Home » ԽմբագրականYou are browsing entries filed in “Խմբագրական”
Հայ Դատի պայքարը հաստատօրէն թեւակոխած է նոր հանգրուան. հատուցումներու իրաւական ու օրինական պահանջներու յստակ բանաձեւման, անոնց քաղաքական եւ իրաւական փաթեթի բծախնդիր պատրաստութեան եւ միջազգային իրաւական ու դատական ատեաններու մէջ զանոնք ներկայացնելու, պաշտպանելու ու մինչեւ վերջ հետապնդելու կազմակերպուած մեքենային յառաջացման փուլն է ատիկա:
Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի հանգրուանը փակուած չէ, անշուշտ, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կ՛ընթանան, պէ՛տք է [...]
April 23rd, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Խմբագրական | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԴՐՕՇԱԿ»Ի
Փետրուարի 18ից յետոյ, Հայաստանի իշխանութիւնը, ֆուտբոլային լեզուով ասած, խաղում էր ժամանակի վրայ: Նա կարծես համբերատարօրէն սպասում է, թէ երբ կը մարեն յետընտրական յուզումները եւ այս մէկ փորձութիւնն էլ հնարաւոր կը դառնայ համարել յաղթահարուած:
Նախագահական երդմնակալութիւնը կարծես որոշակի սահմանագիծ էր, որից յետոյ բոլորի համար պարզ պէտք է դառնար, որ հրապարակային կրքերն այլեւս անցած փուլ են, եւ [...]
April 19th, 2013
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Վերջին քսանհինգ տարիներուն, ժողովրդային պոռթկումի ու յանուն ինքնորոշման եւ արդար հասարակարգի պայքարի երկու տարբեր ազդանշաններ հնչած են նոյն Փետրուար ամսուն: Առաջինը, որուն քսանհինգամեակը նոր նշեցինք, Արցախեան Ազատագրական պայքարի դրօշով յաղթանակ կերտած շարժումն էր, որուն թափը բաւարարեց զինուորական ու քաղաքական փայլուն իրագործումներով հայկական երկու անկախ պետականութիւններ պարգեւելու մեր ժողովուրդին:
Երկրորդը՝ այս տարուան Փետրուարին, նախագահական ընտրութիւններուն օրն իսկ [...]
April 5th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Խմբագրական | Read More »
Շարժումը անկասելի կը դառնայ, եթէ մենք՝ ժողովուրդը շարունակենք պայքարը եւ յաջողինք զայն հասցնել յաղթական աւարտի: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը միայն Րաֆֆիին չի վերաբերիր, այլ՝ շարժում է իշխանութիւնը մեր ժողովուրդին վերադարձնելու եւ զայն միաւորելու՝ ի խնդիր մեր ընդհանուր Դատին: Հիմա ժամանակն է վերականգնելու այն ինչը, զոր ձախաւերութեամբ յաջողեցանք փոշիացնել այս վերջին երկու տասնամեակներուն: Հիմա ժամանակն է [...]
February 22nd, 2013
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Արցախեան Շարժումը, Արցախեան Ազատագրական Պայքարը մեր պատմական անցեալի փառապսակ օրերէն մեզ հասած ժառանգութիւն չէ: Մենք ենք անոր ժամանակակիցը, մենք ենք անոր վկաները:
Սակայն, ո՞վ մեզ համոզեց, որ Արցախեան Շարժումի ոգին այլեւս կարելի է մէկդի դնել, որովհետեւ նոր ժամանակներ են, նոր խնդիրներով: Վերջապէս այլեւս պետականութիւն պէտք է կառուցէինք եւ շարժումի ոգին կրնար խանգարել այդ գործընթացը:
Սխալեցանք, թուլացանք ու [...]
February 22nd, 2013
| Posted in Խմբագրական, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Ի Վերջոյ Ես Եմ, Դուն Ես, Մենք Բոլո՛րս Ենք Դաշնակցութիւնը
ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Երբ ազատատենչութեան ոգին, ազատ ապրելու անկորնչելի իրաւունքը, չստրկանալու անսակարկելի պահանջը եւ իր պապենական հողը անընդհատ մշակելու իղձը կազմակերպութեան մը էութիւնը սահմանող գաղափարներն են, ապա ե՛ս եմ, դո՛ւն ես, բոլորս ե՛նք Դաշնակցութիւնը:
Աւելի քան դար մը եւ երկու տասնամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը առաջնորդուեցաւ իր ժողովուրդի իրաւունքները [...]
February 1st, 2013
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Սուրիոյ ներքին տագնապի վատթարացման պատճառով նոր զոհեր ունեցանք՝ նիւթական հսկայական վնասներ, ընտանիքներու տեղահանում, գաղթ: Սուրիահայութեան մինակ չթողուցինք եւ ամբողջ ազգին հետ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ մենք ալ միացանք տագնապահար համայնքին ձեռք երկարելու, մխիթարելու, անոր կարիքները թեթեւցնելու աշխատանքներուն:
Հայաստանի մէջ Մայիսեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին անգամ մը եւս ապրեցանք արդար եւ ժողովրդավար երկիր մը կերտելու յուսախափութիւնը, եւ հայրենի [...]
January 25th, 2013
| Posted in Խմբագրական, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պատմութիւնը արձանագրած է, որ «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն»ը՝ այսօրուան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջին ծնունդը տեղի ունեցած է 1890ին, իբրեւ լիակատար մարմնաւորում ու բիւրեղացում՝
հայկական յեղափոխական շարժումը սկզբնաւորողներուն ու կերտողներուն։
Պատմութիւնը ճիշդ կ՛ըսէ։
Սակայն ճիշդ է նաեւ այն, որ Դաշնակցութիւնը մեր կեանքին մէջ կար նա՛եւ 1890էն առաջ, ինչպէս որ անիկա ներկայութիւն է այսօր, ներկայութիւն պիտի ըլլայ մի՛շտ, այնքան ատեն, [...]
January 18th, 2013
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Այսպիսով՝ շուրջ 2 տարի տեւած ներկայացումն աւարտուեց: ԲՀԿ նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը յայտարարել է, որ չի առաջադրուելու Փետրուարին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններում: Ելնելով դրանից՝ ԲՀԿն էլ որոշել է առաջադրուելիք թեկնածուներից որեւէ մէկին չսատարել: Այլ կերպ ասած՝ ԲՀԿն ֆորմալ (պաշտօնական-Խմբ.) առումով որոշել է որեւէ ձեւաչափով ընտրութիւններին չմասնակցել կամ պահպանել քաղաքական չէզոքութիւն:
Ծառուկեանի չառաջադրուելն անակնկալ չէր: Որ այսպիսի հանգուցալուծում է [...]
December 14th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԴՐՕՇԱԿ»
Այս օրերին, Հայաստանի քաղաքական դաշտում ընթանում են ակտիւ (աշխոյժ-Խմբ.) բանակցութիւններ: Գաղտնիք չէ, որ բանակցութիւնների թեման գալիք նախագահական ընտրութիւններն են՝ մասնաւորապէս նախագահի միասնական ընդդիմադիր թեկնածու առաջադրելու խնդիրը: Շատերը թերահաւատ են նշուած նպատակի իրագործելիութեան հարցում եւ պէտք է ընդունել, որ նման տեսակէտը զուրկ չէ հիմքից: Նկատի ունենանք, որ բանակցութիւններում ներգրաւուած բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, նրանց հետ իրեն [...]
