Վեց Ժամ Արարատ


ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ընթերցողները յիշեցնեմ, որ անցեալ շաբթուան նամակիս նիւթը տուպայաբնակ, Սուրիոյ քաղաքացի Սարգիսին եւ իր կնոջ մասին էր, որոնք Պէյրութ-Երեւան թռիչքով հասած էին «Զուարթնոց» օդակայան, սակայն մեծ եղած էր անոնց յուսախաբութիւնը, երբ օդակայանին մէջ վիզա չէին կրցած ստանալ։ Սուրիոյ քաղաքացիները Հայաստանի վիզան պէտք է ստանան իրենց երկրի հայկական դեսպանատուներէն, ըսած էին Սարգիսին ու կնոջ եւ զանոնք տարած «թրանզիթ» բաժին, որպէսզի անոնք յաջորդ թռիչքով, երեք օր ետք, վերադառնան Հալէպ: Շաբաթ օր, առտու կանուխ, Սարգիս հեռաձայնած էր ինծի՝ օգնութեան խնդրանքով: «Մեզի այստեղէն դուրս հանէ, երեք օր ինչպէ՞ս դիմանանք: Ճնշումս արդէն սկսաւ բարձրանալու», ազդարարած էր Սարգիս:
Առաջին գործս եղաւ հեռաձայնել Անցագիրներու բաժնի վարչութիւն՝ իմանալու համար թէ ինչո՞ւ Սարգիսին եւ իր կնոջ կարելի չէր վիզա տալ, եւ ի՞նչ էր այս անելէն դուրս գալու միջոցը: Յետոյ խօսեցայ օդակայան աշխատող ծանօթ մարդոց հետ, հեռաձայնեցի արտաքին գործոց նախարարութիւն աշխատող ընկերներու, սփիւռքահայ նախարարութիւն, օդակայանի տեղեկատուական բաժին: Յանձնարարեցին կապ հաստատել Սուրիոյ դեսպանատան հետ եւ դեսպանին միջամտութիւնը խնդրել: Սակայն Շաբաթ օր դեսպանատունը փակ էր, իսկ դեսպանն ու դեսպանատան աշխատակիցները՝ անհասանելի: Աջէն ձախէն հաւաքած տեղեկութիւններէս իմացայ, որ որոշ միջպետական համաձայնագիրներու հիման վրայ, որոշ երկիրներու քաղաքացիներուն կարելի չէ մուտքի վիզա տալ Հայաստանի օդակայանին կամ սահմանային միւս մուտքերուն մէջ: Ի դէպ, իմացայ նաեւ, որ Թուրքիան այդ երկիրներու շարքին չի գտնուիր եւ Հայաստան ժամանող թուրքերը կրնան վիզա ստանալ սահմանային անցքին վրայ կամ օդակայանին մէջ: Լրացուցիչ այս տեղեկութիւնները Սարգիսին չուզեցի փոխանցել, քանի որ անոր արեան ճնշումը բարձրացնելէ բացի ուրիշ ոչ մէկ բանի պիտի ծառայէին:
Արդէն չորս ժամ անցած էր եւ Սարգիսին ու իր կնոջ օդակայանէն դուրս հանելու յոյսերը հետզհետէ կը նսեմանային, իսկ ինք՝ անհամբեր դարձած, տասը վայրկեանը մէյ մը կը հեռաձայնէր ինծի՝ նորութիւն մը լսելու ակնկալիքով: Քանի մը ընկերներու հետ աշխարհը իրար անցուցինք, եւ ի վերջոյ բարեկամ մը խոստացաւ օգնել մեզի: Աջ ու ձախ հեռաձայնեց, Սուրիոյ մէջ իր հարազատներուն հետ խօսեցաւ, անոնք ալ իրենց կարգին կապ հաստատեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ: Այսպէս շարունակուեցաւ շուրջ մէկ ժամ: «Այս բոլորէն օգտուողները միայն բջիջային կապի ընկերութիւնները պիտի ըլլան», կը մտածէի ես յուսահատ, երբ հեռաձայնս հնչեց: Մեր բարեկամն էր, «Կրնաս հիմա երթալ եւ Սարգիսը օդակայնէն դուրս հանել: Վիզան պիտի տան, անհրաժեշտ կարգադրութիւնները եղան եւ ամէն ինչ լաւ է», ըսաւ ան:
Անմիջապէս գացի օդակայան Սարգիսն ու կինը դիմաւորելու: Երբ դուրս եկան օդակայանէն, ոչ թէ վեց ժամ, այլ վեց տարուան բանտարկութենէն նոր ազատուած ըլլալու տպաւորութիւնը թողուցին: Չէին հասկնար, թէ ինչո՞ւ հայ ըլլալով՝ վիզա չէին կրցած ստանալ, իսկ միջպետական համաձայնութիւններու մասին բացատրութիւններս համոզիչ չէին գտներ:
- Վեց ժամ ինչպէ՞ս դիմացաք,- հարցուցի ես, նիւթը փոխելու նպատակով:
- Արարատը դիտեցինք, մաքո՜ւր, պայծառ, փայլուն: Վեց ժամ անդադար Արարատ: Ամէն ինչ կ՛արժէր, հրա՜շք էր, հրաշք:
Նիւթը այսպէս փակեցինք եւ ուղուեցանք Երեւան:

Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com

Leave a Reply