Home » Փոքր ՀայաստանYou are browsing entries filed in “Փոքր Հայաստան”
ՀԱՅԿՈՒՀԻ ՍԵՐՈԲԵԱՆ
Մայիս ամիսը գարնան գեղեցիկ ամիսներէն մէկն է, ուստի Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղը Մայրերու տօնին առիթով մայրական սիրով եւ երախտագիտութեամբ կ՛ողջունէ աշխարհի բոլոր մայրերը:
Թուականէս 95 տարիներ առաջ՝ 1918ի գարնան, խումբ մը նուիրեալ հայուհիներ՝ յաղթահարելով կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, հիմնեցին Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղը հայաշատ Հոլիվուտի մէջ:
Ինչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն. ինչպէս ամէն տարի, այս տարին եւս [...]
April 9th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հինգշաբթի Յունուար 31, 2013ին, վարժարանս մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց պատուական հայուհի մը, Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ իր իւրայատուկ տեղը նուաճած, համարձակ քաղաքական գործիչ եւ մինչեւ 2012 թուականը Հայաստանի Խորհրդարանէն ներս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաւորական խումբի անդամ՝ Լիլիթ Գալստեանը:
Վարժարանի աշակերտութիւնը երկու տարբեր հանդիպում-հանդէսներով հիւրընկալեց մեր սիրելի հիւրը: Առաջին հերթին 3-8 կարգի աշակերտները հաւաքուեցան «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահ եւ [...]
February 5th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի գրադարանէն ներս երաժշտական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ՝ գրադարանի բարեզարդման ծրագիրներուն նպաստելու համար:
Ձեռնարկին ներկայ էին բաւական մեծ թիւով աշակերտներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9-12րդ կարգերու աշակերտներէն ոմանք, որոնք երաժշտական հակումներ եւ կարելիութիւններ ունին: Անոնք իրենց երգերով ու նուագներով խանդավառեցին ներկաները եւ բաւական խոստմնալից [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
UCLA-ի Նարեկացիի անուան հայագիտական ամբիոնի բարեկամներու ընկերակցութիւնը, որ համալսարանին կողմէ ճանչցուած է որպէս կապ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին հետ, ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ յառաջիկայ դասախօսական երեկոյին մասին, զոր պիտի ներկայացնէ դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը՝ այժմ այցելու դասախօս UCLA-ի Միջինարեւելեան լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքէն ներս, նիւթ ունենալով «Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերու կրթական եւ բարեսիրական գործունէութեան փիլիսոփայութիւնն ու [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Պատմական անցեալ մը չունի այս տօնը. սակայն խորիմաստ է անոր նպատակը՝ մեծարել հայրութեան արժանաւորութիւնը: Ողջ քաղաքակիրթ աշխարհը իր յարգանքը կ՛ընծայէ բոլոր հայրերուն, իսկ զաւակներ խոր ակնածանքով եւ անվերապահ երախտագիտութեամբ իրենց յարգանքի տուրքը կը վճարեն հայ հօր:
Այս գաղափարէն մէկնելով՝ Շաբաթ, 26 Յունիս 2012ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընտանեկան հաւաքոյթ մը՝ Մայտա Շահինեանի բնակարանին մէջ, ի պատիւ հայրերուն:
Բարի [...]
July 17th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2012ին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներէն միայն մի քանին ընտրուած էին իրենց լաւագոյն պարբերութիւնները ներկայացնելու համար: Մենք առիթը ունեցանք «Հորիզոն»ի ուղիղ սփռումի յայտագիրին մաս կազմելու եւ հարցազրոյցի մը ներկայ գտնուելու: Երբ անհամբեր կը սպասէինք, բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուս աչքերուն մէջ տարբեր փայլք մը կար, եւ այդ փայլքը ոչ միայն զիս կը խանդավառէր, [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
ԱԼՎԱՐԴ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ
Մարտի 16ին, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի ծնողները, ուսուցիչները, աշակերտները, հովանաւորները եւ հիւրերը հաւաքուել էին «Տաղլեան» մշակութային կենտրոնում՝ տօնելու համար դպրոցի 31րդ տարեկան պարահանդէսը, որը կազմակերպուել էր ծնողաուսուցչական անձնակազմի կողմից, իսկ ուտեստները մատակարարուել էին «Դիվայն Քէյթրինգ»ի կողմից: Ներկայ գտնուողներից էին տէր եւ տիկին Մկրեանները, պատուոյ հիւրեր էին հովանաւորներ Պետրոս Տաղլեանը, Հմայեակ Բալթայեանը եւ դպրոցի հոգաբարձական [...]