November 30th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Սեպտեմբեր 21, 1991ին Հայաստան վերականգնեց Մայիս 28ի սխրանքներով իրագործած բայց եւ հետագայ քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու պատճառով կորսնցուցած իր անկախութիւնը:
Անկախութենէ զրկուած դարերուն, այդ գաղափարի իրականացման մէջ կը տեսնէինք մեր ազգային բոլոր իտէալներու կատարման յոյսը, միջոցը, մեկնակէտը: Անոր մէջ կը տեսնէինք մեր ազգի յաւերժութեան երաշխիքը՝ յարատեւութեան, զարգացման, ծաղկումի, ստեղծագործ թռիչքներու, բարգաւաճման, ազգի միաւորման… մէկ խօսքով՝ անկախութեան երազի [...]
September 20th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հունգարիոյ իշխանութեանց արարքը որոշ ձեւով կարելի չէ բնութագրել բացի՝ մարդկային խիղճը վաճառելու պատրաստ վատոգի վարքագիծի արտայայտութիւն ըլլալէ:
Գործարքի մէջ մտնելով Ատրպէյճանի իշխանաւորներուն հետ՝ Հունգարիոյ ղեկավարները ցուցաբերեցին դատապարտելի անտարբերութիւն միայն ու միայն ազգային պատկանելիութեան համար կատարուած անմարդկային յանցագործութեան մը հանդէպ, այդպիսով՝ վտանգաւոր պատգամ մը փոխանցելով աշխարհին:
Մենք վստահ ենք, որ Հունգարիոյ ժողովուրդը չի բաժներ իր կառավարութեան դիրքորոշումը այս [...]
August 31st, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԴՐՕՇԱԿ»Ի
Ատենէ մը ի վեր նորութիւն կայ հայութեան քաղաքական ժամանակակից պահանջներու մարզէն ներս. Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջին կողքին հետզհետէ բեմին վրայ կը քաշուի հայկական պահանջատիրութեան խնդիրը: Ատիկա կը կատարուի փոքր քայլերով, սակայն զարմանալիօրէն անմիջական արդիւնքներով: Այսպէս, սեղանի վրայ դրուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ հայութեան բռնագրաւուած եկեղեցական նիւթական ժառանգութեան հարցը, որ անյապաղ դրականօրէն ընկալուեցաւ քաղաքական Արեւմուտքին կողմէ:
Արդարեւ, Միացեալ [...]
August 10th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը ժողովի մէջ է: Շրջանային հերթական ժողովն է, որ պիտի փակէ տարին, պիտի ընտրէ ղեկավար կազմի շրջանաւարտ անդամները փոխարինողները եւ նոր ծրագիրներ պիտի մշակէ՝ առ ի գործադրութիւն Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու:
Տեղական, համասփիւռքեան թէ համազգային կարիքներու հասնելու, կազմակերպական սեփական մեքենան առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու, նոր անդամներ ներգրաւելով ուժեղանալու ու աշխուժութեան նոր մակարդակներ [...]
July 27th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Մամուլով եւ հասարակական ցանցերով կրնաք հետեւիլ մեր երիտասարդներու գործունէութեան՝ Հայաստանի, Արցախի, æաւախքի, Ուաշինկթընի, Լոս Անճելըսի մէջ: Իրենց ամառնային հանգիստն է որ կը զոհեն այս երիտասարդները, կամաւոր կերպով լծուելով ազգանուէր աշխատանքներու, յատուկ ծրագիրներ մշակելով Արցախի, Հայաստանի եւ æաւախքի պատանիներուն համար, իսկ Ամերիկայի տարածքին՝ ծանօթանալով Հայ Դատի գրասենեակներու գործունէութեան՝ սորվելով, սորվեցնելով:
Այս երիտասարդները անմոռանալի պահեր կ՛ապրին, քաղցր յիշատակներ [...]
July 27th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
«Սուրիահայ Գաղութը Պէտք Է Մնայ Կենսունակ», Կը Յայտարարէ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Ինչպէ՞ս կ՛ընկալէ՛ք եւ կը գնահատէք մեր գաղութի ներքաղաքական իրադարձութիւնները:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Գիտէք, հիմա ամբողջ հայութիւնը Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ տարբեր շրջաններ մտահոգ են սիրիահայութեան ճակատագրով, Սիրիայի կացութեամբ եւ ընդհանուր պահանջ կայ, ցանկութիւն կայ, տրամադրութիւն կայ օգտակար լինելու, թեւ ու թիկունք կանգնելու եւ յաճախ յստակ [...]
July 20th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Յառաջիկայ Երեքշաբթի օր, Յունիս 5ին, տեղի պիտի ունենան Քալիֆորնիոյ նահանգային ընտրութիւնները: Հայ Դատի յանձնախումբը, քննարկելով իւրաքանչիւր թեկնածուի կեցուածքները, յայտարարութիւնները
ու անցեալի գործունէութիւնը՝ որոշած է իր զօրակցութիւնը յայտնել նահանգային թէ դաշնակցային պաշտօններու համար պայքարող խումբ մը թեկնածուներու:
Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ հայ քուէարկողներուն՝ թեր քուէարկելու իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն:
«Ասպարէզ» կը միանայ այս կոչին:
Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը կը [...]
June 1st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Խմբագրական, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Մեծ տօներու խորհուրդին մէջ կան պատգամներ, որոնք էապէս անփոփոխ ըլլալով հանդերձ, ժամանակ առ ժամանակ, գոյութիւն ունեցող պայմաններու լոյսին տակ մեզի համար կը գծեն նոր ուղիներ, ցոյց կու տան նորացուած մարտահրաւէրներ՝ պարզելով ներկայի հրամայականները: Արդէն այս է իմաստը տարեդարձներու նշումին ու տօնակատարութեանց:
Մայիս 28ի անկախութեան տօնը մեծագոյնն է, որուն հաւասարազօրը չկայ մեր պատմութեան մէջ:
Որովհետեւ՝
Մայիս 28ի շնորհիւ [...]
May 25th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ գիշերային ակումբի հրդեհման մասին:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Երեւանի մէջ ձեռնարկութեան մը դէմ կատարուած յանցագործութիւնը: Մենք նոյնքա՛ն խստութեամբ կը դատապարտենք այդ յանցագործ արարքին տուն տուող անհանդուրժողութեան ու սեռային նախասիրութեանց հիման վրայ խտրականութեան մտայնութիւնը: Մենք կ՛ակնկալենք, որ յանցագործները բռնուին եւ արժանանան օրէնքով [...]
May 18th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Խմբագրական, Հարցազրոյց, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Շուտով մէկ շաբաթը կը բոլորուի Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նախընտրական պայքարին: Ընտրութիւններուն մասնակից բոլոր ուժերը արդէն հրապարակած են իրենց ընտրական ծրագիրները եւ աշխոյժ քարոզչական գործունէութեան լծուած՝ շրջելով մարզերը, հանդիպելով ընտրողներու հետ, բացատրելով իրենց ծրագիրներն ու յայտարարելով իրենց խոստումները:
Թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Սփիւռքի մէջ այս ընտրութիւններու բոլոր հետեւողներուն մտասեւեռումը, անշուշտ, ազատ, արդար, թափանցիկ ու առանց խարդախութիւններու [...]
April 13th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ ազգային, ժողովրդավար, սոցիալիստական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն, մշտապէս պայքարել է հայ մարդու եւ հայութեան քաղաքական, տնտեսական, սոցիալ-մշակութային շահերի համար: Հայաստանի առջեւ ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները այսօր պահանջում են ծանրակշիռ եւ լայնամասշտաբ համակարգային փոփոխութիւններ: Այդ ճանապարհի՝ 2012-2017 թուականների մեր առաջնահերթութիւններն են.
10 ԱՆԳԱՄ ԿՐՃԱՏԵԼ ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՁԵՒԱՒՈՐԵԼ ՄԻՋԻՆ ԽԱՒ, ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼ ԲԱՐԵԿԵՑԻԿ ԿԵԱՆՔ
Աղքատութեան շեմ կը [...]
March 23rd, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Վտանգաւոր Է, Երբ Նախագահը Կարծում Է, Որ Երկրում Կեանքը Լաւացել Է
«ԵՐԿԻՐ».- Պարոն Մարգարեան, ՀՀԿ 13րդ համագումարում հանրապետութեան նախագահի ելոյթում լայն անդրադարձ կար երկրի սոցիալ-տնտեսական ոլորտին: Հնչեցուած թուերի ու դիտարկումների վերաբերեալ կը ցանկանայինք իմանալ ձեր տեսակէտը:
ՀՐԱՆՏ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Նախագահի ելոյթի՝ յատկապէս երկրի տնտեսութեանը վերաբերող մասին կարելի է մօտենալ մի քանի տեսանկիւնից, սակայն այս պահին ամենակարեւորը հետեւեալն [...]
March 16th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ
Հրապարակային զեկուցումներով մեր իրագործումներու, ծրագիրներու ու առաջադրանքներու մասին կը ստեղծուին յաճախակի առիթներ, որոնց շնորհիւ հարազատ ու անկեղծ շփում կը ստեղծուի մեր
կազմակերպութեան եւ ժողովուրդին միջեւ: Մենք մեր գործունէութեան, յաղթանակներու կարեւոր տոկոսը պիտի չկարենայինք իրականացնել, եթէ չունենայինք ժողովուրդին հետ այս անմիջական շփումը։
Գիտենք, որ ունինք ժողովրդային այն կայուն յենարանը, որ տկարութիւն չի ճանչնար, որ իր ազգային երազներու [...]
March 2nd, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
«Ընտրութիւնները Պէտք Է Յանգեցնեն Ազգային Համերաշխութեան Կառավարութեան Ձեւաւորման»
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեան անցնող օրերուն կը գտնուէր Թեհրան: Օգտուելով ընձեռուած առիթէն, Իրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք»ի աշխատակից Արմինէ Էլիազեան հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ, մօտալուտ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչութեամբ:
ԱՐՄԻՆԷ ԷԼԻԱԶԵԱՆ.- Արդեօք Հայաստանում կայացող խորհրդարանական ընտրութիւնները, անկախ իրենց ելքից, քաղաքական տեսանկիւնից կարելի՞ է մէկ քայլ առաջ ամրագրել նախորդ [...]
February 24th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Մերժել միջավայրի ազդեցութիւնները ու բոլորովին խորթանալ շրջապատէն՝ կարելի չէ, բնական չէ, նոյնսիկ՝ հիւանդագին կրնայ ըլլալ:
Մենք մեր երիտասարդներէն չենք ակնկալեր, որ անոնք իրենց ապրած երկրի սովորութիւնները անտեսեն, որ իրենց ուշադրութիւնը միայն ու միայն կեդրոնացնեն ազգային ու տոհմական մեր աւանդութիւններուն վրայ՝ զանոնք կիրարկելով, անոնցմով սնուելով ու դաստիարակուելով:
Մենք առողջ, իրենց ընկերային ու հասարակական պարտաւորութեանց գիտակից երիտասարդութիւն կ՛ուզենք դաստիարակել, [...]
February 10th, 2012
| Posted in Խմբագրական, Մշակոյթ | Read More »
Շրջանիս Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը 2012ը հռչակած է «Ազատամարտիկներու Տարի», եւ այս առթիւ հրապարակած է բացիկներ, որոնց վրայ նկարուած են ազատամարտիկներ՝ «Յարգա՛նք ազգին ծառայած հերոսներուն» մակագրութեամբ:
Երիտասարդ դաշնակցականները այս տարուան ընթացքին կը ծրագրեն կազմակերպել շարք մը ձեռնարկներ՝ նախ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու Արցախի Ազատագրական պայքարը յաղթական աւարտին հասցուցած տղոց ներկայ իրավիճակը, ապա դրամ հանգանակելու՝ նեղ վիճակի մէջ գտնուողներուն [...]
February 3rd, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԴՐՕՇԱԿ»Ի
Համայնավարական ճամբարի փլուզումից յետոյ, հակառակ այն ճշմարտութեան, որ այդ գաղափարախօսութիւնը շատ հեռու էր իսկական ընկերվարութիւնից, այնուամենայնիւ, միջազգային հանրութեան աչքին մեծապէս վարկաբեկուեց ընկերվարական արժէքային համակարգը։
Ամբողջ աշխարհում դրամատիրական համակարգը անիրաւաբար՝ յաղթող կողմի իրաւունքով ընկալուեց իբր՝ մարդկութեան ապագան կերտող ճշմարիտ ու յուսալի կենսաձեւ։ Լիբերալիստական գաղափարախօսութիւնը, որպէս դրամատիրական համակարգի քաղաքական երես, իր յաղթական գրոհներից արբեցած՝ ծնունդ տուեց իր [...]
January 23rd, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին հետ է՝ անոր կողքին, անոր մէջ, միաձուլուած անոր երազներուն, իղձերուն, որոնց իրականացումը իր ուխտի էութիւնն է իսկ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին հետ է՝ ստանձնելով անոր իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարի դրօշակակիրի առաքելութիւնը, զրկանքներու ու անարդարութեանց դէմ ծառացող առաջամարտիկի պարտականութիւնը:
Հետն է՝ մնալով նաեւ անոր անբաժան մասնիկը: Ժողովուրդին ձգտումներուն, տագնապներուն մշտապէս հաղորդուելով է [...]
January 20th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԴՐՕՇԱԿ»Ի
Աշխարհը ինքզինք կրկին նետած է սարսափազդու յորձանուտի մը մէջ՝ մարդկութեան համար աննախատեսելի հետեւանքներով: Երեք տարի առաջ տնտեսական տագնապը հարուածած էր երկրագունդի ամէնէն հզօր տնտեսութիւնը՝ Միացեալ Նահանգները: Ներկայիս անիկա հերթով կ՛այցելէ Եւրոպական Միութեան իւրաքանչիւր անդամ-երկիրը՝ սպառնալով քանդել եւրոպական ցամաքամասի խաղաղութիւնը երաշխաւորող ու տասնամեակներու համբերութեամբ կառուցուած միջավայրը՝ Եւրոպական Միութիւնը:
Թէ ինչո՞ւ այսպէս պատահեցաւ, աւելի քան պարզ է: [...]
January 13th, 2012
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի բերանով խոստովանեցաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը տապալելու իր ռազմավարութիւնը ձախողած է եւ նոր մօտեցումի ուրուագիծ մը արդէն պատրաստուած է:
Այդ ուրուագիծին արդէն ծանօթացած էինք, երբ թրքական արտաքին քաղաքականութեան հեղինակները յայտարարած էին, թէ բացատրական աշխատանք պիտի տանէին՝ Սփիւռքի հայութիւնը լուսաբանելու եւ անոնց հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու համար: Այս յայտարարուած [...]
December 23rd, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԼՂՀ Սահմանադրութիւնը. Պետութիւնը՝ Մարդու Համար
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԱՏ ԱՐՑԱԽ»Ի
Ուղիղ հինգ տարի առաջ՝ 2006 թուականի Դեկտեմբերի 10ին, ղարաբաղցիները համաժողովրդական հանրաքուէով ընդունեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը: Կարելի է լիիրաւ կերպով պնդել, որ այդ օրը դարձաւ բախտորոշ եւ ընդմիշտ մտաւ հինաւուրց Արցախի նորագոյն պատմութեան տարեգրութեան մէջ:
Այդ օրն իրօք նշանաւոր է, բայց այն նշանաւոր է կրկնակի, քանզի հանգամանքների երջանիկ բերումով [...]
December 9th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Անցեալ շաբաթավերջին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կազմակերպական նոր հանգրուան մը թեւակոխելու յայտ ներկայացուց՝ եռօրեայ աննախընթաց տարողութեամբ ու ընդգրկումով յատկանշուող խորհրդաժողովին յաջող իրականացումով:
Աւելի քան 500 մասնակիցներ, քաղաքական խօսքի ու գործի ազդեցութիւնը առաւել հզօր դարձնելու կոչուած քննարկումներ, դասախօսութիւններ ու զեկոյցներ՝ մասնագէտներու ու իրենց ասպարէզին մէջ անուն ու հռչակ ապահոված անձերու կողմէ, նաեւ գործնական ու ընկերական մթնոլորտ… [...]
December 2nd, 2011
| Posted in Խմբագրական, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԴՐՕՇԱԿ»Ի
ՀՅԴ 31րդ ընդհանուր ժողովից յետոյ եւ ՀՀ համապետական երկու կարեւոր ընտրութիւնների նախընտրական ժամանակահատուածում, առիթ կայ, ահա, անդրադառնալու իշխանական կոալիցիայի գլխաւոր ուժի՝ ՀՀԿի պատկերացումներին՝ ՀՅԴ դերի ու անելիքի մասին, եւ թափանցելու այդ պատկերացումների ու ակնկալիքների գաղափարախօսական խորքերը: Ի վերջոյ ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ ՀՀԿի գաղափարախօսական դիրքորոշումներից եւ ՀՅԴ դերի եւ անելիքների մասին հանրապետական ղեկավարների պատկերացումներից են [...]
October 28th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Շարլ Ազնաւուրի ազգասիրութեան մասին կասկած կարելի չէ ունենալ: Այս աշխարհահռչակ երգիչը բազմիցս եւ շօշափելիօրէն արտայայտած է իր սէրը, նուիրումը հայ ժողովուրդին, հայոց պետականութեան՝ Հայաստանի հանդէպ:
Յատկապէս Գիւմրիի աղիտալի երկրաշարժէն ետք, Ազնաւուրի ձեռնարկած մարդասիրական գործունէութիւնը, Հայաստանի հասցուցած հսկայական օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ իր համբաւն ու հռչակը հայութեան ի նպաստ քարոզչութեան ծառայեցնելու վարքը, զինք արժանի դարձուցած են ամէնէն բարձր [...]
October 7th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
October 7th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Քաղաքական Կամք, Բարոյական Նկարագիր Եւ Հայրենասիրութիւն
1918ին, Սարդարապատեան գոյամարտին եւ անկախութեան ստեղծման մէջ իր որոշադրիչ դերը ունեցած առինքնող դէմքերէն լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեան շատ գեղեցիկ կերպով կը բնութագրէ առաջին հանրապետութեան սերունդին դերը, երբ կը գրէ՝ «Հետագայ դարերի հայ մարդը պիտի զարմանայ այն սերունդի վրայ, որ օրհասի տարիներին հերոսական վճռականւթեամբ տէր կանգնեց [...]
September 23rd, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
«Ա».- Հայաստանի Անկախութեան 20րդ տարեդարձի նախօրէին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ բաւական մեծ արձագանգ գտաւ հայ աշխարհին մէջ՝ յատկապէս արժանացաւ հայաստանեան մամուլի ուշադրութեան: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք եղած արձագանգը:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը մեր քաղաքական գնահատումներուն կամ դիրքորոշումներուն մէջ նորութիւն պատգամող հաղորդագրութիւն մը չէր: Յայտարարութիւնը, յամենայնդէպս, իր պարունակէն [...]
September 16th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ուրուկուէյի քաղաքական ղեկավարութիւնը դարձեալ առաջինը հանդիսացաւ հայութեան արդար իրաւունքներու մասին իր ձայնը բարձրացնելու:
Արդարեւ, Ապրիլ 20, 1965ին, Ուրուկուէյի խորհրդարանն էր, որ առաջին պետական կառոյցը հանդիսացաւ, որ ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ դուռը բանալով այլ երկիրներու խորհրդարաններուն՝ որդեգրելու հայութեան դէմ գործուած ոճիրը ճանչնալու բանաձեւը:
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոն Ուրբաթ, 9 Սեպտեմբերին, քանդեց լռութեան մէկ այլ պատ՝ դառնալով գործադիր [...]
September 9th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Վերամուտի յուզումները արդէն մեր ետին են: Մանկամսուրներէն մինչեւ աւարտական դասարաններ, հայկական վարժարաններու աշակերտները արդէն մտած են հունի մէջ, իսկ կրթական մշակները նոր տարի մը բոլորելու տենդով՝ մխրճուած են իրենց առաքելութեան պահանջներէն բխած գործերու մէջ:
Այս աշակերտ-կրթական մշակ հաւաքականութիւնը այդպէս ալ պէտք է շարունակէ իր աշխարհին մէջ՝ իր մթնոլորտը յագեցնելով դաստիարակչական, ստեղծագործական ծրագիրներով:
Դպրոցներուն ետին կանգնած կառոյցները, անոնք, [...]
September 2nd, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 20ամեակի նշումը ներազգային առումով ճիշդ է, որ միաժամանակ թէ՛ զգացական եւ թէ՛ բանական հարթութիւններու վրայ խորհուրդներ կը պարփակէ, պատգամներ կը փոխանցէ եւ մանաւանդ յառաջիկայ գործունէութեան նախանիշեր կը թելադրէ՝ Արցախի պետականութեան ամրակայման, բնակեցման, զարգացման եւ մանաւանդ անկախութեան միջազգային ճանաչման հրամայականներուն նկատառումներով:
Յոբելեանը հերթական առիթ է լոյսին բերելու նաեւ բանակցային գործընթացի պարզած ներկայ պատկերը: [...]
September 2nd, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
«Ուիքիլիքս»ը Հայաստանի պարագային զգայացունց նորութիւն մը չկրցաւ բացայայտել: Փոքր երկիրի մը արտաքին քաղաքականութիւնը մարտավարական խաղեր ընելու լայն հնարաւորութիւններ չի կրնար ունենալ, հաւանաբար: Նաեւ, Արցախի հարցի կապակցութեամբ, որքա՛ն ալ ուժ տանք մեր երեւակայութեան, դաւաճան քաղաքականութեան մը հետքեր փնտռելը անիմաստ զբաղմունք պիտի ըլլայ:
Այսուհանդերձ, այս հրապարակումները մեծ տէրութեան, այս պարագային՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներուն որակը, տպաւորութիւններու ու [...]
August 26th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ռիքարտոնէ Իր Ուրացումով Կը Գերազանցէ Թուրք Դիւանագէտները
Երբեմն կ՛ըլլան յայտարարութիւններ, որոնք այնքա՛ն բացայատօրէն չարամիտ ու կեղծ են, որ զանոնք պատասխանի իսկ արժանի պէտք չէ դարձնել: Սակայն, երբ այդ յայտարարութիւնները կը կատարուին աշխարհի գերհզօր պետութեան մը դեսպանին կողմէ՝ լուռ մնալ կարելի չէ:
Թուրքիոյ պէս տարածաշրջանային կարեւոր երկիրի մը մօտ Ամերիկայի դեսպան ըլլալու թեկնածու նշանակուած Ֆրանսիս Ռիքարտոնէի պատասխանը՝ ծերակուտական [...]
August 12th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հոկտեմբեր 6-23, հովուապետական այցով Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ պիտի գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
July 29th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հայկական Հարցի հետապնդման ի խնդիր մարտնչումի նոր ճակատ մը բացաւ անցեալ Չորեքշաբթի ու այդ ճակատին վրայ մարտավարական յաղթանակ մը ապահովեց:
Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու Թուրքիոյ յուսահատ պայքարի ճամբուն վրայ խութ մը եւս աւելցաւ, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, այս օրերուն, այդ մարմինին համար տարօրինակ միասնականութեամբ մը պահանջեց Թուրքիայէն՝ [...]
July 22nd, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ազգային օրակարգի առաջնահերթութեան մրցավազքին յաղթանակողը միանշանակօրէն արտագաղթն է, որուն աւերիչ վնասները արդէն իսկ բացայայտ կը դառնան բոլորիս:
Հայրենիքը կը պարպուի, կը պարպուի իր մտաւոր ուժէն, կը պարպուի իր երիտասարդ աւիշէն, կը պարպուի իր դիմադրականութենէն:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արդէն չեն թաքցներ իրենց ոգեւորութիւնը՝ հաշուելով Հայաստանի օրաւուր տկարացումը՝ իւրաքանչիւր մեկնող հայու հետ բարձրացնելով Ղարաբաղը կրկին բռնագրաւելու իրենց յոյսերը:
Մեր կողմէ, այս [...]
July 22nd, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Եթէ դրսեցիի հայացքով նայինք մեր համայնքային կեանքին, իրապէս տպաւորիչ պատկեր մը կը պարզուի մեր առջեւ:
Արդարեւ, ժամացոյցի ճշդապահութեամբ, տեղի կ՛ունենան միութիւններու ժողովներ՝ ընտրական թէ հերթական, կը կազմակերպուին ձեռնարկներ՝ մեծաւ մասամբ ամէնամեայ, կը կատարուին հանգանակութիւններ՝ հոգալու համար հաւաքական կեանքին անհրաժեշտ ծախսերը, եւ տարուան մեծ մասը (բացառելով ամառնային արձակուրդային շրջանը, երբ ամէն ինչ կը դանդաղի), որոշակի կշռոյթով մը [...]
July 15th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 31րդ Ընդհանուր ժողովի բացման այս հանդիսաւոր նիստին խօսքս առաջին հերթին ուղղելու եմ մեր ընկերներին՝ ժողովին մասնակից կամ ոչ:
Ամպագորգոռ, կեղծ ոգեւորիչ խօսք չեմ ասելու: Փորձելու եմ իրատեսութեան մղող խօսք ասել: Բայց եւ ի սկզբանէ նշեմ՝ իմ հասկացած իրատեսութիւնը ոչ մի առնչութիւն չունի չոր գործնապաշտութեան, մեր արատաւոր ներկային, համակերպուելու հետ:
Անցած երեք տարիները հայ ժողովրդի, [...]
June 24th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԴՐՕՇԱԿ»Ի
Հայ ժողովրդի արդի պատմութեան մէջ անկախութեան գաղափարը որդեգրուել, մշակուել եւ կենսագործուել է, հիմնականում, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնների շնորհիւ:
Անկախութեան համար մղուող ազատագրական պայքարի ողջ ընթացքում, խոշոր բուրժուազիայի (քաղքենիութեան-Խմբ.) հայ ներկայացուցիչները, ռուս-աւատական եւ թուրք-աղայական կաստաներին (փոփոխութեան չենթարկուող խումբերու-Խմբ.) պատկանող հայ ազնուականները, անկախութեան գաղափարը նուաստացնելուց, թերարժեւորելուց, ծաղրելուց ու ակտիւօրէն ժխտելուց բացի, ուրիշ [...]
June 10th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Համոզուած ենք ու իբրեւ դաւանանք ընդունած, թէ Հայաստանի անկախութիւնը սրբազան գաղափար է, բացարձակ արժէք, գերագոյն նպատակ:
Ժառանգած ենք Մայիս 28 կերտած ու հայ ժողովուրդին անկախութեան երազը իրականացուցած հերոսական սերունդներու թողած արիւնոտ աւանդը, որ կը պատգամէ, թէ՝ Հայրենիքի անկախութեան գաղափարակիրները սոսկ հաւատացեալներ չեն ըլլար, այլ՝ զինուորագրեալներ:
Այդ պատգամով ապրողները, իրենց կեանքի իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին, հայրենիքի անկախութեան ամրապնդման գործին [...]
May 27th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Անցեալ Ուրբաթ, Մայիս 13-14ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովը գումարեց իր 39րդ նստաշրջանը (Մանրամասն թղթակցութիւնը տեսնել էջ 7ի վրայ):
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, յատուկ նամակով մը ժողովականներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած էր այն կարեւորագոյն խնդիրներուն վրայ, որոնք պէտք է դառնային նստաշրջանի օրակարգի առանցքային հարցեր:
Վեհափառին կողմէ ընդգծուած հարցերու շարքին էր՝ «հայ դպրոցի ապագային ապահովումը»: Բոլորս [...]
May 20th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան, որուն, կարծես, ընդհանրապէս վերապահուած է Ատրպէյճանի հանդէպ կարծր դիրքորոշումներ յայտարարելու պատասխանատուութիւնը, «Փանորամա» լրատու գործակալութեան տուած վերջին հարցազրոյցին մէջ անգամ մը եւս սպառնացած է, որ եթէ Ատրպէյճան շարունակէ իր ապակառուցողական ընթացքը, ապա պատասխանը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:
Անշուշտ կարելի չէ պատկերացնել Արցախի միջազգային ճանաչումը, եթէ Հայաստանը ի՛նք [...]
May 13th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայ Կրթական Հիմնարկութեան բարեգործութիւններու թուարկումը ծաւալուն հրատարակութիւններու կը կարօտի: Թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի կրթական ոլորտին մէջ այս հիմնարկութեան իրագործած ծրագիրները, յատկացումները, բաշխած կրթաթոշակները, վերանորոգած ու կառուցած դպրոցները արժանի են խորունկ գնահատանքի:
Իր անդամներուն անդամավճարով ու նուիրատուութիւններով իր բարեգործական աշխատանքը տանող հիմնարկութիւնը կը վայելէ բոլորիս յարգանքն ու վստահութիւնը:
Այսօր կ՛ողջունենք Հայ Կրթական Հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնը՝ «Նիւ Եորք Լայֆ»ի [...]
May 13th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Լեզուի ու գրականութեան հանդէպ մեր ամէնօրեայ սիրոյ խոստովանութիւնները, եկէ՛ք համեմատենք մայրենին տարածելու ու մեր գրականութեան զարգացման նեցուկ կանգնելու ուղղութեամբ՝ մեր գործողութիւններուն հետ:
Այստեղ՝ Ամերիկայի Միացաել Նահանգներու տարածքին, մայրենիի եւ հայերէն գրականութեան հանդէպ անսահման նուիրումի ու յանձնառութեան արտայայտութիւններու կողքին, յաճախ անմիջական յաջորդականութեամբ, կը յայտարարենք մեր անկարողութիւնը յաղթահարելու այն խոչընդոտները, որոնք մեր նոր սերունդը կը դարձնեն օտարախօս, եւ [...]
May 6th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Մայրերու օրուան առիթով, կը շնորհաւորենք բոլոր հայ մայրերը, ու կը խոնարհինք ընտանիքի ու յատկապէս զաւակներու հանդէպ անոնց ցուցաբերած ամենանուէր զոհաբերութեան առջեւ:
Այս կարեւոր տօնին առիթով, յատկապէս կը խոնարհինք հայ զինուորներու մայրերուն առջեւ՝ գնահատելով անոնց ամէնօրեայ տագնապը, սրտահատորները ողջ-առողջ տան ճամբուն դիմաւորելու անոնց անձկութիւնն ու սպասումը:
Ուժ ու կորով կը մաղթենք իրենց: Բայց արդէն իրենք ուժի ու կորովի [...]
May 6th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
«Երբ Երեք Տարի Առաջ Մենք Ասում Էինք Նոյնը, Մեզ Անուանում Էին Կեղծ Ընդդիմութիւն», Կ՛ըսէ Յովհաննիսեան
«ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ».- Պարոն Յովհաննիսեան, Սերժ Սարգսեանի կողմից Ապրիլի 20ի յայտնի յանձնարարականը մի գործընթացի սկիզբ է դրել, որը քաղաքական նոր իրավիճակ է ստեղծել երկրում: Ինչպէ՞ս էք գնահատում այդ նոր իրավիճակը:
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ.- Ես կարծում եմ, որ ՀԱԿը միտումնաւոր, խելացի հաշուարկի արդիւնքում իր բազմաթիւ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Այո՛, օրօրուեցանք նախագահական թեկնածուի խոստումով: Հաւատացինք, որ այս թեկնածուն տարբեր պիտի ըլլայ. վերջի ի վերջոյ, ան Ուաշինկթընեան վարքն ու բարքը հիմնովին փոխելու ծրագիրով նետուած էր ընտրապայքարին, ու ամբողջ երկրի տարածքով միլիոնաւոր մարդիկ, երիտասարդներ, իրաւազրկուածներ, փոքրամասնութիւններ, հաւատացին իրեն:
Մեզի ալ՝ ամերիկահայերուս, Օպամա խոստացաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ, 1915ի Մեծ Աղէտը, Մեծ Եղեռնը բնութագրել իր քաղաքական նշանակութիւնը արտայայտող ձեւակերպումով՝ [...]
April 15th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայաստանի նախընտրական քաղաքական դաշտի շրջագիծն աստիճանաբար աւելի ընկալելի է դառնում: Ընդհանուր հենքը հասարակական ամենալայն շրջանակներում, մի քանի տարիների ընթացքում ձեւաւորուած ենթակայական այն մօտեցումն է, համաձայն որի՝ «ամէն ինչ կանխորոշուած է», «սրանք նախօրօք մտածուած խաղեր են» եւ այլն:
April 8th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Երեքշաբթի, 5 Ապրիլին, Կլենտէյլի մէջ տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ: Անցեալ քանի մը ընտրութիւնները ցաւագին յիշողութիւններ թողուցին մեր համայնքի քաղաքական տարեգրութեան մէջ: Այս արձանագրելով հանդերձ, նոյնքան ցաւագնօրէն կը խոստովանինք, որ կարծէք չկրցանք այս դառն փորձառութիւններէն դասեր քաղել ու ամէնէն ճիշդ ռազմավարութիւնը որդեգրելով՝ պատրաստուիլ դիմագրաւելու նոր ընտրութիւններու մարտահրաւէրը:
April 1st, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ամէն առիթի կը յայտարարենք, որ երիտասարդութիւնը մեր ապագան է, որ անոնք պիտի ըլլան մեր մշակոյթի պահպանման, Դատի հետապնդման գործը ստանձնողները, ջահակիրները:
March 25th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
1921թ. փետրուարեան համաժողովրդական յեղափոխութեան 90 ամեակը Հայաստանում նշուեց քաղաքական զարգացումների չափազանց ուշագրաւ մթնոլորտում:
March 11th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Իւրաքանչիւր անհատ, իւրաքանչիւր հաստատութիւն, միութիւն կամ կազմակերպութիւն կրնայ ամէն օր բողոքել, որ կլանուած է հազար ու մէկ տեսակի անյետաձգելի աշխատանքներով, որ վերապրելու համար պարզապէս այնքան հսկայական ճիգ պէտք է թափէ, եւ որ ընդհանրական այլ հարցերու ու կարիքներու համար շատ քիչ միջոց կամ ժամանակ կը մնայ, եթէ անշուշտ երբեք մնայ:
March 4th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Կանգնած ենք նոր ընտրութիւնների նախաշեմին եւ կրկին նոյն հարցի առջեւ ենք՝ ընտրութիւններն ի վիճակի՞ են ինչ-որ բան փոխել, թէ՞ մեզանից կախուած չէ եւ ամէն ինչ կանխորոշուած է: Սակայն, այնուամենայնիւ, ընտրութիւնները միջոց են թէ՛ իշխանութիւնը պահելու, թէ՛ փոխելու համար: Պարզապէս խնդիրն այն է, թէ ով է աւելի լաւ տիրապետում այդ հնարաւորութեանը եւ օգտւում դրանից՝ իշխանութիւն պահողները՞, թէ՞ փոխողները:
February 18th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
«Մարդկային իրաւունքներու միացեալ յանձնախումբ»ին կազմակերպութեամբ, յառաջիկայ Կիրակի օր, Փոքրիկ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած է քայլարշաւ մը, որուն նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել անպաշտպան ու բռնութիւններու զոհ դարձած կանանց վիճակին վրայ, ըլլայ այստեղ թէ Հայաստան:
January 21st, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Լիբանանեան քաղաքական բեմը յատկանշած քաղաքական լարուած իրավիճակը, անհեռանկարային կացութիւնն ու մանաւանդ մօտ ապագային նկատմամբ տիրող անորոշութիւնը տագնապի մատնած են լիբանանցի քաղաքացին։ Ընթացիկ գործեր վարող հրաժարեալ կառավարութեան գործունէութիւնը, խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու յետաձգման փաստը կը յուշեն համաձայնական մթնոլորտի բացակայութիւնը։
January 21st, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ժողովուրդիս հետ, Հայրենիքիս համար։
Հազարամեակներու մաքառումներէ ետք, հազարամեակներու վրայ երկարող պատմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն մը ամբողջ կերտած հայ ազգը, իր ծոցէն ծնունդ տուաւ Դաշնակցութեան։
Հայ ազգը ծնաւ Դաշնակցութիւնը, ու արագ հասկնալով իր ծնունդի արժէքն ու կարողականութիւնը՝ անոր կապեց սպասումներ, անոր վրայ դրաւ բարձր ակնկալութիւններ։
December 17th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Յարգելի տիկին խօսնակ, թիւ 252 բանաձեւի քուէարկութիւնը ներառէք Ներկայացուցիչների տան օրակարգի մէջ:
111րդ Կոնգրեսի նստաշրջանը յետաձգուել է մինչեւ օրացուցային տարուայ փոփոխութիւնը 2011 թուականին.
December 7th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Մեր համայնքի առօրեային հետեւող ոեւէ անձի աչքէն չի կրնար վրիպիլ այն փաստը, որ անօրինակ աշխուժութիւն մը կը տիրէ հայկական կեանքին մէջ:
Արդարեւ, արագ ակնարկ մը նետելով մեր համայնքային օրացոյցին վրայ՝ պիտի նկատենք, որ հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ ձեռնարկները զիրար կը հրմշտկեն, զիրար կը խաչաձեւեն:
December 3rd, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ առնուազն կէս միլիոն բնակչութիւն: Ազատագրուած հողերը պէտք է շէնանան ու ծաղկին: Արցախը իր քաղաքներով ու գիւղերով պէտք է բարգաւաճի ու զօրանայ:
November 19th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Լոնտոնի մէջ, դեռ անցեալ Երկուշաբթի յայտարարեց, որ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը ոչ մահացած է, ոչ ալ՝ սառած: Իրականութեան մէջ, որոշ բաներ անձայն կ՛ընթանան»:
November 12th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ժողովրդավարութիւնը, ազգայնութիւնը եւ յեղափոխականութիւնը համամարդկային գաղափարական արժէքներ են, որոնց միջոցով Դաշնակցութիւնը ձգտում է ամբողջական Հայրենիքի վրայ ստեղծել հզօր պետութիւն եւ մէկտեղուած հայութեան ազգային, քաղաքական, սոցիալական եւ հոգեմտաւոր կեանքը դարձնել համերաշխ, ազատ, արդար ու կենսունակ: Ազատ Հայաստանի եւ հայ մարդու ազատութեան նպատակին հասնելու բարդ ճանապարհը, ըստ Դաշնակցութեան, անցնում է ժողովրդավարութեան միջից:
November 5th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տեղական, քաղաքային, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու ընտրութիւններուն ամերիկահայ ընտրազանգուածի մասնակցութիւնը աւելցնելու մարտահրաւէրը, անշուշտ, միայն մէկ երեսն է հայկական քուէի գործօնը քաղաքականապէս դերակատար դարձնելու ազգային մեր մտահոգութեան: Իւրաքանչիւր ամերիկահայու կողմէ քուէարկելու պաշտօնական ձեւակերպման ապահովումը կը նկատենք հայկական համայնքի քաղաքական ազդեցութիւնը մեծցնելու կոչուած քայլ:
October 29th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայ Յեռափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ ձգտել եւ այժմ էլ ձգտում է նոր որակի իշխանութիւններ ձեւաւորել Հայաստանում: Հայաստանի երեք նախագահների օրօք ձեւաւորուած քաղաքական, տնտեսական եւ սոցիալական համակարգերից եւ ոչ մէկը լիարժէք զարգացումներ չապահովեց Հայաստանի եւ հայութեան համար:
September 17th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Սեպտեմբեր 19ին, Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ պատարագը, որ նախապէս ծրագրուած էր տեղի ունենալ մէկ շաբաթ առաջ՝ Սեպտեմբեր 12ին, եւ որ Թուրքիոյ մէջ նոյն օրը տեղի ունենալիք սահմանադրական հանրաքուէի պատճառով եօթը օրով յետաձգուած էր, պիտի կայանայ:
September 3rd, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Երկրի տնտեսական դժուարութիւնները կը շարունակուին՝ տագնապեցնելով մեզ, մեր շրջանակը, եւ լուրջ խնդիրներ ստեղծելով ազգային գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն, կառոյցներուն, որոնց շարքին նաեւ՝ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններուն համար:
September 3rd, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը, գիտակցելով պահի լրջութիւնը, արագ շարժեցաւ ու անմիջական քայլեր ձեռնարկեց՝ ցոյց տալու համար ժողովուրդին, որ անդրադարձած է բանակի մէջ ոչ-առողջ երեւոյթներու առկայութեան եւ պատրաստ է միջոցներ ձեռք առնելու
August 9th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի պատկառելի կազմին իւրաքանչիւր անդամը խորապէս գիտակից է իր երկրի շահերուն, ու վստահ ենք, որ այդ շահերը պաշտպանելու իւրաքանչիւրի նախանձախնդրութիւնը անվիճելի է:
July 30th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր գործունէութիւնը խարսխած է ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ, որոնց առաւել արմատաւորման մէջ, ան կը տեսնէ իր կազմակերպական հզօրացման ուղին:
July 16th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ Ղարաբաղեան բանակցութիւնները թեւակոխած են նոր ու բարդ հանգրուան մը, որ կը յատկանշուի լարուածութեան խորացումով ու պատերազմի վտանգի մեծացումով:
Այս մթնոլորտին մէջ, չափազանց մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ տարածաշրջանային հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն ցուցաբերելու հարցը:
July 16th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի վերջին հարցազրոյցը (այս մասին լուրը կարդալ առաջին էջով) այն տպաւորութիւնը կ՛ուզէ թողուլ, թէ Յուլիս 16ին, Ալմաթայի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ իր ունենալիք հանդիպումը արդէն իսկ պիտի ծառայէ լուծելու գործնական խնդիրներ, որոնց շարքին՝ ազատագրուած տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելու
July 9th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Նաւասարդեան խաղերու աւարտը ազդարարուեցաւ: Համայնքի մեծագոյն, զանգուածային ամէնէն մեծ տարողութիւնը ունեցող այս ձեռնարկը, անգամ մը եւս յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ շնորհիւ հարիւրաւոր ՀՄԸՄականներու նուիրաբերումին, զոհողութիւններուն, անոնց կամաւոր հոյակապ աշխատանքին:
Սփիւռքի մէջ Նաւասարդեան խաղերու չափանիշներով ձեռնարկ կազմակերպելու յանդգնութեան աղբիւրը այս կամաւորներու բանակն է, անոնց յանձնառութեան ոգին, որ տարուէ տարի կը նորոգուի, նոր աւիշով կը հզօրանայ:
July 9th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայաստան եւ Ղարաբաղ պատերազմական մշտական վիճակի մէջ են: Հայկական հանրապետութեանց ղեկավարները իրենց իւրաքանչիւր քայլին, իրենց իւրաքանչիւր կեցուածքին մէջ չեն կրնար հաշուի չառնել այս իրողութիւնը:
June 25th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայաստանի մէջ ոչ-հայկական դպրոցներու բացման առաջադրանքը, որ կրնայ քանի մը օրէն օրէնքի կարգ անցնիլ Ազգային Ժողովին որոշումով, ամիսներէ ի վեր փոթորկած է հայրենի աշխարհը, իր մտաւորականներով, կրթական համակարգի պատասխանատուներով, գիտնականներու շրջանակներով, միաժամանակ արդարօրէն յուզում յառաջացուցած է քաղաքական ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ։
June 18th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհուրդի 33րդ Ընտրաշրջան
June 4th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Սովորական, պատահական կամ ձեւական միասնականութեան մասին չէ խօսքը:
Անկարելի պայմաններու տակ յաղթանակ ապահովելու անհրաժեշտ, ուժական միասնութիւնն է, զոր կարելի է բնութագրել իբրեւ սարդարապատեան:
May 27th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան զօրակից կազմակերպութիւններ ըլլալու իրողութիւնը յայտնի է հայկական իրականութեան ծանօթ ոեւէ մէկուն:
May 14th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Համազգայինի ընտանիքի ներկայացուցիչները համախմբուած են Լիբանան՝ գումարելու համար Միութեան գերագոյն ժողովը, որ կոչուած է քննարկելու հայ մշակոյթին եւ կրթութեան կապուած օրախնդիրները։
May 14th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Քառասուն տարի առաջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով, «Ասպարէզ» իր հայերէն բաժինին հետ սկսաւ հրատարակելու անգլերէն էջեր:
April 30th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Այս կոչը, կամ դիմումը, բացատրութեան, հիմնաւորման կարիք չունի, գիտենք: Նախ՝ միասնականութիւնը ինքնին մեր ազգին համար միշտ ալ եղած է քաշողական կարգախօս մը: Ապա, այս պարագային, այն առանցքը, որուն շուրջ միասին պիտի ըլլանք, մեր ժողովուրդին մեծագոյն վիշտն է՝ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու պարտքը:
April 16th, 2010
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը այս Կիրակի, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ պիտի ներկայանայ իրեն զօրակցողներուն, իր բազմաճիւղ գործունէութիւնը հնարաւոր դարձնողներու հաւաքականութեան:
April 9th, 2010
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին շրջանին ամէն առիթ կ՛օգտագործէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն հանդէպ իր թերահաւատութիւնն ու վերապահութիւնը յայտնելու՝ միեւնոյն ատեն ռազմաշունչ իր սպառնալիքները հրապարակելով:
April 9th, 2010
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
«Շամլեան» Ազգային վարժարանի 7րդ դասարանների աշակերտները իրենց հայերէնի ուսուցիչների՝ Արաքս Զարզաւաթճեանի, Սարօ Նազարեանի եւ Վահան Մեհրաբեանի գլխաւորութեամբ, Երեքշաբթի, Մարտի 23ի առաւօտեան ժամը 11:30ին այցելեցին «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւն
March 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Խմբագրական, Հայաշխարհ | Read More »
«Հայ ժողովուրդը այն համոզումը ունի, որ հայեւթուրք երկխօսութիւնը անխուսափելի պահանջ է հայեւթուրք տագնապի լուծման ի խնդիր. սակայն այդ երկխօսութիւնը տեղի պէտք է ունենայ ըստ էութեա՛ն եւ ոչ թէ լոկ ըստ ձեւի, միջազգային հանրային կարծիքի աչքին փոշի փչելու եւ լուսանցքային խնդիրներու քննարկման մէջ թաղելու համար առանցքային հարցը՝ Հայ Դատը, այն ալ դեռ հայ մարդոց միջոցաւ»։
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ, 1980
March 24th, 2010
| Posted in Խմբագրական, Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Ցեղասպանութեան դէմ պայքարը համամարդկային տարողութեամբ անզիջող կռիւ պէտք է ըլլայ՝ ընդդէմ ցեղապաշտութեան, որուն գաղափարախօսութենէն է, որ, ի վերջոյ, կը ծնին, կը հիմնաւորուին, կը գործադրուին մաքրազտումները այսօր՝ այս, վաղը՝ մէկ այլ հաւաքականութեան դէմ:
March 19th, 2010
| Posted in Լուրեր, Խմբագրական, Կիզակէտ, Հայաշխարհ, Յօդուածներ | Read More »
Մարտ 4ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը, իր օրակարգին մէջ պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը (մանրամասնութիւններու համար՝ տե՛ս այսօրուան մեր տեղեկագրութիւնը այս նիւթին մասին):
February 5th, 2010
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Պըրպեքնի մէջ ապրող հայութեան թիւը կը գնահատուի շուրջ քսան հազար, իսկ եթէ հաշուենք քաղաքին անմիջապէս յարող շրջաններու մէջ ապրողները, ապա այդ թիւը կը բարձրանայ երեսուն հինգ հազարէն աւելի:
January 29th, 2010
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Մահ ու աւեր, քանդուած բնակարաններու ու շէնքերու փլատակներ, իրենց սիրելիները փնտռող անօգնական խլեակներ, համատարած յուսալքութիւն, այս է պատկերը Հայիթիի մայրաքաղաք Փորթ-Օ-Փրէնսի մէջ: Պատկեր, որ այնքան ծանօթ կը թուի ըլլալ մեզ, կարծես երէկ տեղի ունեցած Գիւմրիի մեծ աղէտի վէրքերը դեռեւս բուժող ազգի մեր զաւակներուն համար:
January 15th, 2010
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Սահմանադրական Դատարանի որոշումէն գոհ չենք: Չենք կրնար ըլլալ: Մեր պահանջքը յստակ էր: Կը պահանջէինք ու յոյս կը յայտնէինք, որ Սահմանադրական Դատարանը իր առաքելութեան տէր պիտի կանգնի ու յանուր աշխարհին պիտի յայտարարէ, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները ըստ էութեան, իրենց տառով ու ոգիով, իրենց հետ առնչուող ուղղակի ու անուղղակի պայմաններով չեն համապատասխաներ Հայաստանի սահմանադրութեան:
January 15th, 2010
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Ստորեւ կը հրատարակենք ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէութեան «Ապարաժ» պաշտօնաթերթի խմբագրականը, որու արծարծած հարցը այս նոր տարուան մեր ազգային օրակարգի առաջնահերթ խնդիներէն մէկը պէտք է դառնայ:
December 31st, 2009
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Այս նշանաբանին հետ կու գայ անշուշտ մեր բոլորին յանձնառութիւնը Արցախը հզօրացնելու, զայն անառիկ բերդի վերածելու:
November 20th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Խմբագրական, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »
Հոկտեմբեր 10էն անցաւ արդէն բաւական ժամանակ ու տակաւին կարծես անաորոշութիւն մը կը տիրէ հայկական իրականութեան մէջ, առնուազն արտաքնապէս այդպէս կ՛երեւի:
Այս անորոշութիւնը չի կրնար երկար տեւել, այլապէս հազիւ ստեղծուած զօրաշարժային մթնոլորտը պիտի թուլնայ եւ հետզհետէ բոլորովին խամրի, ի բացակայութիւն գործողութիւններու յստակ ծրագրերու:
November 6th, 2009
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »