք արդէն, որ Սէուտական Արաբիա ոգի ի բրին կը գործէ՝ արաբական առաջին կորիզային ուժը դառնալու իմաստով: Նորութիւնը այն է, որ սէուտական աղբիւրներ անցեալ շաբաթ յայտարարեցին, թէ արդէն իսկ ծրագիրներ մշակուած են իւրանիոմի (Uranium) մշակման ու զտման վերաբերեալ:

Յայտարարութիւնը կատարողը Տէյվիտ Քոքսն է, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործող Ֆինլանտական խորհրդատուական ընկերութեան մը պատասխանատուն է: Թէ Միջին Արեւելքի ներկայ թէժ կացութեան մէջ Սէուտական Արաբիոյ առած այս քայլը որքա՞ն աւելիով կրնայ թէժացնել կացութիւնը՝ այդ կը թողունք ընթերցողի գնահատման…

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Քաղաքականութեամբ հետա-քրքրուած պարզ ընթերցողին մօտ ուրուագծուած մեծ հարցականը սա է. Ինչպէ՞ս բացատրել Միջին Արեւելքի մէջ տագնապներու այս իրերայաջորդ փուլերը, որոնք, անգլերէն լեզուով՝ Domino Effect-ի (Տոմինոյի շարուած քարեր, որոնք մէկ հպումով փուլ կու գան) համ կու տան:

Իմ կարծիքով, պատասխանը հետեւեալ կերպ կարելի է բանաձեւել.

Ի տես Միջին Արեւելքի մէջ ծայրայեղ իսլամութեան (Muslim Extremism) յառաջխաղացքին, ԱՄՆ եւ Արեւմուտքը առհասարակ (չմոռնալով նաեւ Իսրայէլը) նախայարձակ քայլով մը կ՛ուզեն այդ մենատիրական դրածոյ նախկին վարչակարգերը տապալել ու զանոնք փոխարինել այսպէս կոչուած՝ մեղմ իսլամական ու ժողովրդավարական որոշ տուեալներով օժտուած նոր վարչակարգերով, մինչեւ որ կարենան ազդու պատասխան մը գտնել տակաւին զիրենք հիմնովին մտահոգող ծայրայեղ իսլամութեան:

Թէ նման ծրագիր կը յաջողի՞, այդ միայն գալիք շաբաթներուն կրնայ յստականալ: Բայց եթէ պատմութիւնը մեզի մէկ բան սորվեցուցած է, այն ալ է՝ նման փորձեր կրնան հակընդդէմ ազդեցութիւն ունենալ ու աւելի թէժ վիճակներ ստեղծել:

Տեղին է հեգնական իմաստով շեշտել սակայն՝ Ո՞վ դաս առած է պատմութենէն…

Leave a Reply