April 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
ՄՈՐԻՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Մանտոսեանի առաջարկութեամբ, տնօրէն Գուրուեանի ղեկավարութեամբ եւ ուսուցչուհի Յարութիւնեանի կազմակերպութեամբ, Մարտի 2ին, մենք՝ «Արշակ Տիգրանեան»ի աշակերտներս, մասնակցեցինք քայլարշաւի մը՝ մանկավարժների, տնօրէնի, ծնողաուսուցչական կազմի, ծնողների եւ հոգաբարձութեան անդամների հետ:
Հիմնական պատճառը այն էր, որ տեղեկացնենք մեր թաղամասի բնակիչներին մեր գոյութեան մասին:
Քայլարշաւը թոյլ տուեց, որ կարողանանք ցոյց տալ, թէ մենք [...]
April 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ կատարուած յանձնախմբային պատասխանատուութեանց փոփոխութիւններուն ծիրէն ներս, Փօլ Գրիգորեան նշանակուած է քաղաքի Ամավարկի եւ ելեւմուտքի յանձնախումբի ատենապետ՝ փոխարինելով քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պեռնար Փարքսին, որ այդ պաշտօնը վարած էր վերջին 8 տարիներուն:
Այս պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելով՝ Փօլ Գրիգորեան յայտարարած է, թէ իր կարելին պիտի ընէ քաղաքին ամավարկի հաւասարակշռութիւնը պահպանելու, միաժամանակ քաղաքացիներուն [...]
February 14th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը յայտարարուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր: Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցին աւանդաբար ամէն տարի մեծ շուքով կը նշէ այս տօնը:
Նախատօնակին՝ Փետրուար 3ի երեկոյեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Արժանթինի Հայոց թեմի՝ Քորտոպայի հոգեւոր հովիւ Երեմիա քհնյ. Խաչատրեան:
Ներկաներուն [...]
February 14th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական հիմնարկը որոշած է Ապրիլ 15ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին մեծարել Հայկական Ցեղասպանութեան վկայութիւնները թուայնացնելու աշխատանքին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած «Շօուա» հիմնարկը, որ նոյն համալսարանին մէջ 1994ին հաստատուած է աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի կողմէ, Հրէական Ողջակիզումէն վերապրած հրեաներու վկայութիւնները պահպանելու նպատակով:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական հիմնարկի ղեկավարման խորհուրդը որոշած [...]
February 14th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղի աւանդութեան վերածուած «Արարատ տուն» տարեկան այցելութիւնը, այս տարի տեղի ունեցաւ Կիրակի, Փետրուար 5ին: Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն 55 սկաուտներ եւ ծնողական օժանդակ մարմինէն 7 անդամներ այցելեցին Միշըն Հիլզ գտնուող ծերանոցը՝ իրենց տատիկներն ու պապիկները զուարճացնելով, անոնց հրամցնելով հայկական երգեր, պարեր, սկաուտական կանչեր եւ բանաստեղծութիւններ:
Յայտագիրներու աւարտին սկաուտները նաեւ առիթ ունեցան զրուցելու [...]
February 7th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ծովափը
Շանթը ծովափ շատ կը սիրէր։ Օր մը ծանօթ մը տեսաւ հոն եւ բարեւեց։ Նկատեց, որ ծանօթը հաւաքոյթի մը համար ծովափին լաւագոյն բաժինը գրաւած էր։ Ան նաեւ ձկնորսութիւն կը սիրէր։ Օր մը հօրը հետ իրենց նաւը նստած ձուկ կ՛որսային։ Առաջին ձուկը շուտով երեւցաւ եւ Շանթը հազիւ պատիւը պիտի ունենար զայն որսալու, երբ յանկարծ նաւը աւազին մէջ [...]
December 13th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
«Առանց ազգային դպրոցի եւ մամուլի գործօն մասնակցութեան, անկարելի եղած է պահել հաւաքականութեան մը ազգային դիմագիծը»։ Այսպէս կը վկայէ սփիւռքահայ գրող, քննադատ, հրապարակագիր, երբեմնի ուսուցիչ Պօղոս Սնապեան, իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ (Տեսնել՝ «Ասպարէզ»ի Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր, 2011ի թիւը)։
Ազգային դպրոց՝ ազգային մշակոյթ։ Ազգային դպրոցը՝ դարբնոց ազգային ինքնութեան եւ ազգային դիմագիծի կերտման։ Այս հաւատամքին ու սկզբունքին [...]
November 15th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հոկտեմբեր 26ին, «Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս»ի 4րդէն 6րդ կարգերու աշակերտները գնացին «Սողանալեան» սրահ, որպէսզի համտեսեն մածնապուր եւ շարիկ։ Անոնք նաեւ հնարաւորութիւն ունեցան դիտելու, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստեն այդ ուտելիքները։ Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել 5րդ կարգի աշակերտ Դաւիթ Ազատեանի մայրիկին եւ տատիկին, որոնք մեզի օգնեցին այս ճաշերու ներկայացումը հնարաւոր եւ հաճելի դարձնելու։
Մենք ուսուցիչներէն շատ գոհ ենք, որովհետեւ [...]
November 15th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
2010ի Մայիս 20ից Յունիսի 2ը անմոռանալի մի ժամանակաշրջան եղաւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 11րդ կարգի աշակերտների համար։ Նրանք այս օրերի ընթացքին ապրեցին երջանիկ օրեր հայրենի հողի վրայ՝ վայելելով հայրենիքի օդն ու ջուրը,
June 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը Երեքշաբթի, Յունիս 8ի թիւի արուեստներու բաժնին առաջին էջով անդրադարձած է Արշիլ Կորքիի ստեղծագործութեանց նուիրուած՝ «Արշիլ Կորքի՝ յետադարձ ակնարկ» ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 6ին, Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ:
June 8th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Փոքրիկ Հայաստանէն Թերեզա Երեմեան վերջերս յաջողութեամբ աւարտած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գարնանային վարժողական ծրագիրը՝ 14 շաբաթներու ընթացքին մօտէն ծանօթանալով համայնքային եւ պետական մակարդակներու վրայ Հայ Դատի տարած աշխատանքներուն, միաժամանակ գործնական մասնակցութիւն բերելով անոնց:
June 8th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հայկ Նալպանտեան մէկն է USC համալսարանին դիմած եւ ընդունուած այն 28 ուսանողներէն, որոնք պիտի մասնակցին սովորականէն կանուխ համալսարան ընդունուողներու պատուոյ ծրագրին: Միացեալ Նահանգներու տարածքէն բազմաթիւ ուսանողներ դիմած էին այս ծրագրին: Հայկ նաեւ համալսարանէն կրթանպաստ ստացած է իր ուսման համար:
June 8th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Փոքր Հայաստան | Read More »
Մայիսի 16ին, Արշակ Տիգրանեան վարժարանում մեծ ոգեւորութեամբ անցկացուեցին մարզական խաղեր: Դպրոցի մարզական յանձնախումբը բաւականին նախապատրաստական աշխատանքներ էր տարել այդ օրը՝ աշակերտներին եւ ուսուցիչներին ուրախ ու ոգեւորութեամբ լեցուն պահեր պարգեւելու համար
June 1st, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Կիրակի, Մայիս 23ին, Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանին մէջ, իրաւաբան Ուոլթըր Քարապեան յայտարարեց, թէ Սաթենիկ Միհայէլ որոշած է 250,000 տոլար նուիրել վարժարանին, ի յիշատակ այս տարի մահացած իր ամուսնոյն:
June 1st, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
«Ասպարէզ»ի մէջ Մայիս 12, 2010ին լոյս տեսաւ ՀՕՄի դարադարձի առթիւ երկու նկարներ, էջ 2 խմբանկարը՝ Քարէն Եփփէ ճեմարան-Հալէպ, Սուրիա, Հոկտ. 1949, ճեմարանի բացման 3րդ տարեշրջանն է.
June 1st, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
1950ին, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ բոլոր մասնաճիւղերը, աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ, արժանավայել կերպով կը տօնեն ՀՕՄի հիմնադրութեան 40ամեակը:
May 18th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող Հայ կրթական հիմնադրամի արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն շարք մը ժողովներու եւ ձեռնարկներու մասնակցեցաւ, միաժամանակ շարունակելով իր լիաժամ դասաւանդութիւնը:
May 18th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Տէր եւ տիկին Ճոզեֆ Սթայնի եւ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին համագորակցութեամբ, Կիրակի, Յունիս 13ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ հիւրասիրութիւն մը՝ նուիրուած համալսարանի հիմնադրութեան 55րդ տարեդարձին:
May 18th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Շարունակելով «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն եւ յատկապէս հայ հասարակութեան մեր ապրած շրջաններէն ներս հայ առեւտրականներն ու հաստատութիւնները ծանօթացնելու ծրագիրը, այս բաժնով կը ներկայացնենք Կլենտյէլի եւ Լոս Անճելըսի սահմանին վրայ գտնուող նորաբաց հայ հաստատութիւնը՝ «MYSTERYBeat Rehersal & Recording Studio»ն:
May 18th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ապրիլի վերջին շաբթուան ընթացքին, «Ալէք Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքը հանդիսաւոր կերպով նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ ամեակը։
May 11th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտներու դաստիարակչական ծրագրին ամբողջացման, սկաուտական կարեւոր գիտելիքներու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի եւ հայոց պատմութեան մասին տեղեկութեանց փոխանցման նպատակով, ամէն տարի կազմակերպուող դաստիարակչական բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ Ապրիլ 30-Մայիս 2 շաբաթավերջին, ՀՄԸՄի Թեքուիա բանակավայրին մէջ:
May 11th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հայկական Ցեղասպանութեան պահանջատիրական պայքարին մէկ մասնիկը հանդիսացող Լոս Անճելըսի մօտ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ ամէն Ապրիլ 24ի կայացող բողոքի ցոյցը, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ՝ կազմակերպութեամբ ՀԵԴին:
April 13th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Արուեստագէտներու կեանքին մէջ անոնց կողակիցներուն ներդրումը արժեւորելու նպատակով հաստատուած «Փարաճանով-Վարդանով» մրցանակներու տարեկան առաջին մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 18ին, Պեւըրլի Հիլզի շարժապատկերի փառատօնին ճաշկերոյթի ձեռնարկին ընթացքին, «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ:
April 13th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեան հիմնարկէն 50,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացած է, Ճեզմըն Մկրտիչեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամ մը ստեղծելու նպատակով
April 13th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
նցեալ Հոկտեմբերին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Թորնթըն» երաժշտանոցին ու Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին միջեւ գոյացած կրթական փոխանակման համաձայնագրին
April 13th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
«Արմինիըն Փալս»ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, Հոլիվուտի իւրօրինակ աստղ դարձած Քիմ Քարտաշեան յայտարարած է, որ ինք հպարտ է իր ազգային ծագումով:
April 6th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ապրիլ 2ին, Աւագ Ուրբաթ օրուան երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիները յատուկ արարողութիւններով նշեցին Քրիստոսի թաղման յիշատակը։
April 6th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Սարգիս Ք. Խաչերեանի «Լոյսն Ի Վեր» բանաստեղծութիւններու հատորը: «Լոյսն Ի Վեր»ը լոյս ընծայուած է 2006ին, Հալէպ, «Կիլիկիա» հրատարակչատան կողմէ: Սարգիս Ք. Խաչերեանի բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները լոյս տեսած են «Գանձասար»ի, «Զարթօնք»ի, «Շիրակ»ի եւ «Կամար»ի մէջ: Հատորը հեղինակին բանաստեղծութիւններու 101 էջնոց առաջին հաւաքածոն է, որ ունի 4 ենթաբաժանումներ՝ «Մարդու մասին», «Սիրոյ մասին», «Քաղցկեղի մասին՝ մօրս» եւ «Հեղինակին մասին»:
April 6th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըսի Արդի արուեստի թանգարանին (MOCA) մէջ տեղի ունենալիք հայազգի արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի ցուցահանդէսին նեցուկ կանգնելու նպատակով, Ուրբաթ, Ապրիլ 30ին, Կլենտէյլի «Պրենտվիու քըլլլեքշըն» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին թանգարանին պատասխանատուները ցուցահանդէսին եւ անոր ընկերացող այլ ծրագիրներուն մասին պիտի խօսին:
March 23rd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Մարտ 20ին կայացած Հոլիվուտի թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած թեկնածուներէն մէկն էր Քրիսթինա Ա. Խանճեան, որ կը վայելէր Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը:
March 23rd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
«Գարեգին Ա.՝ Հաւատքի Նուէրը» (Karekin I: The Gift Of Faith) գիրքը՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. վեհափառի մասին, որ հրատարակուած է իր վախճանման 10ամեակին առիթով:
Էջերի քանակ՝ 230:
March 23rd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հայ պատմագիտական միտքը ծանր կորուստ կրեց: 2010 Մարտի 11ին, Լոս Անջելըսում իր մահկանացուն կնքեց անուանի գիտնական, արեւելագէտ, Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի արեւելագիտական ինստիտուտի գիտաշխատող, թուրքագիտութեան բաժանմունքի հիմնադիր Երուանդ Ղազարի Սարգսեանը:
March 23rd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Այս տողերը կը նուիրենք աշխարհի տարածքին օթիզմով հայ երախաներուն՝ անոնց սրտի կանչը լսելի դարձնելու համար։ Օթիզմը ուղեղային բնականոն ձեւով գործունէութեան խանգարում մըն է, որ հաղորդակցութեան կարողութիւնը կ՛արգելակէ կամ կը դժուարացնէ։ Օթիզմը ունի ծաւալուն դաշտ, թեթեւ աստիճանէն մինչեւ ծանրը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք օթիզմով քանի մը հայ երեխաներու միտքերը.
March 23rd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Շահան Նաթալի ընտանիքի հիմնարկը կազմակերպած է յայտնի մտաւորական, հեղինակ եւ գործիչ Շահան Նաթալիի ծննդեան 125ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 10ին, կ.ե. ժամը 2էն 4, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Լոս Անճելըս հանրային գրադարանի «Մարք Էյփըր» սրահին մէջ (630 W. Fifth St.):
March 16th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Շաբաթ, Ապրիլ 17ին, երեկոյեան ժամը 9ին, «Սի.Պի.Էս.» կայանէն ուղղակի պիտի սփռուին «STRIKEFORCE» մարտարուեստի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումները, որոնց վեց մասնակիցներէն մէկն է հոլանտահայ Գեղարդ Մուսասի:
March 16th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Շաբաթ, Մարտ 20ին կայանալիք Հոլիվուտի թաղային խորհուրդներու ընտրութեանց սեմին, Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի քաղաքացիներուն, որ աւելի մօտէն ծանօթանան թեկնածուներուն եւ մասնակցին քուէարկութիւններուն:
March 16th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Յաջորդական 9րդ տարին ըլլալով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղերը պիտի մասնակցին Լոս Անճելըս քաղաքի Մարաթոնի ծիրէն ներս տեղի ունեցող «LA 5K Run/Walk» քայլարշաւին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 20ին:
March 9th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Կարդացի «Ասպարէզ»ի Փետրուար 24, 2010 թիւով հրատարակուած «Օրը Օրին» սիւնակով Ձեր՝ «Յիշենք Եւ Վերյիշենք» յօդուածը։
March 9th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Երբ կարդացի 2010 տարուան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը՝ «Ասպարէզ» օրաթերթի Յունուար 14ի համարում, թէ 2010ը հռչակուած է «Հայ Կնոջ տարի», հոգիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ապրեց։
March 2nd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Վարդանանք իրենց կեանքի սկզբունքներով, հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ապահոված են բացառիկ արժեւորում։ Նահատակներուն մէջ Վարդանը արդէն խորհրդանիշ դարձած է քաջութեան, համբերութեան, հայրենասիրութեան՝ անշեղ հաւատքի։ Այս առիթով է, որ «Փիլիպոս»ի մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդ կարգի աշակերտները, հագած Վարդանի սաղավարտները՝ Երեքշաբթի, Փետրուար 9ին այցելեցին Ս. Կարապետ եկեղեցին՝ յարգելու համար ազգային եւ կրօնական գաղափարապաշտ հերոսներուն յիշատակը։
March 2nd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հրաշալի գաղափար է, այնպես չէ՞:
Ճիշդ այդպէս էին կարծում նաեւ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտները: Իրենց ուսուցչուհիներ Լուսինէ Ասատրեանի եւ Արշալոյս Կիրակոսեանի ղեկավարութեամբ, աշակերտները պատրաստել էին հրաշալի ծրագիր, որի արդիւնքում հաւաքուած գումարը նուիրաբերուելու էր Հայիթիի երկրաշարժում տուժածներին
March 2nd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Փետրուարի տասներկուսին Արշակ Տիգրանեան վարժարանը նշեց Վարդանանց տօնը: Վարդանի կերպարով ոգեւորուած՝ չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանի աշակերտները՝ Ալիս Գուրուեանի ղեկավարութեամբ, հրաշալի ձեւով բացատրեցին Վարդանանց տօնի իմաստն ու խորհուրդը: Խօսուն բեմական զարդարանքները, աշակերտների բարձր տրամադրութիւնը, նրանց գիտելիքները՝ Վարդանանց տօնի նշանակութեան մասին, մեծ ոգեւորութիւն առաջ բերեցին աշակերտների մէջ:
March 2nd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ըստ ընկալեալ աւանդութեան, ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս փառաշուք կերպով եւ ժողովուրդի ստուար ներկայութեամբ, Յունուարի վերջին Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն վրայ երկարող, տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս Զօրավարի եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի, զուտ հայկական բնոյթով տօնակատարութիւնը։
February 17th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
Առաջին անգամ ըլլալով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի ճամբորդական տարեկան ցուցահանդէսին՝ «Los Angeles Times Travel and Adventures Show»ին ընթացքին, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները ներկայութիւն պիտի ըլլան ցուցահանդէսին հիմնական ցուցադրասրահին մէջ
February 9th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Նկատի ունենալով, որ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Ս. Սարգիս զօրավարին տօնը յայտարարած է իբրեւ երիտասարդներու օրհնութեան օր, Ուրբաթ, Յունուար 29ին, Սուրբ Սարգիս զօրավարի նախատօնակին, Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը երիտասարդներուն պատրատած էր գեղեցիկ անակնկալ մը:
February 9th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Մկրտիչը երեք ամիսէն տասնինը տարեկան պիտի դառնար։ Երբ պատերազմը վերջանար, ան պիտի վերադառնար տուն, ուր ընտանիքը, ընկերները եւ հարազատները զինք բաց թեւերով պիտի դիմաւորէին։
February 9th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Յունուար 20, 2010ին, Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի մանկամսուրի, մանկապարտէզի, առաջին եւ երկրորդ կարգերու աշակերտները շատ հաճելի եւ օգտաշատ ներկայացում մը վայելեցին վարժարանիս «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահէն ներս։
February 2nd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Երբ ես չորրորդ դասարան էի, մեր ուսուցչուհին՝ տիկին Մարկոսեանը, հանդէս պատրաստեց մեզի համար: Իմ ընկերներս զինուորի նման հաքուած էին: Թմբուկներ կը խբէին երեխաները, որ ցոյց տային Հայաստանի ժողովուրդին մասին: Մարդիկ արուեստ ցոյց կու տային եւ իրարու գաղափարներ կը փոխանցէին: Ամէն կողմ հրդեհներ կը վառէին, որպէսզի իրենց տաք պահէին: Մենք ներկայացուցինք ինչպէս թուրքերը հայերուն սպաննեցին:
February 2nd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Նահատակները յիշելը ամէն հայու նուիրական պարտականութիւնն է, բայց յիշե՛լ՝ ոչ թէ պարապ արցունք թափելու համար, այլ անոնց գաղափարներով ներշնչուելու, անոնց իտէալին հաւատարիմ ուխտաւորները դառնալու:
February 2nd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի 9րդ կարգի աշակերտները, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Թաղում Քաջորդւոյն» բանաստեղծութեամբ ներշնչուած, հայրենասիրական ապրումներով զեղուն, իրենց սեփական կեանքն անտեսող հայ ազատամարտիկի հերոսական կեանքով հպարտացած՝ անոնց պատուական նահատակութեան մասին աշակերտական գրիչները կը շարժեն։
February 2nd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Երբ երեխան լոյս աշխարհ է գալիս, առաջինը հպւում է իր մօր կրծքին, սնւում մայրական անաղարտ կաթով եւ մշտապէս ապահով զգում իր մօր գրկում։ Ճիշդ այդպէս էլ, աշխարհով մէկ սփռուած ողջ հայ ժողովուրդը կարիք ունի հպուելու Մայր եկեղեցուն, ապաւինելու Աստուծոյ ողորմութեանը, սիրուն։ Մայր հայրենիք։ Մայրենի լեզու։ Մայր եկեղեցի։ Այս երեք վեհ ու մեծ միութեան մէջ է եւ, ամենակարեւորը, հաւատքն է, որ Աստուած կանգուն ու աներեր է պահում ազգը, հայրենիքը, եկեղեցին եւ վերջապէս՝ անհատը։
January 26th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հոլիվուտի մարդահամարի գրասենեակը, որ արդէն իսկ Յունուար 21էն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու այս տարուան մարդահամարին հետ կապուած սպասարկութիւններ կը տրամադրէ, տեղեկացուց, թէ աշխատանքի կարելիութիւններ գոյութիւն ունին Հոլիվուտի տարածաշրջանէն ներս:
January 26th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Դար մը ծառայութեան սեմին, հայ կնոջական բարեսիրական եւ աշխարհացրիւ Հայ օգնութեան միութիւնը, իր մասնաճիւղերով ու մեկուսիներով, կը փորձէ արժանավայել հանգամանքով ոչ միայն տօնախմբել կազմակերպութեան 100ամեակը, այլ նաեւ նոր ծրագիրներ մշակել ու քարոզչական իր աշխատանքներով անգամ մը եւս ուխտել կառչած մնալ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր նշանաբանին։
January 26th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Տօներուն սկիզբը մեծ ոգեւորութիւն առաջ բերեց դպրոցում եւ աշակերտների շրջանում։ Անհամբեր սպասումը Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդի խանդավառութիւնը զգալի էր աշակերտների աչքերում։ Շուտով դասերը թեկուզ կարճ ժամանակով ընդհատուելու են եւ Նոր տարին նոր խնդութեամբ ներս է մտնելու իւրաքանչիւրի տունն ու հոգին։ Կաղանդի միջոցառումը հէնց այդ ոգեւորութեան սկիզբն էր
January 26th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Այս օրերին մարդիկ ուրախ եռուզեռի մէջ են։ Կարծես մի իւրայատուկ ոգեւորութիւն եւ լոյս է իջել բոլորի վրայ։ Ի՞նչն է այս ուրախութեան ու եռուզեռի նպատակը, ո՞րն է Ծնունդի իմաստը։ Ինքը՝ մեր Աստուածը, մարդկութեան համար ու մարդկանց մէջ ծնուեց եւ յայտնուեց իբրեւ լոյս ու լոյսի աղբիւր։ Ահա այս է պատճառը, որ քաղաքներն ու գիւղերը, փողոցներն ու ծառերը, բակերն ու տները զարդարում ենք լոյսերով։
January 19th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Յունուար 28էն Ապրիլ 18ին, Լոս Անճելըս քաղաքի «Պարնզտըլ» ցուցադրասրահին մէջ կայանալիք խմբային ցուցահանդէսին մասնակիցներէն մէկն է լուսանկարիչ Արա Օշականը, որ պիտի ցուցադրէ անչափահաս բանտարկեալներու նուիրուած իր գործերէն մաս մը, ինչպէս նաեւ անոնց գրութիւններն ու ստեղծագործութիւնները:
January 19th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Մենք մեր դասարանով այցելեցինք Արարատ ՀՕՄի ծերանոցը Դեկտեմբէր 16, 2009ին: Շատ ուրախ էի, որ պիտի գնայինք ու պապիկներն ու տատիկները ուրախացնէինք Նոր Տարուան առիթով:
January 19th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Դեկտեմբեր 21ին, «Ֆերահեան» վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհի՝ Ազատուհի Ղազարեանին, այցելեցին «Ասպարէզ»-«Հորիզոն» հաստատութեան շէնքը եւ հանդիպեցան անձնակազմի անդամներուն:
December 29th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի առաջին դասարանի աշակերտները կը սպասեն Կաղանդ Պապային անհամբերութեամբ, մինչ իրենց մանկական վառ երեւակայութեամբ կը նկարագրեն կաղանդ պապան իրենց բառերով ու խօսքերով։
December 29th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ամէն տարի, աւանդութիւն դարձած գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, 4րդ դարուն ապրած եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ազգական Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին անուան տօնը
December 22nd, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Յայտնի է, որ մարդուս գնահատումն ու արժեւորումը նրա կեանքի գործունէութեան արգասիքն է: Նրա տաղանդի եւ ունակութիւնների, աշխատասիրութեան եւ նուիրումի, ազնիւ բարոյագիտակցական կեցուածքի եւ մարդասիրութեան, յարգանքի՝ սեփական անձի եւ շրջապատի հանդէպ. այս ամէնի արդիւնքում է բնութագրւում մարդուս նկարագիրն ու կերպարը:
December 15th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Գոհաբանութեան օրուան զուգադիպող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնին նախորդող օրերուն, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանը ուրախութեամբ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախկին նախագահ պրն. Արկադի Ղուկասեանը։
December 15th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ալէք Փիլիպոսի Խորհրդատուական գրասենեակը դպրոցի Շրջանաւարտից միութեան համագործակցութեամբ Դեկտեմբեր 1, 2009ին դպրոցի մարզասրահին մէջ կազմակերպեց «Ասպարէզի օր» մը, 11րդ եւ 12րդ կարգերու աշակերտութեան համար
December 8th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ամերիկայի տարածքին՝ Նոյեմբեր ամսուան վերջին Հինգշաբթին, գոհաբանութեան տօնը, իր յատուկ յիշատակութիւնը ունի. սոյն տօնը իւրայատուկ ձեւով ընդունելութիւն գտած է՝ ամերիկահայութեան մօտ, իր խորհուրդով, եւ յատկապէս՝ ընտանիքի ու հարազատներու համախմբութեամբ՝ տօնական նախօրէի առաջին լաւագոյն առիթէն սկսեալ…
December 8th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Գոհաբանութեան օրուան զուգադիպող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Հեռուստամարաթոնին նախորդող օրերուն, Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը ուրախութեամբ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախկին նախագահ պրն. Արկադի Ղուկասեանը։
December 8th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
«Լոս Անճելըս Թայմզ»ի քաղաքապետական հարցերու թղթակից Մէյվ Ռեսթըն Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին անդրադարձած է մէկ օր առաջ տեղի ունեցած Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի երկրորդ
December 1st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին հարուստ եղած է ոչ միայն իր շարականներով եւ դէպի Արարիչը ուղղուած աղօթքներով, այլ նաեւ նոյն այդ շարականներն ու աղօթքները յօրինող վանականներով, հոգեւորականներով, զորս, այս մեծ գործին առ ի երախտագիտութիւն, մեր ժողովուրդը սուրբերու դասին շարած է իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին:
December 1st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղէն 18 սկաուտներ մասնակցեցան Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին սկսած արշաւ-բանակումին, որու նպատակներէն էր նկարագրի կերտում, խմբային աշխատանքի վարժութիւն, ընկերային կապերու հաստատում, մասնաճիւղին մէջ սորված գիտելիքներուն գործադրութիւն եւ հաճելի պահերու ապահովում:
November 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի հրաւէրով, անցեալ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասնակցելու եկած էին եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Հոգաբարձութեան կազմը
November 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հայոց պատմութեան մեջ մշտապէս կողք կողքի են դրւում երկու կարեւոր հասկացութիւններ Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանի հանրապետութիւնը: Մեր պատմական հայրենիքի այդ անբաժանելի մասը մշտապէս մաքառման ու դաժան պայքարի ուղի է անցել
November 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հանրագիտակ «Լոյս»ը՝
Ամէն հայու, ամէն տարիքի եւ սեռի յարմար գիրք։
November 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հոկտեմբեր ամիսը մշակոյթի ամիս է։ Ես գաղափար մը ունիմ եւ կ՛ուզեմ ընկերներուս համոզել, որ պարուսոյց մը հրաւիրենք եւ մեզի հայկական շուրջպար սորվեցնէ, որպէսզի այս ամսուան վերջը մշակոյթի հանդէսի օրը պարենք
November 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի նորակազմ Շրջանաւարտից միութիւնը իր անդրանիկ ձեռնարկը՝ «Քազինօ տիւ Փիլիպոս» իրականացուց Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին, վարժարանին «Կարապետեան» սրահին մէջ
November 17th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Տարիներէ ի վեր քաղցր աւանդութեան մը վերածուած է՝ Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Վարժարանէն ներս Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին մշակութային զանազան ձեռնարկներով
November 17th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
վարժարանս այցելեց արուեստագէտ պրն. Մամիկոն Արութիւնեան եւ աշակերտները ծանօթացուց հայկական նուագարաններու, ինչպէս տհոլը, զուռնան, շուին, տուտուկը, սրինգն ու պարկապզուկը
November 17th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Արշակ Տիգրանեան դպրոցը ճանաչուած է իր բազմաբովանդակ միջոցառումներով, ստեղծագործ աշխատանքային առօրեայով
November 17th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2009ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, կեանքին հրաժեշտ տուաւ շրջանի համայնքի հասարակական կեանքին մէջ մեծ վաստակ ունեցող, հաւատաւոր Դաշնակցական ընկեր եւ վաստակաշատ ՀՄԸՄական Յարութիւն Բարսեղեանը, մեծ վիշտ պատճառելով իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ յատկապէս շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:
November 3rd, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Յօդուածներ, Պատկերաւոր Լուրեր, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հանրութիւնը հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու օտարագիր հայ գրողներու երրորդ համաժողովին, որ պիտի կայանայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) «Շէօնպըրկ» սրահին մէջ, Նոյեմբեր 6-7: Նշենք, որ նախորդ երկու համաժողովները կայացած էին Երեւանի մէջ (2004ին եւ 2006ին):
October 27th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Յառաջիկայ տարուան ընթացքին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու մարդահամարի սեմին, «Better Business Bureau» (BBB) հաստատութիւնը կոչ կ՛ընէ քաղաքացիներուն, որպէսզի գործակցին մարդահամարի պաշտօնեաներուն եւ կամաւորներուն հետ, միաժամանակ զգոյշ ըլլալով, որ ինքնութեան գողերու զոհ չդառնան։
October 27th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Այս տարուան ՀԵԴի Ողիմ-պիական խաղերը տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 27-29ի շաբաթավերջին, Սան Տիէկոյի «Paradise Point Resort and Spa»ի մէջ, (1404 W. Vacation Rd.), կազմակերպութեամբ ՀԵԴի Կլէնտէյլի «Ռուբէն» ուխտին:
October 27th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Քալիֆորնիոյ իրաւական հարցերուն նուիրուած «Տէյլի Ճըրնըլ»ի մէջ գրելով, Սթէն Կոլտմըն Հոկտեմբեր 22ին հարցականի տակ առած է դաշնակցային 9րդ շրջանային վճռաբեկ ատեանի այն որոշումը,
October 27th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
«Համազգային»ի «Անի» Պարախումբի 35ամեակի Ելոյթը
October 13th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը գործէ Կիրակնօրեայ վարժարանը, առաւօտեան ժամը 11էն կ.ե. ժամը 12։30, փոքրերու (4-14 տարեկան) եւ պատանի-երիտասարդներու (15-25 տարեկան) համար:
October 13th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Մշակութային ամսուան գաղութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս, «Մաշտոց» քոլէճը կազմակերպած է իւրայատուկ ցուցահանդէս մը
October 13th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
«Ասպարէզ»ի Օգոստոս 25, 2009 թուի «Օրը Օրին» օգտաշատ սիւնակում, Աբօ Պողիկեանի գրչին պատկանող «Հեղինակային Լեզուով» վերնագրութեամբ տպագրուած էր մի ակնարկ,
October 13th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Դիւանագրական յարաբերութիւններու հարցը սկսաւ ֆութպոլային խաղերով, ուր նախագահ Սարգսեան հրաւիրած էր Թուրքիոյ նախագահը, եւ որուն հետեւանքները շատ գէշ ազդեցութիւն ունեցան հայ ժողովուրդին համար,
October 6th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
«Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութենէն ստացուած հաղորդագրութեամբ մը կ՛իմանանք, որ Հիւսիսային Ամեիկայի եւ Գանատայի
October 6th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Հայ թրքական յարաբերութիւններու հարցը համահայկական բնոյթ ունի։ Հայաստան-Թուրքիա սահմանները բացուելու նպատակին իրագործումը պարտադիր դարձաւ մանաւանդ անցեալ տարուան Ռուսիա-Վրաստան պատերազմէն ետք, երբ Վրաստանի անկայուն վիճակը պարբերական անելներու մատնեց Հայաստանի ներածումներուն եւ արտածումներուն շուրջ եօթանասուն տոկոսը
October 6th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Անցեալ տարի տեղի ունեցած ժամանակակից արուեստի «Եդէմէն անդին» («Beyond Eden») անդրանիկ փառատօնի յաջողութենէն ետք, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ նման փառատօն մը:
October 6th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
«CreateSpace» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Լոս Անճելըսի բնակիչ Էմիլի Մարութեանի «A Second Opinion» հատորը: 286 էջնոց թղթակազմ հատորը իմաստասիրական քննարկում մըն է կեանքի ու մարդկային վարուելակերպին մասին
October 6th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Կիրակի, Սեպտեմբեր 13ին, երեկոյեան ժամը 6ին
September 22nd, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի (ՍԹՎ) հիմնադրութեան 80ամեակին առթիւ, ՍԹՎի (Հիւսիսային Ամերիկայի) Սանուց միութեան վարչութիւնս կը կատարէ կարգ մը նուիրատուութիւններ ազգային հաստատութիւններու
September 22nd, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարութ սրկ. Մարգարեանի եւ Լիլի Պալեանի
September 22nd, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »